Բանակը Բացայայտած Է Լարուած Երրորդ Հրթիռ Մը
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ անծանօթ կողմեր Մերժահիունէն արձակած են հրթիռներ, որոնք ինկած են 7 քիլոմեթր անդին` լիբանանեան հողերուն վրայ:
Լիբանանեան բանակին միաւորները Խիամի եւ սահմանամերձ շրջանին մէջ իրենց ներկայութիւնը խստացուցին, իսկ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը աւելի աշխուժ դարձաւ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը նախանցեալ առաւօտ Մերժահիունի մէջ բացայայտած է լարուած այլ հրթիռ մը եւ յաջողած է վնասազերծել զայն` շնորհիւ իր սակրաւորներուն:
Ապահովական այս միջադէպին մասին արդէն իսկ հետաքննութիւն բացուած է դատական համապատասխան ատեանին կողմէ:
CATEGORIES Լիբանանեան

