Պէյրութի «Ալուան» Ցուցասրահին Մէջ Մարալ Տէր Պօղոսեան Կը Հիացնէ Երազային Կապոյտ Քաղաքի Եւ Բազմազգ Մշակոյթի Ստեղծագործութիւններով
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Այս օրերուն Պէյրութի գեղարուեստի հեղինակաւոր «Ալուան» ցուցասրահին մէջ իր ստեղծագործութիւններով հանդէս եկաւ լիբանանահայ գեղանկարչութեան երիտասարդ եւ տաղանդաւոր ներկայացուցիչներէն Մարալ Տէր Պօղոսեան: Դուստրը` հանրածանօթ քանդակագործուհի Կիւլէն եւ գեղանկարիչ Շահէ Տէր Պօղոսեաններու: Ան ծնած է 1976 թուականին, Փարիզ: Այժմ կը դասախօսէ Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստի հիմնարկին մէջ` 2007 թուականէն սկսեալ, որպէս մագիստրոսի պատուաւոր աստիճանի պատուաւոր վկայեալ:
2001 թուականին յատուկ թոշակ ստացած է Մշակոյթի զարգացման միջազգային հիմնադրամէն (IFPC), ԵՈՒՆԵՍՔՕ «Ասչպըրկ ֆոնտ»-էն եւ Վիեննայի դաշնակցային վարչապետարանէն` որպէս Վիեննայի բնակիչ-արուեստագիտուհի:
Առաջին անհատական ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Պէյրութի գերմանական «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ, 2002 թուականին: Յաջորդ տարուան վերջին Մարալ Տէր Պօղոսեանի անհատական երկրորդ ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Անթիլիասի «Կիլիկեան» թանգարանին մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ:
Երազային կապոյտ շղարշի տակ թաքնուած Պէյրութի երանգապնակի վարպետուհին 2011 թուականին կը ներկայացնէ իր ստեղծագործութիւնները Թուզլայի մէջ` Պոսնիա-Հերցեկովինա, INTERBIFEP XIV ցուցահանդէսին ընդմէջէն: Նախապէս ալ իր պաստառները գեղարուեստասէր հանրութեան եւ արուեստի քննադատներուն կը «հրամցուին» 2006-2008 Սըրսոքներու թանգարանի աշնանային սենեկային ցուցահանդէսներուն: Նաեւ` 2001-2005 թուականներուն երեք անգամ մասնակցած է Վիեննայի, ապա` Լիոնի ու Ժընեւի, Շարժայի (Տուպայ) գեղանկարչական աւանդական միջոցառումներուն` արժանանալով ականաւոր մասնագէտներու գնահատականին: Մասնաւորապէս «Ինքնութիւններ» գեղանկարներու շարքին մէջ մասնագէտներ նկատած են, որ Մարալ քաղաքակրթութիւններու մշակոյթները կը հիւսէ, ինչպէս` երկրաչափական արտայայտութիւններով գորգ մը®
«Գեղարուեստի մօտեցումս կ՛արտացոլէ բազմամշակութային խաւերը ինքնութեանս: Բանաստեղծական մօտեցումով ստեղծագործութիւններս կ՛արտայայտեմ մթնոլորտէ մը, ուր բազմաթիւ մշակոյթներ եւ աւանդոյթներ համատեղ կ՛ապրին: Երբեմն անոնք կը միաձուլուին, ուրիշ անգամներ ալ կը հակադրուին: Երբեմն կ՛ընդելուզուին կովկասեան եւ արեւելեան գորգերու մանրամասներով: Անոնք կը ներկայացուին հայկական եւ պարսկական մանրանկարչութեան պատկերներով: Մշակոյթները իրարու միահիւսուած են, ինչպէս` գորգի մը գոյները… Գորգերու եւ մանրանկարչութեան պատկերներու ներկայացումը քաղաքի տեսարանին վրայ` իմ արուեստս է, ինքնութիւն տալու այս բնակելի տարածքին, որ կորսնցնելու վրայ է իր ինքնութիւնը®», կը բացատրէ գեղանկարչուհին:
Յոյսով ենք, որ ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ արաբական աշխարհի ու միջազգային գեղարուեստի երկնակամարին վրայ Մարալ Տէր Պօղոսեանին աստղը կը փայլի իր բոլոր երանգներով` ի փառս հայ գեղարուեստի դարաւոր աւանդոյթներուն:
Պէյրութ

