Պէյրութի Մէջ. «Մենք Կը Հպարտանանք Յաղթանակներ Կերտող Լիբանանեան Ու Պաղեստինեան Դիմադրութիւններով» Շեշտեց Լարիժանի
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Սուրիա-Լիբանան-Թուրքիա շրջապտոյտին շրջագիծին մէջ երէկ կէսօրէ ետք ժամանեց Լիբանան, ուր դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանի Քպայսիի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներուն` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ իրանեան դեսպանատան պատասխանատուներուն կողմէ:
Դամասկոսէն Լիբանան ժամանած իրանցի պաշտօնատարը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութեան մէջ ընդգծեց, որ Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին յաղթանակը բոլորին ցոյց տուած է, թէ լիբանանեան եւ պաղեստինեան դիմադրութիւնները կը գոյատեւեն իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ:
«Պաղեստինցիներուն այս յաղթանակը հսկայ յաղթանակ մըն է եւ անիկա սիոնական գոյացութեան դէմ ծովաշարժ մը կը նկատուի», ըսաւ Լարիժանի:
Ապա Լարիժանի հանդիպում մը ունեցաւ պաղեստինեան խմբաւորումներու ներկայացուցիչներուն հետ եւ շեշտեց, որ Իրան հպարտ է, որ ինք դիմադրութեան շարժումներուն գլխաւոր պաշտպանն է:
«Կազայի մէջ յաղթանակը բոլոր պաղեստինցիներուն յաղթանակը կը նկատուի. անիկա յաղթանակ մըն է, որ պաղեցուցած է իրանցիներուն սիրտը», ըսաւ Լարիժանի եւ իր խօսքը ուղղելով Միացեալ Նահանգներուն նշեց, որ Կազայի պատերազմէն ետք պէտք է լաւ լսել նաեւ պաղեստինցիներուն ձայնը:
Իր խօսքը ուղղելով շրջանի երկիրներուն` Լարիժանի յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ինք նեցուկ կանգնած է պաղեստինեան դատին, որովհետեւ անկարելի է սակարկութիւններուն ընդմէջէն զօրակցիլ անոր: «Երբ պաղեստինցիներուն զինեալ օժանդակութիւն տրամադրէք, այն ատեն է, որ իսկապէս զօրակցած ու օժանդակած կ՛ըլլաք այդ դատին», ըսաւ Լարիժանի:
Ան շեշտեց նաեւ, որ լիբանանցիները դիմադրութեան ոգիի ըմբռնումին մէջ եղան առաջինները 2006-ի յուլիսեան պատերազմին յաղթանակով` շեշտելով, որ իրանցիները եւ իրանեան յեղափոխութիւնը իրենց հիմնահարցերէն կը նկատեն պաղեստինցիներուն նեցուկ կանգնելու առաքելութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Լարիժանի այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պաղեստինեան եւ սուրիական զարգացումներուն:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ Իրան առաջինն է, որ կը նախաձեռնէ դիմադրութեան ուղեգիծին զօրակցութեան եւ օժանդակութեան կը հասնի անոր:
«Միւս կողմէ, նոյն համայնքին տարբեր թեւերուն միջեւ բաժանումի հունտեր սերմանելու փորձերը թիրախ կը դարձնեն շրջանին մէջ գտնուող աւելի քան մէկ արաբական երկրի կայունութիւնը: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է ամրապնդել նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ Պըրրի:
Իր կարգին, Լարիժանի վերահաստատեց, որ լիբանանցիները եղան առաջինները, որոնք փաստեցին, թէ Իսրայէլի դիմադրելու միակ ձեւը ժիհատն է եւ ազգային գոյապայքարը:
«Կազայի բնակիչները գոյութեան այդ պայքարը մղեցին, մինչեւ յաղթանակի ապահովումը», ըսաւ ան:
Լարիժանի հաստատեց, որ Իրան կը զօրակցի շրջանի ազատագրական շարժումներուն` աւելցնելով, որ հիմնական աշխատանքն է դիմադրել իսրայէլեան գոյացութեան ծաւալապաշտական ոգիին:
«Իրան կը զօրակցի պաղեստինեան արդար դատին, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ Դիմադրութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Իրանի գնահատումը դրական է:
Երեկոյեան շուրջ ժամը 7:30-ին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ալի Լարիժանի յայտնեց, որ Իրան կը յարգէ եւ կը գնահատէ լիբանանեան եւ պաղեստինեան դիմադրութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնցմով հպարտ կը զգայ:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ Թեհրան մնայուն կերպով զօրակցած է շրջանին մէջ յեղափոխութիւններուն ճամբով ժողովրդավարութեան հաստատումին:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Իրան կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումին նպատակով ընթացող քաղաքական գործունէութեան: «Այս իմաստով մեր եւ շրջանի տարբեր երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են», ըսաւ Լարիժանի:
Լիբանանեան առումով ան ընդգծեց, որ պէտք է զօրակցիլ ազգային երկխօսութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութեան, «սակայն կան քաղաքական որոշ նպատակներ եւ փորձեր, որոնք կը միտին քանդել Լիբանանը», աւելցուց ան:
Լարիժանի նշեց, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տեսակէտներու որոշ տարակարծութիւններ կան` հաստատելով, որ Թեհրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի պաղեստինեան դիմադրութեան:
«Իսկ Սուրիոյ տագնապին համար կարելի չէ լուծում մը գտնել զինեալներուն յաւելեալ զէնք ու զինամթերք տրամադրելով», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Լարիժանիի կատարած այցելութիւնը կ՛աւարտի այս առաւօտ եւ ան Պէյրութէն կը մեկնի Թուրքիա:


