Համազգայինի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղ. Անի Քաղաքի Պատմամշակութային Արժէքը Ներկայացնող Օգտաշատ Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան կեդրոն»-ի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անի` 1001 եկեղեցիներու քաղաքը» նիւթով դասախօսական երեկոն:
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սեդա Խտըշեան, որ նշեց, թէ օրուան դասախօս դոկտ. Արտա Էքմեքճի Հայկազեան համալսարանի Գիտութեանց եւ արուեստի ամպիոնի վարիչն է 1998-էն ի վեր, 2000-ին Հոլանտայի Քլաուս իշխանի անուան հիմնարկութեան կողմէ արժանացած է «բարձր մշակոյթի տէր» տիտղոսին, 2002-ին Լիբանանի Առաջին տիկին Անտրէ Լահուտի կողմէ գնահատուած է իբրեւ կին ակադեմական եւ 2009-ին նշանակուած է Լիբանանի պետական ընտրական վերահսկիչ յանձնախումբի անդամ: Խտըշեան աւելցուց, որ դոկտ. Էքմեքճի հեղինակն է բազմաթիւ յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ ամբողջական կերպով ներկայացուց 1001 եկեղեցիներու քաղաք Անիի պատմամշակութային արժէքը:
Էքմեքճի ըսաւ, որ այսօր Անին լքուած քաղաք մըն է, որ չունի բնակչութիւն, եւ ուր հասնելու համար պէտք է Կարսի ոստիկանատունէն առնել արտօնագիր մը: Դասախօսը նշեց, որ 1892-ին սկսած Անիի պեղումներու աշխատանքը արդիւնաւոր էր, սակայն 1992-ին Թուրքիոյ «պեղումները» էապէս ծառայեցին քաղաքի հայկականութեան տուեալներու փճացման: Ան յայտնեց, որ բնութիւնը նուազ վնաս կը գործէր, մինչ Թուրքիոյ նորոգութիւնները աւելի արագ կերպով փոփոխութեան ենթարկեցին ճարտարապետական կառոյցներուն իսկական դիմագիծը:
Դոկտ. Արտա Էքմեքճի սահիկներուն ընդմէջէն կատարեց Անիի մէջ շրջապտոյտ մը` ծանօթացնելով եկեղեցիներու, բերդերու եւ իրերու հարստութիւնները:
Իր խօսքի աւարտին Էքմեքճի ըսաւ, որ օրէ օր Անին մինակ կը մնայ եւ կարիքը ունի հայութեան տիրութեան եւ հոգատարութեան:
Զեկուցումէն ետք ներկաները հարցումներու ընդմէջէն նիւթին շուրջ լուսաբանութիւններ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան:

