Հռոմի Մէջ Նախագահ Սլէյման – Ռայի Պատրիարք Հանդիպում

Ռայի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախանցեալ օր մեկնեցաւ Հռոմ` նախագահելու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի կարտինալական ձեռնադրութեան մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման նախանցեալ երեկոյեան ընդունեց Ռայի պատրիարքը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի` այդ արարողութեան անձամբ ներկայ գտնուելնուն համար:

Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն Ռայի պատրիարքին ի պատիւ սարքեց ընթրիք մը, որուն ընթացքին պատրիարքը մաղթեց, որ Լիբանան կարենայ դուրս գալ իրեն դէմ նիւթուող տագնապներէն:

Լրագրողներու հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը նշեց, որ իր կարտինալական նշանակումը Վատիկանէն ողջոյն մը կը նկատուի, ինչպէս նաեւ արժեւորում մը Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ անոնց արժէքին:

Լիբանանեան ներքին քաղաքական հարցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անհրաժեշտ է ընդառաջել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ազգային երկխօսութեան կոչին կամ նուազագոյնը ներքին լիբանանեան խորհրդակցութիւններ կատարել:

Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք կողմնակալութիւն չի կատարեր եւ քաղաքական ոչ մէկ խմբաւորում կը պաշտպանէ: Ան նշեց նաեւ, որ եթէ կառավարութեան կազմի փոփոխութեան կարիք կայ, ապա այդ մէկը պէտք է կատարել, սակայն առանց անիշխանութեան մատնելու երկիրը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի ստանայ կարտինալական իր խորհրդանշանը` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին նախագահութեամբ տեղի ունենալիք արարողութեան ընթացքին: Այս  արարողութեան ներկայ պիտի գտնուի 1500 հոգի հաշուող լիբանանեան ընդարձակ պատուիրակութիւն մը:

Share this Article
CATEGORIES