«Զինադադարը Կրնայ Որեւէ Պահու Համասի Կողմէ Խախտուիլ» Ըսաւ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փաքիստանէն Թուրքիա վերադարձի ճամբուն ընթացքին` խօսելով Կազայի մէջ հաստատուած զինադադարի մասին, պնդած է, որ զինադադարը կրնայ որեւէ պահու Համասի կողմէ խախտուիլ` աւելցնելով, որ «ես որեւէ պահու անակնկալ կերպով կրնամ Կազա մեկնիլ»:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Կազայի դէմ յարձակումին սկիզբը զօրակոչի ենթարկուած իսրայէլացի պահեստի զինուորները տուն ուղարկելու հոլովոյթը ընթացք առած է եւ քանի մը օրէն պիտի աւարտի:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Եիկալ Փալմոր յայտնեց, որ «Իսրայէլի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ բանակցութիւնները, որոնք Եգիպտոսի մէջ կատարուեցան, մեզի համար դժուար էր»: Ան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի անփորձութեան եւ այսպիսի բանի մէջ առաջին անգամ մուտք գործելուն պատճառով էր, որ բանակցութիւնները երկարատեւ եղան»` նշելով, որ «Համաս սկիզբէն ի վեր պատրաստ էր Իսրայէլի հետ զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու, սակայն Ժիհատ Իսլամին, որ Իրանէն կը ղեկավարուի, ընդդիմացաւ համաձայնութեան, ինչ որ բանակցութիւնները դժուար եւ յոգնեցուցիչ դարձուց»:

Փալմոր նաեւ նշեց, որ «Թուրքիա զինադադարի հաստատման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ` Համասի հետ համակարգում կատարելու ճամբով, ինչպէս նաեւ համաձայնութեան գոյացման առումով բանակցութեանց մէջ անոր դերակատարութիւնը դրական էր»:

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը նշէ, որ զինադադարի հաստատումէն ետք Համաս եւ Իսրայէլ 8-օրեայ պատերազմին մէջ իրենց յաղթանակը յայտարարեցին: Ըստ օրաթերթին, իսրայէլացի պաշտօնատարները կը յայտնեն, որ իսրայէլեան բանակը յաջողած է գործողութեան սկիզբը Համասը զրկել իր 11 հազար հրթիռներէն  եւ այդ հրթիռներու մարտկոցներէն:

Միւս կողմէ, Vesti.ru կայքէջը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ապահովական ուժերը ձերբակալած են Թել Աւիւի մէջ փոխադրակառքի ականահարման պատասխանատուները: Անոնք ձերբակալուած են Ռամալլայէն ոչ հեռու` փոխադրակառքի ականահարումէն քանի մը ժամ ետք:

Իսրայէլեան յատուկ ծառայութիւնները այդ մասին յայտնած են հինգշաբթի երեկոյեան` նշելով, որ ականահարման գործողութեան հեղինակը Իսրայէլի արաբ քաղաքացի մըն է: Անոր գործընկերներուն ստոյգ թիւը չի նշուիր, սակայն կը հաղորդուի, որ բոլոր ձերբակալեալները խոստովանած են իրենց մեղքը: Անոնք կապ ունեցած են Համաս շարժումին հետ:

Նշենք, որ պաղեստինեան բժշկական աղբիւր մը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով Կազայի մէջ արձանագրուած է 160 զոհ եւ 1222 վիրաւոր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES