Հաղորդագրութիւն

Ու­րա­խու­թեամբ կ՛ու­զենք ծա­նու­ցել, որ վեր­ջերս մեզ­մէ առ­յա­ւէտ բաժն­ուած լի­բա­նա­նա­հայ ծա­նօթ երա­ժիշտ Արա Քե­քեճ­եա­նի քրոջ նուի­րա­տուու­թեամբ, «Թո­րոս Ռոս­լին» կեր­պար­ուես­տի դպրո­ցը ամ­բող­ջա­կան վե­րա­նո­րոգ­ման ու բա­րե­լաւ­ման
են­թարկ­ուե­ցաւ: «Լե­ւոն Շանթ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի «Թո­րոս Ռոս­լին» կեր­պար­ուես­տի դպրո­ցը ար­դէն կը գոր­ծէ նոր տեսք ու կեր­պա­րանք ստա­ցած իր կեդ­րո­նա­տեղի­ին մէջ` «Արա Քե­քեճ­եան յարկ» ան­ուան տակ:

Այս առի­թով շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք մեր բա­րե­րա­րին, որ իր եղ­բօր յի­շա­տա­կին կա­տար­ուած նուի­րա­տուու­թեամբ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ Հա­մազ­գա­յի­նի մշա­կու­թա­յին առա­քե­լու­թեան` մե­ծա­պէս թե­թեւց­նե­լով մեր ու­սե­րուն ծան­րա­ցած նիւ­թա­բա­րո­յա­կան բե­ռը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 20 նոյեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES