Հարցազրոյց Հուրի Պապիկեանի Հետ` Հայ Ֆուտի Մասին
Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Վերջերս Հայ ֆուտի յանձնախումբը եւ տնօրէնութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցան եւ Հայ ֆուտը սկսաւ գործել նոր տնօրէնութեամբ, նոր խոհարարով եւ նոր ճաշացուցակով: Այս նորութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայ ֆուտի յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Պապիկեանին հետ, որ կը հրատարակենք ստորեւ:
«ԱԶԴԱԿ».- Ի՞նչ է Հայ ֆուտը: Ի՞նչ է անոր նպատակը: Կրնա՞ք հակիրճ պատմական մը ներկայացնել:
ՀՈՒՐԻ ՊԱՊԻԿԵԱՆ.- Հայ ֆուտը սկսած է 2002 թուականին: 10 տարիէ ի վեր կը գործէ: Սկզբնական շրջանին World Vision հաստատութիւնը օգտակար դարձաւ, որպէսզի Հայ ֆուտը սկսի գործել, եւ շատ արագ ձեւով արդէն Հայ ֆուտին խոհանոցը ինքզինք արժեւորելով` սկսաւ իր նպատակին ծառայել, որն է` ազգային վարժարաններուն օգտակար դառնալ:
Արդարեւ, World vision-էն փոխ առած գումարը վերադարձուեցաւ եւ Հայ ֆուտի հասոյթը ամբողջութեամբ սկսաւ տրամադրուիլ ազգային վարժարաններուն:
«Ա.».- Ներկայիս որո՞նք են Հայ ֆուտի յանձնախումբին անդամները:
Հ. Պ.- Հայ ֆուտի յանձնախումբին անդամներն են` Սիլվա Ազնաւորեան, Սօսի Մանուէլեան, Զեփիւռ Թաշճեան եւ ես` Հուրի Պապիկեան:
«Ա.».- Խօսինք անձնակազմին մասին:
Հ. Պ.- Ներկայիս Հայ ֆուտի տնօրէնուհին է Լիզա Պէրպէրեան, խոհարարն է Սերժ Ղազարեան: Ունինք նաեւ սննդագէտ` Անի Տեկիրմենճեանը: Խոհանոցին մէջ կ՛աշխատին 13 հայ կիներ: Հոս կ՛ուզեմ ըսել, որ երբ Հայ ֆուտը սկսաւ, ուզեցինք օգտակար դառնալ հայ տանտիկիններուն, որոնք անգործ էին եւ կ՛ուզէին աշխատիլ եւ զիրենք կանչեցինք գործի:
«Ա.».- Ի՞նչ են ձեր ծրագիրները:
Հ. Պ.- Մեր ծրագիրն է Հայ ֆուտը յառաջ տանիլ, եւ ժողովուրդին ցոյց տալ, թէ մեծ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան եւ յառաջացում հայ` նոր ճաշերով, նոր կազմով, նոր գործելաձեւով:
«Ա.».- Ապսպրանքները ի՞նչ ձեւով կ՛ըլլան. օրական ճաշի դրութիւնը տակաւին պիտի շարունակուի՞:
Հ. Պ.- Անշուշտ որ օրական ճաշի դրութիւնը պիտի շարունակուի եւ` նոր ճաշացուցակով: Ձրի սպասարկութեամբ: Իսկ մեծ ապսպրանքներու պարագային, կրնան հեռաձայնել Հայ ֆուտ, եւ մենք կը պատրաստենք ճաշացուցակը, որմէ ետք կը ներկայանան եւ կը համաձայնին մեզի հետ:
«Ա.».- Նշեցիք, որ անձնակազմին մաս կը կազմէ սննդագէտ Անի Տեկիրմենճեան: Կը հասկնանք, որ Հայ ֆուտը ասկէ ետք սննդականոնի ճաշե՞ր ալ պիտի պատրաստէ:
Հ. Պ.- Այո՛, Հայ ֆուտի նորութիւններէն է այս մէկը, որ պիտի սկսի գործադրուիլ 15 նոյեմբերէն սկսեալ: Գիտէք, որ ժողովուրդը ներկայիս նիհարնալու պայքարի մէջ է, հետեւաբար ուզեցինք այս բաժինն ալ ներառել խոհանոցին մէջ, որպէսզի սննդականոնի հետեւողները եւս կարենան համտեսել Հայ ֆուտին ճաշերը:
«Ա.».- Ո՞ւր կը վաճառուին Հայ ֆուտին արտադրութիւնները:
Հ. Պ.- Մեր կեդրոնը կը գտնուի Տըպպայէ, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարանին մէջ: Ունինք խանութ մը Պուրճ Համուտի մէջ: Կը մտածենք այլ խանութ մը եւս բանալ, որպէսզի մեր արտադրութիւնները աւելի հասանելի ըլլան ժողովուրդին: Հայ ֆուտը կրնաք գտնել նաեւ ամէնէն կարեւոր սուփըրմարքէթներու մէջ:
«Ա.».- Ի՞նչ նորութիւններ կան ճաշացուցակին մէջ:
Հ. Պ.- Մենք, հին ճաշացուցակի կողքին, նոր ճաշեր ալ պիտի պատրաստենք` հայկական, արաբական, եւրոպական, որպէսզի բոլորին ճաշակին գոհացում տանք, եւ նոր ճաշեր համտեսէ ժողովուրդը: Կ՛ուզեմ ըսել, որ ներկայիս աշխատանք կը տանինք Նոր Տարուան առիթով ճաշացուցակ մը պատրաստել, որպէսզի տօնական օրերուն մեր սեղանները Հայ ֆուտի ճաշերով ճոխացնենք:
«Ա.».- Հայ խոհանոցի կարեւորութիւնը ի՞նչ է մեր կեանքին մէջ:
Հ. Պ.- Ըստ ինծի, շատ կարեւոր է հայկական խոհանոցը եւ մեր պարտականութիւնն է, որպէս հայ տանտիկիններ, նոր սերունդին ծանօթացնել հայկական ճաշերը: Մենք սորված ենք մեր մեծ մայրերէն, կամ մայրերէն, եւ հարկ է, որ առիթ տանք, որպէսզի իրենք ալ մեզմէ սորվին: Հայկական խոհանոցը պէտք չէ մեռնի: Կը փափաքինք, որ Հայ ֆուտին միջոցով իրենց նոր տեղեկութիւններ տանք եւ իրենք ալ կարենան օգտագործել: Օրինակ, պէտք է կիրակիի ճաշասեղանին վրայ հայկական ճաշ մը ներառուի, որպէսզի նոր սերունդը գիտնայ, եւ մոռացութեան չմատնուին մեր ճաշերը:
«Ա.».- «Ազդակ»-ի մէջ կը տեսնենք գրաւուած օր` 5 դեկտեմբեր 2012: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս ուղղութեամբ. ի՞նչ տեղի պիտի ունենայ:
Հ. Պ.- 5 դեկտեմբերին, սրբազան հօր հովանաւորութեամբ, կազմակերպած ենք ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնենք Հայ ֆուտի արտադրութիւնները` հայկական, արաբական եւ եւրոպական ճաշատեսակներ: Այս ձեռնարկին հրաւիրած ենք 300-400 կիներ, որոնք ձրի պիտի գան եւ ձրիաբար համտեսեն ուտելիքները եւ պիտի տան իրենց կարծիքը այդ ուղղութեամբ: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Կը յուսանք, որ այս նախաձեռնութեամբ մեծ թիւով նոր յաճախորդներ պիտի ունենանք:
«Ա.».- «Ազդակ»-ի մէջ կարդացինք այն յայտարարութիւնը, ըստ որոնց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութեան առիթով տեղի ունենալիք փառատօնին, Հայ ֆուտը պիտի բերէ իր մասնակցութիւնը: Կրնա՞ք ասոր մասին խօսիլ քիչ մը:
Հ. Պ.- Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան նախօրեակին տեղի պիտի ունենայ տօնախմբութիւն մը, որ կը նպատակադրէ մեր ազգային աւանդութիւնները եւ տոհմիկ սովորութիւնները վերապրեցնել: Այլ միութիւններու կողքին, Հայ ֆուտը եւս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ` ստանձնելով տաղաւար մը, ուր պիտի հրամցուի ճաշերու տեսականի մը:
«Ա.».- Եզրափակելու համար մեր հարցազրոյցը` վերջին հարցում մը. ինչո՞ւ ընդունեցիք այս պարտականութիւնը եւ ի՞նչ կ՛ըսէ ձեզի այս յանձնախումբը:
Հ. Պ.- Իմ մեծագոյն նախասիրութիւնս խոհանոցն է: Ես կ՛ապրիմ խոհանոցով: Ընտանիքս եւ ես միշտ միութենական կեանքի մէջ եղած ենք: Վերջին շրջանին տունն էի, եւ երբ սրբազան հայրը առաջարկեց այս պաշտօնը, անմիջապէս ընդունեցի, որովհետեւ մէջը նպատակ մը կար այս յանձնախումբին, եւ ես շատ կը սիրեմ այս գործը, մանաւանդ որ նպատակը օգտակար հանդիսանալ է: Ես ճիգ պիտի չխնայեմ լաւագոյնս տալու եւ Հայ ֆուտին անունը բարձրացնելու:

