«Պաղեստինցիները Ինքնապաշտպանութեան Բոլոր Միջոցները Օգտագործելու Իրաւունք Ունին» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք խորհրդակցելէ ետք իշխանութեան երեք պետերուն հետ, ներկայացուցած է նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն է լիբանանեան ներքին քաղաքական լարուածութեան եւ սադրանքներուն վերջ տալ, ինչպէս նաեւ սկսիլ ազգային երկխօսութեան մը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս չի կազմեր, որ մասնակցի խորհրդարանի աշխատանքներուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումին, ինչպէս նաեւ կը մերժէ այն ամբաստանութիւնները, թէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին սպաննած է հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը:
Մուսթաքպալ հոսանքին մասին խօսելով` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է վերադառնայ եւ իր հօր դերակատարութիւնը ստանձնէ` սիւննի չափաւորականութիւնը ի գործ դնելու իմաստով:
Ժոմպլաթ ընդգծեց Լիբանանի մէջ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը:
Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն ակնարկելով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ պաղեստինցիները ինքնապաշտպանութեան բոլոր միջոցները օգտագործելու իրաւունք ունին:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ Մուխթարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները եւ Ժոմպլաթի առաջարկած նախաձեռնութիւնը:
Ուահապ ողջունեց եւ արժեւորեց այս նեղ կացութեան ընթացքին Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը:

