Եգիպտոսի Մէջ Նախագահ Մուրսիի Կողմէ Իշխանութեան Կեդրոնացման Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Ցուցարարները` Գահիրէի Թահրիր հրապարակին վրայ

Երէկ Եգիպտոսի մէջ ընդդիմադիր ղեկավարներու հրաւէրով ցոյցեր տեղի ունեցան: Ցուցարարները կը բողոքէին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի կողմէ հրապարակուած հրամանագիրին դէմ, որ նախագահին մեծ իրաւասութիւններ կու տար:

Ըստ հրամանագիրին, նախագահին որոշումները որեւէ իշխանութեան, ներառեալ` արդարադատութեան կողմէ կարելի չէ չեղեալ նկատել: Անիկա նաեւ ճամբայ կը հարթէ 2011-ին նախկին վարչակարգին դէմ ըմբոստութեան ընթացքին տեղի ունեցած սպանութեանց համար դատապարտուած անձերը վերստին դատելուն առջեւ:

Մուրսիի քննադատները անոր քայլը մերժեցին` իբրեւ «օրինականութեան դէմ յեղաշրջում» մը:

Ընդդիմադիր ղեկավարներ Սամեհ Աշուր, Մոհամետ Պարատեհի եւ Ամր Մուսա նախագահ Մուրսին ամբաստանեցին «կառավարութեան երեք թեւերը սեփականացնելու» յանցանքով:

Աղեքսանդրիոյ մէջ ցուցարարներ ներխուժեցին Իսլամ եղբայրներու տեղւոյն կեդրոնը եւ հրկիզեցին զայն: Նոյն ճակատագիրիս ենթարկուեցան նաեւ Իսլամ եղայրներու Փոր Սայիտի եւ Սուեզի կեդրոնները:

 

Share this Article
CATEGORIES