Լոս Անճելըսի Մէջ Ազրպէյճանի Հիւպատոսը Պէտք Է Սորվի Գիրկի Համակարգիչ Օգտագործել

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Նախորդ շաբաթ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին առնչուող ծիծաղաշարժ դէպք մը տեղի ունեցաւ, երբ ան լսատեսողական ներկայացումով մը հանդէս պիտի գար  Լոս Անճելըսի Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի մէջ:

Գլխաւոր հիւպատոս Նասիմի Աղայեւ մօտեցաւ ամպիոնին, միացուց իր արդի գիրկի համակարգիչը եւ հպարտութեամբ լսարանին կոչ ուղղեց` պատին ամրացուած մեծ պաստառին վրայ դիտելու Ազրպէյճանէն տեսարաններ: Սակայն սոսկաց, երբ նկատեց, որ պաստառին վրայ ոչինչ կ՛երեւէր` բացի մասնակի սառած պատկերէ մը:

Հիւպատոսին օգնականներն ու Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահը փութացին բեմ եւ սկսան սեղմել գիրկի համակարգիչին վրայի բոլոր հաւանական կոճակները, մինչ հիւրերը անհամբեր կը սպասէին: Պարոն Աղայեւ ո՛չ միայն չկրցաւ ցուցադրել իր հայրենի երկիրը, այլեւ նոյնիսկ չկրցաւ արտասանել իր խօսքը, որ արգելափակուած էր իր չհամագործակցող գիրկի համակարգիչին մէջ:

Յուսահատած` ազրպէյճանցի դիւանագէտը սկսաւ խօսիլ անպատրաստից կերպով` գրպանէն հանելով թուղթի կտոր մը, որուն վրայ քանի մը բան մրոտած էր: Ասիկա սկիզբը եղաւ չարագուշակ երեկոյի մը, որ նախատեսուած էր ըլլալ Ազրպէյճանի տպաւորիչ յառաջընթացը ցուցադրելու եւ գերարդիական սարքերով լսարանը շլացնելու առիթ մը:

Գլխաւոր հիւպատոսը բաւական յուզուած կը թուէր ըլլալ ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին: Հաւանաբար անոր համար անսովոր էր ելոյթ ունենալու նման վեհաժողովի մը ընթացքին եւ կամ ջղային էր, որովհետեւ «դահլիճին մէջ կային հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներ», ներառեալ` ես եւ խումբ մը հայեր:

Պարոն Աղայեւը մանրամասնօրէն խօսեցաւ Հայաստանի կողմէ իր երկրի տարածքին մէկ մասին «բռնագրաւման» մասին` ակնարկելով Արցախի ազատագրումին: Այս հակամարտութիւնը անուանելով «Ազրպէյճանի գերագոյն հարցը»` ան իր վիշտը արտայայտեց այն մասին, որ` «մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներ այսօր գաղթական դարձած է»: Բայց եւ այնպէս ան չկրցաւ բացատրել, թէ ինչո՛ւ քարիւղի միլիառաւոր տոլարներու եկամուտ ունեցող կառավարութիւն մը արտօնած է, որ այդքան մեծ թիւով իր քաղաքացիները աւելի քան 20 տարի ապրին ծայրայեղ չքաւորութեան մէջ:

Գլխաւոր հիւպատոսը, հետեւելով թրքական վարչակարգին, լուրջ խժաբանութիւն մը կատարեց`  Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանելով «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւն»: Արդեօք ազրպէյճանցի պաշտօնեաներուն կողմէ խոհեմութի՞ւն է հայութիւնը նախատելը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալով, երբ իրենք արդէն անել վիճակի մէջ են արցախեան հարցով: Ինչո՞ւ Ազրպէյճանի ղեկավարները կ՛ուզեն բարդացնել իրենց կացութիւնը` իրենք զիրենք առնչելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հետ եւ, աւելի՛ն, հակառակելով հայերուն հետ` անոնց հետ խաղաղ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու հաւանականութեան նուազեցնելով:

Իր ելոյթին մէջ պարոն Աղայեւ, բոլորովին անտեսելով Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն, ներառեալ ազգային փոքրամասնութիւններու մարդու իրաւունքներու զանգուածային ոտնահարումը, Ազրպէյճանը կեղծօրէն ներկայացուց իբրեւ «կրօնական եւ ազգային հանդուրժողականութեան» երկիր: Ան շարունակեց պատմութիւնը նենգափոխել` մոռնալով հայերու ջարդերը Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ, եւ պնդեց, որ հայերը լիարժէք ազատութիւն ունեցած են Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ: Ան նաեւ իսլամ Ազրպէյճանը ներկայացուց իբրեւ «քրիստոնէութիւն ընդունած հնագոյն պետութիւններէն մէկը` Յ. Ք. 313 թուականին»:

Լսարանին մէջ քանի մը հոգիի կողմէ նախապէս համադրուած քանի մը հարցումներէ ետք, թէ Ազրպէյճան ի՞նչ ձեւով «հանդուրժողական» է «լեռնային հրեաներ»-ուն հանդէպ եւ ի՞նչ լաւ յարաբերութիւններու մէջ է Իսրայէլի հետ, Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի նախագահը զգուշաւոր կերպով խուսափեցաւ ինծի հարցում ուղղելու առիթ տալէ: Բարեբախտաբար երկու այլ հայերու` Հայ երիտասարդական միութեան նախագահ Արութին Յարութիւնեանին եւ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեանին ընձեռուեցաւ հարցումներ ուղղելու կարելիութիւնը: Երկուքն ալ բարձրացուցին ազրպէյճանցի կացինահարող զինուոր Ռամիլ Սաֆարովին հարցը, որ Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի դասընթացքներու ընթացքին սպաննած էր քնացած հայ սպան: Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ Սաֆարովը բանտէն վաղաժամ ազատ արձակուելէ եւ Ազրպէյճանին արտայանձնելէն ետք նախագահ Ալիեւը ներում շնորհեց եւ փառաբանեց կացինահարող մարդասպանը: Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը, յիմարօրէն հակասելով իր նախագահը` հաստատեց, որ Ազրպէյճան «չի ներեր» Սաֆարովին ոճրագործութիւնը:

Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդին մէջ պարոն Աղայեւի յայտնուիլը քանի մը մտահոգիչ հարցումներու ծագման առիթ կու տայ: Ինչո՞ւ խորհուրդը նման անսովոր քայլ առաւ` ցած պաշտօնով գլխաւոր հիւպատոս մը հրաւիրելու, որպէսզի ներկայացնէ «մրցակցային տեսակէտ»` 24 սեպտեմբերին միեւնոյն վայրին մէջ  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ ներկայացուածին: Հետաքրքրական է, թէ Ազրպէյճան ինչո՞վ խթանած է Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդը` կրտսեր դիւանագէտի ելոյթը ապահովելու համար, բան մը, որ հաւանաբար նուաստացնէ այս հեղինակաւոր կազմակերպութեան վարկը:

Քանի մը օր ետք, երբ Ազրպէյճանի հիւպատոսութեան կայքէջին վրայ տեղադրուեցաւ պարոն Աղայեւի ելոյթին բաւական լաւ կերպով խմբագրուած տեսանիւթը, ուրկէ բոլորովին վերցուած էին գիրկի համակարգիչին առնչուած խանգարումները: 48 վայրկեաննոց ճառը եւ հարցում-պատասխանի բաժինը նուազած էին 15 վայրկեանի:

Գլխաւոր հիւպատոսի գիրկի համակարգիչին առնչուած դէպքը խորհրդանշական բնոյթ ունի` Ազրպէյճանի շատ աւելի մեծ խնդիրներու համար: Երկրի ղեկավարները միլիառաւոր տոլարներ ծախսած են մեծ քանակութեամբ արդիական ռազմական սարքեր ձեռք բերելու համար: Սակայն, եթէ անոնք չեն գիտեր, թէ ո՛ր մէկ  կոճակը պէտք է սեղմեն, ապա նորագոյն զէնքերը կ՛ըլլան անօգուտ այնքան, որքան` պարոն Աղայեւի գիրկի համակարգիչը:

Սփիւռքահայերը Ազրպէյճանի «գլխաւոր թշնամի» որակելու փոխարէն` նախագահ Ալիեւ պէտք է շատ աւելի մտահոգ ըլլայ իր դիւանագէտներով, որոնք չեն կրնար նոյնիսկ գիրկի համակարգիչ մը օգտագործել: Անճարակ պաշտօնեաները շատ աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնեն Ազրպէյճանի համար, քան` հայկական «թշնամին»:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի փոխադրեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

Share this Article
CATEGORIES