Անդրադարձ. Մեր Երգ Երգոցը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Վանայ Ձայն»-ի գործակցութեամբ կազմակերպուած «Երգ երգոց» երգի մրցանքին երկրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր 2012-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ` ի ներկայութեան հանդիսասրահը լեցուցած հանդիսականներու, որոնց մեծ մասը` երիտասարդներ:
Մրցակիցները վեց երգիչներ էին: Անոնք ներկայացուցին իւրաքանչիւրը երկու երգ, առաջինը` աշուղական, երկրորդը` ժողովրդային:
Դատական կազմի անդամները` Ատիս Հարմանտեան, Շողիկ Թորոսեան եւ Պարգեւ Թասլաքեան, ներկայ էին իրենց կարծիքներն ու թելադրանքները ներկայացնելու:
Գեղեցկօրէն յարդարուած բեմ, գործ` դերասան Վարդան Մկրտիչեանի: Ջերմ մթնոլորտ կը տիրէր սրահին մէջ` հետաքրքրութեամբ իմանալու, թէ որո՞նք պիտի ըլլային երկու երգողները, երկու յաղթականները` մեկնելու Երեւան եւ մասնակցելու հայրենական «Երգ երգոց» յայտագիրին:
Հանդիսութեան հաղորդավարներ` Վարդան Ազնաւորեան եւ Փաթիլ Տէտէեան, ջանացին ստեղծել հաճելի եւ հաղորդական մթնոլորտ: Այս պարագային կարելի էր մտածուած հարցումներ ուղղել երգիչներուն: ՀԻՒՄԸՐ-ը հաճելի է եւ իմաստութեան համեմը, ինչ որ կը բացակայէր:
Յայտագիրի առաջին մասով ներկայացուած աշուղական երգերուն հեղինակները յիշուեցան: Տրուած ըլլալով, որ մեր աշուղները իրենց երգերուն խօսքին եւ երաժշտութեան հնարողներն են, բաւարար էր յիշատակութիւնը աշուղին: Լսեցինք Սայաթ Նովայի, Աշուղ Շերամի, Աշուղ Աշոտի հեղինակութիւնները` միշտ սրտառուչ եւ առինքնող:
Ինչ կը վերաբերի յայտագիրի երկրորդ մասին, ժողովրդային երգերու հեղինակները գրեթէ չյիշուեցան: Հարկ է նկատի առնել այս կէտը, գոնէ յիշեցնելու համար ներկայ հանդիսականներուն, թէ որո՞նք էին երգերուն խօսքերը գրող բանաստեղծները եւ յօրինող երաժիշտները: Այս կը շեշտենք, որովհետեւ ներկայ օրերուն, երբ ընթերցանութեան փափաքը նահանջած է մեր մէջ, կարելի էր անոնց անուններուն յիշատակումով փոքր չափով արժեւորէինք զանոնք` ներկաներուն ականջին յաւելեալ գիտելիք մը լսելի դարձնելով.
Ժողովուրդին կարծիքը նկատի պիտի առնուէր 15 առ հարիւրով:
Հանդիսութիւնը ունեցաւ նաեւ հիւր երգիչներ. Հայկանա Մուրատեան երգեց ընկերակցութեամբ տուտուկահար Յակոբ Քելուկեանի:
Երգերու ընտրութիւնը կարգ մը երգիչներու համար լուրջ ընտրանքի արդիւնք չէր, բայց քանի որ «վատ երգ չկայ»-ի մեղմացուցիչ միտքը ընդունուեցաւ, կարելի եղաւ յաջողութեան եզր մը գտնել:
Դատական կազմի անդամները` երգիչ Ատիս Հարմանտեան տուաւ իր փորձառու երգիչի թելադրանքները, դասական երգի մեկնաբան երգչուհի Շողիկ Թորոսեան նոյնպէս եղաւ մտածուած մատնանշումներ կատարող, ուղղութիւն տուողը, տաղանդաւոր խմբավար Պարգեւ Թասլաքեան կատակախառն նշմարներով որակումներ փոխանցեց իւրաքանչիւրին` մեկնելով «անկեղծութեան» հաւատամքէն:
Մրցանքի աւարտին կարճատեւ դադար մը տրուեցաւ արդիւնքներու յայտարարութեան սպասումով: Այս պահուն բեմ հրաւիրուեցաւ ժողովրդային երգիչ Կարօ Կապուտակեան, որ կատարեց երգ մը:
Պիտի ընտրուէր երեք յաղթական, բայց նկատի առած Վարանդա Եագուպեանի ստացած աննշան թիւի տարբերութիւնը, իրաւունք տրուեցաւ անոր ըլլալու չորրորդ մրցակից` վերջին աւարտական մրցանքին մասնակցելու կիրակի, 25 նոյեմբերի երեկոյեան, նոյն սրահին մէջ եւ նոյն ժամուն: Արդա՞ր էր արդեօք: Մենք գիտենք, թէ մարզական մրցումներուն նկատի կ՛առնուի նոյնիսկ մէկ երկվայրկեան ուշ հասնողը: «Հարկ օրէնքը կը լուծէ» փափկանկատութիւնը ի զօրու դարձաւ, գուցէ իրաւացի…
Ամէն պարագայի, հայ երգի ծաղկումին համար հիանալի հանդիպումներ եղան այս մրցանքները:
Կիրակի օր իրարու հետ մրցելու իրաւունք ստացան աննման երգչուհի Ալիս Իփրաճեան, Պօղոս Մալեան, Յարութ Լափաճեան եւ Վարանդա Մուրատեան:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կարեւոր եւ օգտաշատ իրագործում մը յաջողութեամբ պսակեց:

