ՀՅԴ-ն Պիտի Չմիանայ Հայ Ազգային Քոնկրեսի Նախաձեռնութեան

Աղուան Վարդանեան

«Երկիր» տեղեկացուցած էր, որ Հայ ազգային քոնկրեսը որոշած է դիմել Սահմանադրական դատարան, որովհետեւ կը համարէ, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը խախտած է Սահմանադրութեան 70-րդ յօդուածը, արհեստականօրէն պատգամաւորներու անհրաժեշտ թիւ չապահովելով` տապալած է ընդդիմութեան հրաւիրած արտահերթ նիստը: Սահմանադրական դատարան դիմելու համար անհրաժեշտ է 27 պատգամաւորի ստորագրութիւն:

«Երկիր»-ի կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ այս հանգրուանին ճիշդ կը նկատէ Ազգային Ժողովի բարոյագիտական ժամանակաւոր յանձնախումբին դիմելը եւ այդպէս ալ ըրած են արդէն: ՀՅԴ նպատակայարմար չի տեսներ այս հանգրուանին Սահմանադրական դատարան դիմելը:

Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանն ալ յայտնեց, որ իրենց իրաւաբանները կ՛ուսումնասիրեն այն հարցը` պարզելու համար, թէ Սահմանադրական դատարան դիմելու հիմքեր կա՞ն, թէ՞ ոչ:

Նշենք, որ «Երկիր»-ի տուեալներուն համաձայն, ամենայն հաւանականութեամբ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւս պիտի չմիանայ Հայ ազգային քոնկրեսի այս նախաձեռնութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES