Լիբանանի Անկախութեան 69-ամեակի Պաշտօնական Նշում
Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին առիթով հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ կատարուեցաւ զինուորական տողանցք, որուն ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երեք պետերը, իշխանութեան նախկին պետեր, նախարարներ, երեսփոխաններ, տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետեր, օտար դիւանագէտներ, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:
Տողանցքի վայրը նախ ժամանեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ պատուոյ պահակագունդին դիմաց ողջունեց զինուորական տողանցքին մասնակիցները, ապա ժամանեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն, որուն յաջորդեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ տակաւին նոր վերադարձած էր ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութենէն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ժամանումէն կարճ ժամանակ ետք տողանքին վայրը հասաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ նախ ծաղկեպսակ մը զետեղեց եւ ապա պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ յատուկ ինքնաշարժով մը անցաւ տողանցքի պատրաստ միաւորներուն առջեւէն` ստուգելով անոնց պատրաստուածութիւնը:
Այս արարողակարգին հետեւեցաւ տողանցքը, որուն ընթացքին բանակին տարբեր զօրասիւներուն եւ բաժանումներուն անդամ զինուորներ գունդ առ գունդ տողանցեցին պատուոյ թրիպիւնին մէջ իրենց տեղերը գրաւած իշխանութեան երեք պետերուն եւ հիւրերուն դիմաց:
Տողանցքին մասնակցեցան նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու, ընդհանուր ապահովութեան սպասարկութեան, մաքսատնային ոստիկանութեան եւ այլ զօրաբաժանումներու անդամներ եւ աշխատակիցներ:
Տողանցքին աւարտին, բանակին շեփորախումբը իր կարգին քալեց պատուոյ թրիպիւնին առջեւէն եւ տողանցքը հասաւ իր աւարտին:
Տողանցքէն ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղուեցան Պաապտայի պալատ, ուր անոնք ընդունեցին շնորհաւորութիւններ պետական, նախարարական, խորհրդարանական, վարչական, կրօնական, զինուորական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններէ ու պատուիրակութիւններէ:
Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով նախագահական պալատ բարձրացան նաեւ հասարակական, քաղաքացիական, մշակութային, մարզական, տնտեսական, ընկերային թէ այլ մարզերու մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իշխանութեան երեք պետերը շնորհաւորեցին անկախութեան 69-ամեակին առիթով:

