«Զէնքերը Վար Դնող Քիւրտ Ահաբեկիչները Պիտի Կարենան Լքել Երկիրը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փաքիստանէն վերադարձի ճամբուն վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտ ճամբան ոչ թէ զէնքերը լռեցնելն է, այլ զանոնք մէկ կողմ ձգելը: Եթէ զէնքը ահաբեկիչի ձեռքն է, ան ամէն պահու կրնայ կրակել: Երբ անոնք զէնքերը ձգեն, օրակարգին վրայ կրնայ յայտնուիլ պետութենէն հեռանալու տարբերակը», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES