«Ռուսիա Սուրիոյ Հետ Թուրքիոյ Սահմանին Վրայ «Փաթրիոթ»-Ներու Տեղակայման Դէմ Է» Յայտարարեց Լաւրով
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փաքիստանէն վերադարձի ճամբուն վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու թուրք-սուրիական սահմանին վրայ տեղակայման եւ այդ հարցին վերաբերեալ Ռուսիոյ կեցուածքին, յայտարարած է, որ այս հարցին գծով Ռուսիոյ դիրքորոշումը ճիշդ չէ, իսկ հրթիռները միայն պաշտպանական նպատակ ունին:
Նշենք, որ Ռուսիա այդ հարցով Թուրքիան զգուշացուցած էր եւ անոր կոչ ուղղած Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման համար աշխատելու: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած էր, որ «թուրք-սուրիական սահմանի ռազմականացումը մտահոգիչ ցուցանիշ մը կը նկատուի: Մեր թուրք գործընկերներուն ուղղուած մեր խրատը հետեւեալն է. սուրիական ընդդիմութեան մօտ իրենց ազդեցութիւնը օգտագործել` կարելի եղածին չափ շուտ սուրիական կողմերուն միջեւ երկխօսութեան հասնելու համար»: Ան աւելցուցած էր, որ «ՕԹԱՆ-ի մեր գործընկերներուն պատասխանին պիտի նայինք»: «Այսպիսի քայլերը անշուշտ (Սուրիոյ տագնապին) քաղաքական արագ լուծումի մը առնչութեամբ լաւատեսութիւնը չեն աճեցներ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին երէկ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտարարեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ «Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման դէմ է: Ան նաեւ «թուրք-սուրիական սահմանին վրայ գրգռիչ արարքներու առնչութեամբ մտավախութիւն» յայտնեց:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Թուրքիոյ (ՕԹԱՆ-էն) պահանջածները պաշտպանողական բնոյթի համակարգեր են, եւ Ռուսիա պէտք չէ անոնցմէ մտահոգուի»` աւելցնելով, որ «համակարգերուն բնոյթը ծանօթ է բոլորին, մասնաւորաբար` Ռուսիոյ»:
Նշենք նաեւ, որ գերմանական պատկերասփիւռի առաջին կայանին խնդրանքով կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, որ գերմանացիներուն 59 առ հարիւրը դէմ է Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հրթիռներու տեղակայման եւ զայն սխալ կը նկատէ, իսկ 36 առ հարիւրը անոր թեր է: Հարցախոյզը կը նշէ, որ այդ քայլը գերմանական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած կուսակցութեանց, ներառեալ` վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած կուսակցութեան համակիրներուն մեծամասնութեան մօտ զօրակցութիւն չի վայելեր:
Էրտողան յայտարարած է, որ Իրան Սուրիոյ հարցով ետքայլ չ՛ըներ, իսկ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը լուրջ քայլերու չեն ձեռնարկեր: Ան նաեւ հաղորդած է, որ Փաքիստանի եւ Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի մեկնին Դամասկոս` հանդիպում ունենալու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: «Սուրիոյ խնդիրը քննարկելու համար անոնք նաեւ Թուրքիա պիտի գան: Քանի անոնք ուզեցին այդ գործը ստանձնել, մենք ատիկա դրական կերպով ընկալեցինք», ըսած է ան:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիա, Լիբանան եւ Թուրքիա իր կատարած շրջապտոյտը շատ կարեւոր էր` շեշտելով, որ այդ այցելութիւնները նշեալ երկիրներու ղեկավարներուն հետ շրջանային ամէնէն կարեւոր հարցերուն շուրջ երկխօսութիւն կատարելու համար էին:
Ան անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ իրանեան դերակատարութեան ըսաւ, որ «Իրան Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներ կատարելու եւ իսկական ժողովրդավարութիւն հաստատելու ջանքերուն կը զօրակցի եւ որեւէ արկածախնդրութեան դէմ է»: Ան ցաւ յայտնեց, որ ոմանք բարեփոխումներու պիտակին տակ ապահովութեան եւ կայունութեան քայքայում կը կատարեն` նշելով, որ անոնք «պիտի չյաջողին»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատու աղբիւր մը քաթարական ՔԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Քաթար սուրիական յեղափոխական եւ ընդդիմադիր ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինէն խնդրեց Տոհայի մէջ դեսպան մը նշանակել»` նշելով, որ քաթարեան դիմումին նպատակը այդ մարմինի նպատակներուն ամրապնդումն է:


