Քաղաքական Խորհրդակցութեանց Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ-Ժառանգութիւն Հանդիպում

Քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ` նախանցեալ օր Ժառանգութիւն կուսակցութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումը:

Հանդիպման ներկայ եղան ՀՅԴ-էն` Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան եւ Արսէն Համբարձումեան, իսկ Ժառանգութենէն` կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան եւ Յովսէփ Խուրշուտեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան տեղեկացուց, որ հանդիպումը տեւած է մօտ մէկ ժամ, եւ քննարկուած են ՀՅԴ-ի առաջարկին 7 կէտերը:

«Հանդիպումը անցաւ ընդհանուր փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ: Գրեթէ բոլոր կէտերուն շուրջ կային ընդհանրութիւններ եւ քանի մը հարցերու վերաբերեալ ներկայացուեցան յաւելեալ պարզաբանումներ», յայտնեց Համբարձումեան: Ան ընդգծեց, որ Ժառանգութիւնը հանդիպման արդիւնքները պէտք է ներկայացնէ վարչութեան, որ իր հերթական նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ զանոնք:

Համբարձումեան հանդիպումը նկատեց հետագայ համագործակցութեան համար լաւ հիմք:

 

Share this Article
CATEGORIES