Ռաատ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Ոչինչ Պիտի Կարենան Իրականացնել, Եթէ Անոնք Առանց Փոխըմբռնումի Սկզբունքներուն Գործեն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ ոմանք կը փափաքին Լիբանանի կառավարութիւնը ձախողեցնել պարզ այն պատճառով, որ իրենք կը փափաքին իշխել Լիբանանին:

Ռաատ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ոչինչ պիտի կարենան իրականացնել, եթէ անոնք առանց փոխըմբռնումի սկզբունքներուն գործեն:

Ռաատ կոչ ուղղեց ազգային երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան` շարունակելու համար երկրին պետական հաստատութիւններուն աշխատանքն ու պետութիւնը կերտելու առաքելութիւնը:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը տապալել փորձող ընդդիմադիր ուժերը երկխօսութենէ բացի այլընտրանք չունին:

 

Share this Article
CATEGORIES