Փ. Մանճեան. «Եթէ Կառավարութիւնը Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձի Թղթածրարը Չփոխանցէ, Անձնասպանութիւն Գործած Կ՛ըլլայ»
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ յայտնեց, որ կարելի չէ մէկ կողմէ կառավարութեան աշխատանքները խաչաձեւել ու խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել եւ միւս կողմէ Լիբանանի անկախութեան ներկայ գտնուիլ:
Նախարար Մանճեան հաստատեց, որ պէտք է անպայման մասնակցիլ Ազգային երկխօսութեան նիստին:
Կառավարութեան նիստերուն անդրադառնալով` Փ. Մանճեան շեշտեց, որ տակաւին յստակ թուական մը չէ ճշդուած կառավարութեան նիստերուն առումով` աւելցնելով, որ ինք կը զօրակցի պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի թղթածրարը խորհրդարան փոխանցելու քայլին` ապահովելէ ետք աշխատավարձերու ֆինանսաւորումը:
Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութեան կողմէ աշխատավարձերու թղթածրարը խորհրդարան չփոխանցելը անձնասպանութեան համազօր է:
CATEGORIES Լիբանանեան

