«Թելեթոն 2012»-ին Հաւաքուեցաւ Աւելի Քան 21 Միլիոն Տոլար
Հինգշաբթի օր Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին սկսած եւ ուրբաթ օրը ժամը 8:00-ին աւարտած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Թելեթոն 2012»-ի իբրեւ արդիւնք հաւաքուեցաւ 21 422 477 ամ տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում:
«Թելեթոն 2012»-ը տեղի ունեցաւ «Մեր գիւղը» խորագիրին ներքեւ եւ ատիկա կը սփռուէր Լոս Անճելըսէն: Ինչպէս նախօրօք յայտարարած էր «Հայաստան» հիմնադրամը, հանգանակուած գումարին 10 առ հարիւրը պիտի ուղղուի սուրիահայերու կարիքներուն:
«Հայաստան» հիմնադրամի տարեկան թելեթոններու ընթացքին հանգանակուած գումարներու մեծութեան առումով մինչեւ այսօր մրցանիշը կը կրէ «Թելեթոն – 2008»-ը` աւելի քան 35 միլիոն տոլար:
CATEGORIES Հայկական

