Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեր Առօրեային Լուսաւորութեան Համար…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր, կիրակնօրեայ աւետարանին մէջ Յիսուս կը ներկայացուի իբրեւ աղօթող եւ աղօթել սորվեցնող անձնաւորութիւնը (Ղկ. 11,1-13):

Հայ սուրբերն ու հայրապետները իրաւացիօրէն համոզուած էին, թէ Քրիստոս մեր Աստուածային Վարդապետն է. ուստի, իշխանութիւնը, հեղինակութիւնն ունի սորվեցնելու եւ դաստիարակելու իր հետեւորդները:

Չորս աւետարանիչները` Ս. Մատթէոս, Ս. Մարկոս, Ս. Ղուկաս եւ Ս. Յովհաննէս մեծ կարեւորութեամբ կը պատկերեն աղօթող, ինչպէս նաեւ խօսքով ու մանաւանդ օրինակով աղօթել սորվեցնող Յիսուսը, որուն աղօթքէն եւ աղօթելակերպէն հմայուած` աշակերտները օր մը խնդրեցին. «Տէ՜ր, աղօթել սորվեցո՛ւր մեզի» (Ղկ. 11,1):

Հոս անհրաժեշտ է հարցնել. «Այսօր ունի՞նք աշակերտներուն արթնամտութիւնն ու ինքնաճանաչումը` անդրադառնալու մեր աղօթքին որակին, եւ խոնարհամտութիւնը` Յիսուսէն հայցելու աղօթելաձեւը…»:

Բայց արդեօք նախ հարցնելո՞ւ էինք. «Ընդհանրապէս մենք կ՛աղօթե՞նք…: Յիսուսի աղօթքէն եւ աղօթող Յիսուսէն առինքնուելով` բնաւ խնդրա՞ծ ենք մեր Աստուածային Վարդապետէն, որ մեզի սորվեցնէ աղօթելը…»:

Հինգերորդ դասարանին աշակերտ-աշակերտուհիները հարցումիս պատասխանելով` ճիշդ հաստատեցին անմեղօրէն, թէ շնչաւոր արարածներէն անասունը չ՛աղօթեր լոկ, իսկ ոգեղէն էակներէն` միայն սատանան…

Յիսուս մեզի ոչ միայն կը սորվեցնէ աղօթելը եւ կը պահանջէ մեր աղօթքը, այլ նաեւ կ՛ըսէ մեզի, որ թէ՛ կրնանք անուանել Աստուած «Հայր», «Հայր մեր» եւ թէ՛ կրնանք խօսիլ այս մեր Հօր հետ «Դուն»-ով:

Ոչ միայն մեր Հօր անունը «սուրբ» հռչակելու, կամ` որպէս զի անոր կամքը կատարուի, այլ նաեւ խնդրելու համար մեր ամէնօրեայ հացը, ինչպէս ալ` հայցելու թողութիւնը մեր մեղքերուն:

Ոչ միայն մեր Հօր անունով ու նմանութեամբ ուրիշները ներելու եւ ուրիշներէն ներուելու, այլ նաեւ` փորձութեան ու վտանգի չենթարկուելու եւ չենթարկելու համար (Ղկ. 11,2-4):

Մեր Հօր յար կրնանք աղօթել եւ վստահիլ, թէ կը լսէ մեր աղօթքը, կը կատարէ մեր խնդրանքը: Մեր Հօր միշտ կրնանք գալ: Մեր դիմումները երբեք ի զուր չեն, ապարդիւն չեն:

Մեր Հայրը, որ նաեւ մեր Մտերիմն է, քանի մեր «Դուն»-ն է, չի նմանիր այն բարեկամին, որ կը մերժէ «երեք հաց փոխ» խնդրած ու գիշերային մէկ րոպէին նեղութեան մատնուած դրացին (Ղկ. 11,5-7):

Յիսուս հոս նաեւ կը սորվեցնէ թաքուն բարեմասնութիւն մը, զոր կիրարկելու ենք աղօթքի ընթացքին` հոգեմտաւոր համարձակութիւնը հօրենական «Դուն»-ին դիմաց, որով տեսակ մը կը պարտադրենք ունկնդրութիւնը մեր այս աղաչանքին կամ այն հայցին (Ղկ. 11,8):

Այսպիսի համարձակութիւն մը սիրոյ եւ գորովի ապացոյցն է, մէկ կողմէ, բայց եւ հաւատքի դրսեւորումն է` միւս կողմէ:

Յիսուս, որ հոս կը շեշտէ հաւատքը մեր աղօթքին կապակցութեամբ, «եւ Ես կ՛ըսեմ ձեզի» (Ղկ. 11,9) բանաձեւով կու տայ մեզի զօրաւոր ապահովութիւնը. «Խնդրեցէ՛ք, եւ պիտի տրուի ձեզի: Փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք: Բախեցէ՛ք, եւ պիտի բանան ձեզի» (Ղկ. 11,9):

Այսպէս, Յիսուս, որ ինքնին ստուգութիւնը եւ հեղինակութիւնն է իր խօսքին, կը հրահանգէ մեզի, որ հաւատքով ու վստահութեամբ աղօթենք` խնդրելով Աստուծմէ` մեր Հօրմէն շնորհքը, փնտռելով Աստուծոյ` մեր Հօր կամքը, բաբախելով Աստուծոյ` մեր Հօր սիրտը:

Իր հրահանգը կը հաստատէ Յիսուս «արդարեւ» մակբայով, այսինքն` «իրապէս», «յիրաւի», «իրօք» եւ «իսկապէս» շեշտաւորումով, որով կ՛ուզէ հասկցնել մեզմէ իւրաքանչիւրիս, թէ Հօր շնորհքը խնդրողը կը հարստանայ, անպայմա՛ն: Հօր կամքը կատարողը կ՛երջանկանայ, անկասկա՛ծ: Հօր սիրտը բաբախողը կը սիրուի, ստուգապէ՛ս:

Եզրակաբար, մեր աղօթքին լսումը, մեր խնդրանքին կատարումը կախում ունի մեզմէ, այսինքն` թէ ի՛նչ սրտով եւ ինչպիսի՛ հաւատքով կ՛աղօթենք:

Տիրամայրը, որուն «Ընծայումն սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնի» կը տօնակատարենք այս տարի չորեքշաբթի, բայց ամէն տարի միշտ նոյեմբեր 21-ին` 543-էն սկսեալ, հայ սուրբերէն ու հայրապետներէն իրաւացիօրէն հռչակուած է «Հաւատքի Մայր» եւ «Աղօթքի Դպրոց», որովհետեւ կրցաւ իր ամբողջ կեանքը դարձնել անքակտելի շղթայ մը աղօթական ապրումին եւ նուիրումին:

Սրբազան աւանդապատումին համաձայն,  Յովակիմ եւ Աննա, իրենց միամօր զաւակը` Մարիամը կ՛ընծայեն Աստուծոյ տաճարին, ուր տարիներ կ՛անցընէ աղօթքով, Ս. Գրքին ընթերցանութեամբ, ինքնանուիրումով ու ծառայութեամբ:

Աղօթքի, խոկումի, ներանձնութեան ու համեստութեան նոյն դիրքով կը ներկայանայ մեզի Նազարէթի Կոյսը աւետումի ժամանակ, երբ անկարելիին եւ անըմբռնելիին դիմաց, Աստուած Ս. Հոգիին ներգործութեամբ, սակայն կրցաւ իր ամբողջ էութեան ու կեանքին ամէնէն մեծ եւ ամէնէն հրաշագործ աղօթքն արտաբերել. «Ես Տիրոջ աղախինն եմ. թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն» (Ղկ. 1,38):

«Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ. 1,37. հմմտ. Ծն. 18,14 եւ Եր. 32,27) ճշմարտութեան հաւատացող եւ այս ճշմարտութեամբ օժտուած աղօթող Մարիամ Աստուածածինը, որ աղօթող եւ աղօթել սորվեցնող Յիսուսի Մայրն է, թող դաստիարակէ մեզ Աստուծոյ` մեր Հօր ապաւինելու, խօսելու եւ աղօթելու:

Եթէ այս ընթացքը պատահի, հաւատքի եւ աղօթքի Ս. Սիրամօր միջնորդութեամբ, այն ատեն կ՛իմանանք, որ այս «ուրախ լուրը» կամ  «բարի աւետումը» կրնայ օգնել մեզի, կրնայ լուսաւորել մեր առօրեան, կրնայ բարեփոխել մեր կեանքը:

Այնճար, 18 նոյեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES