Առայժմ Սուրիա Օժանդակութեան Օդանաւ Ուղարկելու Ծրագիր Չկայ

«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան տեղեկացուց, որ «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը Սուրիա նոր օդանաւ ուղարկելու ծրագիրներ առայժմ չունի: Փոխարէնը, նախաձեռնութեան կողմէ ձեռք բերուած սննդամթերքի 15 քիլոկրամնոց տուփեր պիտի բաժնուին Հայաստանի մէջ բնակող այն սուրիահայերուն, որոնք այդ օգնութեան կարիքն ունին:

«Կը ցուցակագրենք եւ վաղը ժամը 12:00-ին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն պիտի բաժնենք սննդամթերքի հերթական խմբաքանակը», նախանցեալ օր յայտնեց Լիլիթ Գալստեան։

 

 

Share this Article
CATEGORIES