Հոգեւոր Լսարաններ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Գեղամ արք. Խաչերեանին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանին, թաղական խորհուրդին եւ տիկնանց միութեան որոշումով տեղի ունեցան հոգեւոր լսարաններու շարք, սեպտեմբեր 6-էն մինչեւ 15 նոյեմբեր (որ պիտի շարունակուի մինչեւ 19 դեկտեմբեր), ամէն հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-11:00, եկեղեցիին մէջ:
Քաջալերական եղաւ առաջին օրուան հաւատացեալներուն ներկայութեան թիւը, որ ամէն շաբաթ աւելցաւ ու հասաւ աւելի քան 100-ի:
Ամէն անգամ ալ ներկաներ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին տէր հօր տուած իմաստալից եւ օրուան յատուկ քարոզները, որոնք միշտ հիմք ունեցան Աւետարանն ու հայու աղօթքները եւ հայ եկեղեցին: Քարոզներու նիւթերէն եղան նաեւ մեր հայրապետներուն կեանքը, գործունէութիւնները, ինչպէս` Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Գր. Նարեկացի, Կիպրիանոս, Ս. Անտոն, Ս. Գէորգ, Ս. Սարգիս եւ վերջապէս հայ եկեղեցիին կողմէ ընդունուած կարգ մը այլ սուրբերու կեանքը:
Պատեհ առիթներով բացատրեց պատարագին իմաստը, խաչակնքելու իմաստը, Ս. հաղորդութեան խորհուրդը, ուր շեշտեց, թէ կիներ պէտք է իրենց գլուխները ծածկեն, իսկ այր մարդիկ պէտք է բաց ներկայանան: Հետեւիլ Պօղոս առաքեալի խօսքերուն:
Խօսեցաւ եկեղեցիին մէջ գործածուող սպասներու մասին, հոգեւորականներու կարգին ու պաշտօններուն մասին: Նաեւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ մոմ պէտք է վառել, ինչո՞ւ երեք մատով պէտք է խաչակնքել եւ այլն:
Իւրաքանչիւր լսարանի ներկաներուն բաժնուեցաւ օրուան յայտագիրը, որպէսզի միասնաբար կատարուին աղօթքներու սաղմոսներու եւ Ս. Գիրքի ընթերցումները եւ շարականներու երգեցողութիւնը:
Իւրաքանչիւր լսարանի ներկաներուն նուէր տրուեցաւ խտասալիկ, աղօթքներու շարք, փունջ մը սաղմոսներ, չորս աւետարանիչներ, կոմիտասեան եւ Մակար Եկմալեան պատարագ, սրտառուչ շարականներ եւ այլն:
15 նոյեմբեր, հինգշաբթի, 11-րդ լսարանին օրն է: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր բազմազբաղ ժամերէն քանի մը ժամ տրամադրեց նաեւ մեզի, որպէսզի սոյն լսարանին ներկայ գտնուի եւ իր ներկայութեամբ առաւել քաջալերէ մեր հաւատացեալները եւ ներշնչէ բոլորին հայու հաւատքը եւ աստուածային սրբութեան զօրութիւնը:
Լսարանին ներկայ էին աւելի քան 100 հաւատացեալներ:
Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան իր բարի գալուստի խօսքէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որ հրաւէրին ընդառաջեց, եւ անկասկած իր ներկայութեամբ պիտի քաջալերէ բոլորը եւ իր խրատական խօսքերով մեզ առաւել կապէ մեր հաւատքին, մեր եկեղեցիին:
Սրբազան հայրը շնորհաւորեց բոլորը, որ այսպէս մեծ թիւով եւ ջերմեռանդութեամբ ներկայ կ՛ըլլան լսարաններուն, ու ըսաւ` «Շարունակեցէք, մի՛ կենաք»:
Ապա իր պատգամին ու քարոզին անցնելով` ըսաւ որ` «մեր այսօրուան նիւթին առանցքն է «մտածումի առիթ»-ը: Օրինակ տուաւ Քրիստոսի առակներէն Ղազարոսի քոյրերուն մտածումներուն տարբերութիւնը եւ ըսաւ, որ այսպիսի օրինակներ շատ կան: Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել: Անտարբեր եւ կամ տակնուվրայ եղող անձեր շատ կան: Դուք ներկայ էք լսարանին, իսկ ուրիշներ անտարբեր են: Օրինակներու շարքը շատ է:
Բացատրեց հաղորդութեան խորհուրդը եւ պատարագին իմաստը եւ Սուրբ Երրորդութեան իմաստը:
Ապա մեկնաբանեց «Հայր մեր»-ը տող առ տող, շատ յստակ եւ ըմբռնելի` գոհունակութիւն տալով բոլորին: Քրիստոսով հաստատուած այս աղօթքը ամբողջութեամբ իմաստալի դարձուց մեր բոլորին:
Խօսքի աւարտին բոլորին թելադրեց չհաւատալ կախարդական անհիմն համոզմունքներու: Ըսաւ, որ անոնք հիմնուած են սատանայի գործին վրայ: Հեռո՛ւ կեցէք այդ չար ու կեղծ կախարդական համոզմունքներէն. բոլոր գործերէն: Ամո՛ւր մնացէք ձեր հաւատքին վրայ: Աստուծոյ զօրութեան ապաւինեցէք եւ ձեր կեանքը լեցուցէք աղօթքով: Աղօթքով կը յաղթենք չարին:
Սրբազանը իր խօսքի աւարտին դարձեալ գնահատեց ներկաները եւ շնորհաւորեց բոլորը ու դարձեալ ըսաւ` «Շարունակեցէ՛ք»:
«Տէ՛ր, ողորմեա»-էն ետք բոլոր ներկաները բարձրացան խորհրդատուն` տիկնանց յանձնախումբին հրաւէրով: Առաւօտեան նախաճաշի հրաւէր կար: Քանի մը ժամ «հաճելի պահ»` սրբազան հօր եւ տէր հօր ներկայութեամբ:
Վարձքերնին կատար բոլորին, յատկապէս յոգնիլ չգիտցող տիկնանց միութեան:
Յատուկ շնորհակալութիւն` եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քահանային, որուն աստուածային սիրոյ մղիչ ուժը այսպիսի բազմութիւն մը ամէն հինգշաբթի կ՛առաջնորդէ հոգեւոր լսարաններու:
Ներկաներ շնորհակալութեան անկեղծ արտայայտութիւններով բաժնուեցան պահէն` խոստանալով ներկայ գտնուիլ 20 նոյեմբեր, երեքշաբթիի ծրագրին` «Այցելութիւն Անթիլիասի «Կիլիկեան թանգարան»-ը, «Գիրքի վաճառքին եւ աղօթք մայրավանքին մէջ եւ ապա նախաճաշ «Եասմին» գեղեցիկ ճաշարանին մէջ:
Լ. Թ.

