Հովանաւորութեամբ Ճարտարարուեստի Նախարարութեան Չափանիշերու Միջազգային Օրուան Նշում
Ճարտարարուեստի նախարարութեան հովանաւորութեամբ երէկ Վերտանի «Հոլիտէյ Ին» պանդոկին մէջ նշուեցաւ Չափանիշերու միջազգային օրը, որուն անձամբ ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանը, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական թէ անձնական մարզերու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան ընթացքին Վրէժ Սապունճեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ «Լիպնոր»-ի խորհրդանիշը ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն մօտ որակի ցուցանիշ է` աւելցնելով, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել լիբանանեան արտադրութեանց որակը պահպանելու համար:
CATEGORIES Լիբանանեան


