50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1962)
Գուրգէն Մխիթարեան
Դեռ չհաշտուած մեր սիրելի ընկերոջ` Արամ Սահակեանի մեզմէ անդարձ բաժանման գաղափարին հետ, երկուշաբթի առտու, երբ թերթը կը յանձնէինք մամուլին, Պոսթընէն տրուած հեռագիր մը կը գուժէր «Հայրենիք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Գուրգէն Մխիթարեանին մահը, որ տեղի ունեցած է կիրակի, 25 նոյեմբեր, Ուստըրի մէջ, Դաշնակցութեան օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդէսին ճառախօսած պահուն:
Ընկ. Գուրգէն Մխիթարեանի մահով հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր Դատին նուիրուած անձնդիր գործիչ մը, հայ ազատատենչ մամուլը` գաղափարախօս հրապարակագիր մը, իսկ հայ գրականութիւնը` տաղանդաւոր քննադատ մը, որ տարիներով, նախ Պոլիս, ապա Գահիրէ ու ի վերջոյ` Պոսթըն, մնաց միշտ պատնէշին վրայ` իր ձիրքերն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելով մեր մշակութային արժէքներուն:
Պայքարունակ ոգիով, անմիջական կեանքին կապուած իրապաշտութեամբ, գրելու դիւրութեամբ եւ տարիներու փորձառութեամբ օժտուած հրապարակագիրը եղաւ ան մեր ժամանակակից մամուլի պատմութեան մէջ: Մէկը լաւագոյններէն եւ լաւագոյն հիներէն, որոնց շարքերը այնպէ՜ս նօսրացան կեանքի անողոք օրէնքով եւ տարիներու յաջորդական թաւալումով: Մէկը անոնցմէ, որոնք քամեցին իրենց աչքերուն լոյսը, անտրտունջ եւ գլխահակ աշխատեցան` հատնելով եւ սպառելով, բայց երբեք չկքելով այդ ամէնօրեայ աշխատանքի ծանրութեան տակ: Ինքն ալ ունեցաւ իր նեղ օրերը` առողջական խանգարումներով, բայց հակառակ այդ բոլորին` չհրաժարեցաւ իր ստանձնած պարտականութիւններէն: Մնաց գործին գլուխը` վաղեմի նուիրումով եւ գաղափարական մարդու համար շատ բնական գիտակցութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ: Անբնականը իրեն համար չաշխատիլն էր եւ գործէն քաշուիլը: Երբեք սակայն չմտածեց այդ ուղղութեամբ, երբ մտածելու պատճառներ ունէր, որովհետեւ գործը, իրեն համար իր անձնական հանգիստէն ալ վեր անհրաժեշտութիւն մըն էր: Անողոք մահն ալ զինք հարուածեց պատնէշին վրայ, պարտականութեան պահուն, երբ իր պաշտած կուսակցութեան խօսքը կ՛ուղղէր երիտասարդութեան` իբրեւ իր կարապի երգը:
Իր մօտ ցայտուն գիծ մը եղաւ նաեւ գրական քննադատի կարողութիւնը: Գահիրէի մէջ 1946-ին հրատարակած իր «Քառորդ դար գրականութիւն» հատորը եւ այնուհետեւ զանազան գրագէտներու եւ անոնց գործերուն մասին թերթերու մէջ ստորագրածները դրական հաստատումն են այս իրողութեան: Իր գրադատականները կարդացուած են միշտ հետաքրքրութեամբ, որովհետեւ անաչառ եղած է ան իր դատաստանին մէջ եւ` առարկայական, լայն ու անկողմնակալ մօտեցումով մը վերլուծած է գրագէտի մը ստեղծագործութեանց արժէքը կամ պատահական վրիպումները:
*
* *
Գուրգէն Մխիթարեան ծնած է Շապին Գարահիսար, 1890-ի յուլիսին: Տեղւոյն Մուշեղեան նախակրթարանը աւարտած է 1907-ին, միջանկեալ կարճ ժամանակ մը Սեբաստիոյ բարձրագոյն վարժարանը յաճախելէ ետք: Տարի մը նախակրթարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէ յետոյ, 1908-ին անցած է Պոլիս, ուր քառամեայ ուսանողութեան շրջան մը բոլորած եւ ապա պաշտօնավարած է իբրեւ գիշերօթիկ ուսուցիչ Հայրիկեան վարժարանին մէջ` դասախօսելով հայերէն եւ հայ գրականութիւն, իսկ Ս. Զաւարեանի մահէն ետք` նաեւ ընդհանուր պատմութիւն:
Զինուորագրուած է 1914-ի սկիզբը, բայց կրցած է փախչիլ եւ զբաղիլ դարձեալ ուսուցչական աշխատանքով: Պատերազմի պայթումէն ետք օձիքը ձեռք տուած է նորէն եւ 11 ամիս զինուորագրուած է Օրթագիւղի սպայից վարժարանին մէջ` վկայուելով իբրեւ գնդացրային բաժնի սպայ: Դժուարութիւններով բոլորած է պատերազմի տարիները` մինչեւ 1918-ի զինադադարը:
Այս թուականին ալ կը սկսի իր խմբագրական աշխատանքը «Ճակատամարտ»-ի մէջ, եթէ չհաշուենք նախքան պատերազմը ՀՅԴ ուսանողական միութեան «Երկունք» ամսագիրին մէջ տարածը, Հմայեակ Մանուկեանի, Կարօ Սասունիի եւ Լեւոն Մոզեանի հետ: «Ճակատամարտ»-ի մէջ աշխատած շրջանին մեծ եղաւ ողբացեալ Շաւարշ Միսաքեանին դերն ու քաջալերանքը` իբրեւ հրապարակագիրի ու խմբագիրի իր ձեւաւորման մէջ: Այդ տարիներու լաւագոյն թատերական քննադատը դարձաւ ան Պոլսոյ մէջ: Եղաւ սրատես աչք մը թատերաբեմին դիմաց եւ իր հերթական սիւնակներով ներկայացուց պոլսահայ Տրամաթիքին բեմական գործունէութիւնը` ընդհանուր հետաքրքրութիւն ստեղծելով իր շուրջը:
Երեք տարի աշխատեցաւ «Ճակատամարտ»-ի խմբագրական կազմին մէջ:
Ան Պոլսէն հեռացաւ 1922-ի նոյեմբերին, երբ քեմալական յառաջխաղացման պատճառով տարտղնուեցաւ «Ճակատամարտ»-ի խմբագրական կազմը: Այնուհետեւ անցաւ Գահիրէ եւ այնտեղ, 1923-1924, հրատարակեց «Նոր Շարժում» գրական շաբաթաթերթը` բազմաթիւ աշխատակիցներով: Յետոյ դարձաւ «Յուսաբեր»-ի օգնական խմբագիր: Եւ երբ Բ. Աշխարհամարտի նախօրեակին Վահան Նաւասարդեան կլանուած էր կուսակցական-քաղաքական աշխատանքներով, ստանձնեց պատասխանատու խմբագրի պարտականութիւնը: Ան ամբողջ 25 տարի աշխատեցաւ թերթի խմբագրութեան մէջ` ժամանակ մըն ալ վարելով ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէին քարտուղարութիւնը:
Հեռացաւ Եգիպտոսէն 1947-ի վերջերը եւ կարճ ժամանակ մը Իտալիա մնալէ ետք, 1948-ի փետուրարին անցաւ Ամերիկա: Եղաւ հոն կուսակցական գործիչ եւ ապա, երկու տարի ալ, ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի քարտուղար: Ի վերջոյ, 1952-ին Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով դարձաւ պատասխանատու խմբագիր «Հայրենիք» օրաթերթին, պաշտօն, զոր մեծ հեղինակութեամբ վարեց մինչեւ իր մահը` իր պատկանած կուսակցութեան խօսքը տարածելով ամէն օր:
Յարգա՜նք իր անմոռանալի յիշատակին:

