Արամ Ա. Կաթողիկոս Եգիպտոսի Մէջ
Հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Գահիրէ, անձամբ շնորհաւորելու ղպտի եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Թէոդորոս Բ.ը: Վեհափառ հայրապետին ընկերացան Սեպուհ արք. Սարգիսեան (Առաջնորդ Թեհրանի հայոց), Նարեկ արք. Ալեէմեզեան (Միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ) եւ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան (Գաւազանակիր):
Օդակայանին մէջ վեհափառ հայրապետը դիմաւորելու եկած էին ղպտի պատրիարքին ներկայացուցիչները:
Ողջունելով Թէոդորոս Բ.ի ընտրութիւնը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց ղպտի եւ հայ եկեղեցիներուն դարաւոր բարեկամութեան ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը գործնապէս արտայայտելու հրամայականը:
Թէոդորոս պատրիարք ձայնակցելով վեհափառին առաջարկներուն անդրադարձաւ վեհափառին երկար տարիներու ձեռք ձգած փորձառութեան միջեկեղեցական մարզին մէջ եւ իր կարգին ընդգծեց ընդհանրապէս արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքին եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ միջեկեղեցական գործակցութեան նոր մղում տալու կարիքը:
Կէսօրին պատրիարքը ի պատիւ վեհափառ հայրապետին տուաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ եղան շուրջ 50 հոգի, արքեպիսկոպոսներ եւ աշխարհականներ: Ճաշի ընթացքին, վեհափառը առիթը ունեցաւ աւելի մտերիմ զրոյց ունենալու պատրիարքին հետ, յատկապէս Եգիպտոսի ներքին կացութեան մասին: Յայտնենք, որ նոյն օրը ղպտի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցած էր Եգիպտոսի նախագահին եւ Ազհարի միւֆթիին հետ: Նոյն օրն իսկ վեհափառ հայրապետը վերադարձաւ Անթիլիասի մայրավանքը:

