Կազայի Վրայ Յարձակումը «Իխուան»-Ներու Եւ Արեւմուտքի Ծրագի՞’ն Էր
Ստորեւ ներկայացուող յօդուածը լոյս տեսած էր Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութենէն առաջ: Այնուհանդերձ, բացառելով դէպքերու ընթացքին ու եգիպտական միջամտութեան ճակատագիրին վերաբերող նախատեսութիւնները, հոն կատարուած վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները կը մնան արժանի` ուշադրութեան:
«Ամպերու սիւն» գործողութիւնը յանպատրաստի՞ց էր, թէ՞շրջանային ու միջազգային հաշուարկներու հիման վրայ մշակուած եւ ուսումնասիրուած ծրագիր:
Պաղեստինեան շրջանակներու տեսակէտը հարցադրումներու եւ կասկածներու սահմանէն անդին անցնելով` սկսած է խօսիլ Կազան թիրախ դարձնելու բեմագրութիւններու մասին:
Տրամաբանական չէ, որ Իսրայէլ-Համաս առանցքի հանդարտեցման այս օրերուն (որոնց ամրապնդումին ծառայեց Քաթարի ղեկավարին Կազա այցելութիւնը), որ Իսրայէլ որոշէ սպաննել Ահմետ Ժաապարիի կշիռով Համասի ղեկավար մը: Կազայի մէջ գաղտնի ու ծպտուած շրջագայող եւ իր երթեւեկէն միայն սակաւաթիւ անհատներու տեղեակ պահող Ժաապարին պաղեստինեան զինեալ դիմադրութեան գլխաւոր խմբաւորումներէն մէկուն գետնի վրայ ամէնէն աչքառու հրամանատարն էր: Աւելի կարեւորը այն է, որ Ժաապարի սերտ յարաբերութիւններ ունէր Իրանի հետ եւ այդ կապերը պահեց Սուրիոյ առնչութեամբ Համաս-Իրան յարաբերութիւններու վատթարացումէն ետք:
Հոսկէ մեկնած` պաղեստինեան շրջանակներ հարց կու տան, թէ արդեօ՞ք Ժաապարին հաշուեյարդարի ենթարկուեցաւ դիւրացնելու համար Համասի «աղաւնիներ»-ու առաքելութիւնը, շարժումի «բազէներ»-ու ոչնչացումէն ետք այդ շարժումը ներգրաւելու Իսլամ եղբայրակցութեան` Համասի մեծ եղբայր «Իխուան մուսլիմին» շարժումին` Արեւմուտքի հետ գոյացուցած փոխադարձ հասկացողութիւն մը:
Դիմադրութեան կառչած պաղեստինցի եւ նոյնիսկ համասական շրջանակներ կը յայտնեն, որ` «Համասի քաղաքական ղեկավարութիւնը ամբողջութեամբ միացած է Արեւմուտքի հետ դաշնակցած իսլամական ուժերուն հետ, որոնք Արաբական գարնան ալիքին հեծած են»: Անոնք կ՛ակնարկեն «իխուաններ»-ու Եգիպտոսին, «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում»-ի Թուրքիոյ, եւ Ծոցի սալաֆական ու ուահապական երկիրներուն:
Պաղեստինցիները կը յիշեցնեն Օսլոյի համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կանխած հանգրուանը, երբ Ֆաթհ շարժումի բազմաթիւ ղեկավարներ սպաննուեցան` ճամբայ հարթելով Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան եւ Իսրայէլի միջեւ այդ համաձայնութեան ստորագրութեան:
Բայց միշտ չէ, որ` «տան հաշիւը շուկայի հաշիւին կը բռնէ»: Պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու եւ մասնաւորաբար Իսլամական ժիհատ շարժումի զինեալ թեւի իսրայէլեան հարուածին տուած պատասխանը հրթիռները աննախընթացօրէն հասցուց Թել Աւիւ: Աւելի՛ն. Համաս շարժումի գետնի վրայ գործող զինեալ խմբաւորումներու հրամանատարները ինքնաբուխ եւ ինքնագլուխ հակահարուածներ տուին իրենց գլխաւոր հրամանատարին սպանութեան իբրեւ պատասխան:
Հարցը հասաւ իսրայէլեան շրջանները աւելի շատ ու աւելի ճշգրիտ հարուածելու մրցակցութեան` պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ: Թել Աւիւի ռմբակոծումը բարոյական աննախընթաց հարուած հանդիսացաւ Իսրայէլի համար. անոր ու կենսական բնակեցման վայրերու հրթիռակոծումին, նաեւ իսրայէլացիներու սպանութեան դիմաց ծայր առին օդուժի յարձակումներ, եւ սկսան ցամաքային յարձակումի պատրաստութիւնները:
Այս մեկնաբանութիւնները կատարած պաղեստինեան շրջանակները կ՛ըսեն, որ նախ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ամրոյի, ապա` Եգիպտոսի վարչապետին Կազա այցելութիւնները, քարոզչական «զօրակցական» բնոյթին կողքին, խորքին մէջ նպատակ ունէին Համասի մօտ միջամտել հակակշիռի տակ առնելու դէպքերը, մանաւանդ` պաղեստինեան հակազդեցութիւնները. եգիպտացի պաշտօնատարները «հանդարտեցման» խորագրին տակ հարցի արագ լուծում առաջարկեցին Համասի, ինչպէս յայտնեց Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը` վար առնելով զօրակցութեան թզենիի տերեւը:
Համասի ղեկավարներուն մէկ մասը կրնայ անմեղ ըլլալ եւ առնչութիւն չունենալ «սեղանին տակէն» կատարուած այս առուծախին հետ, բայց Համասի շրջանային դաշնակիցները կնքահայրերն են վերեւ նկարագրուած բեմագրութեան: Եգիպտոս արդէն փորձեր կատարած էր ընդառաջելու իսրայէլեան պահանջներուն, վերջ դնելու Սինայէն Կազա զէնքի մաքսանենգումին, եւ` ձախողած: Վերջին ամիսներուն «Թաքֆիրական զինեալներ»-ու դէմ գործողութիւններու պատրուակով Եգիպտոս ձախող փորձեր կատարած էր հարուածելու մաքսանենգները: Փակագիծի մէջ յիշեցնենք իսրայէլեան օդուժին կողմէ Սուտանի մէջ զէնքի գործարանի մը ռմբակոծումը, որ նոյն ծիրէն ներս կ՛իյնայ:
* * *
Որոշ շրջանակներ «դաւադրական» մեկնաբանութիւնները մերժելով` այլ լոյսի տակ կը դիտեն իսրայէլեան արարքը: Այս խմբակին համաձայն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու այս արկածախնդրութիւնը հրամայեց ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններուն իր կրած հարուածէն ետք վերստին ամրապնդելու իր կառավարութիւնը. ան կարծեց, որ այս պահուն, երբ արաբական ու միջազգային ընտանիքները կեդրոնացած են Սուրիոյ վրայ, ինք կրնայ հանգիստ հարուածել եւ անարգել առնել իրեն նպաստաւոր քայլեր: Պաղեստինեան հակահարուածի ուժն ու տարողութիւնը նախատեսուած չէ Նեթանիահուի կողմէ, փաստ` այդ հակահարուածին դիմաց իսրայէլեան բացայայտ շփոթն ու իրարանցումը:
Այս մեկնաբանութիւնը ներկայացնողները կը յիշեցնեն, որ Կազայի դէմ գործողութեան առաջին օրէն Իսրայէլի կառավարական շրջանակները փութացին շեփորահարելու Համասի գլխաւոր զինուորական ղեկավարին չէզոքացումն ու հրթիռներու մթերանոցներու ռմբակոծումը. Նեթանիահու իսրայէլացի քուէարկողներուն երախտագիտութիւնը պահանջելով` օրին պատմականօրէն մեծ իրագործումներ որակեց այդ հարուածները:
* * *
Վերոյիշեալ երկու տեսակէտներուն պաշտպաններն ալ կը բացառեն սուրիական գործօնը. «Վարձկան գրիչներ»-ու այն վարկածը, թէ սուրիացիք այս դէպքերը պատճառած են, անհեթեթ է: Թէեւ ճիշդ է, որ այդ զարգացումները կը թեթեւցնեն Դամասկոսի վրայ քարոզչական, հոգեբանական եւ քաղաքական ճնշումները, որովհետեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները երրորդական դարձած են` զանգուածային լրատուամիջոցներու լուսարձակները զիջելով նախ Կազայի, ապա` Յորդանանի զարգացումներուն: Այսուհանդերձ, ծիծաղելի պիտի ըլլայ պնդել, թէ Դամասկոս դրդած է Իսրայէլի կողմէ Ժաապարիի սպանութիւնը կամ Յորդանանի բազմամարդ ցոյցերը:
* * *
Անկախաբար վերոյիշեալ վերլուծումներէն եւ մեկնաբանութիւններէն, ի՞նչ կարելի է հետեւցնել Կազայի վերջին իրադարձութիւններէն:
Առաջին հերթին պէտք է հաստատել, որ շատ դժուար պիտի ըլլայ արագ լուծում մը տալ, եւ ի զուր են այդպիսի իրագործումով մը հերոսանալու «իխուան»-ներուն (Իսլամ եղբայրակցութեան) բոլոր ճիգերը, ինչպէս նաեւ` անոնց զանազան ճիւղաւորումներուն ու շրջանային եւ արեւմտեան դաշնակիցներուն աշխատանքները:
Փաստօրէն Կազայի մէջ դիմադրութիւնը ոչ ոքի մենաշնորհն է, ո՛չ Համասի, ո՛չ ալ ուրիշին: Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կան, եւ բոլորը կառչած են զինեալ դիմադրութեան ուղեգիծին, ներառեալ` Համասի գլխատուած զինեալ թեւը:
Իսկ այս խմբաւորումներուն մեծ մասը, եթէ ոչ բոլորը, Համասի քաղաքական ղեկավարներէն տարբեր օրակարգ, ծրագիր եւ շրջանային հաշիւներ ունին:
Միւս կողմէ` Իրան յաջողեցաւ ինքզինք պարտադրել որպէս Կազայի պաղեստինեան հարցին մէջ անշրջանցելի կողմ: Առաւել, Իսրայէլ հարիւր անգամ աւելի լաւ հաշիւներ պիտի ընէ Իրանը հարուածելէ առաջ, նկատի ունենալով Թեհրանի` Կազայի դաշնակիցներուն Թել Աւիւը ռմբակոծելու կարողութիւնը:
Ցարդ կը տիրէր այն տպաւորութիւնը, թէ պաղեստինեան զինեալ դիմադրութեան հիմնական ուժը Համասն է, եւ վերջերս Համասի` Դամասկոսէն մեկնումին ու Քաթարի իշխանի Կազա այցելութեամբ Համասի առնուազն քաղաքական թեւը դուրս բերած էր Իրան-Սուրիա առանցքէն եւ միացած` Ծոցի, Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ արեւմտամէտ իսլամական թեւին:
Այլ ճակատի վրայ, Կազայի հարցը դժուարին քննութեան պիտի ենթարկէ Եգիպտոսի նոր իշխանութիւնը` Իսլամ եղբայրակցութեան գլխաւորութեամբ: Ի՞նչ պիտի ընեն անոնք, եթէ հարցը մեծնայ. Մուպարաքի պէս պիտի շարունակե՞ն մասնակից ըլլալ Կազայի շրջափակումին: Իսկ եթէ Ռաֆահի (Եգիպտոսէն Կազա) անցքը բանան միայն մարդասիրական եւ ոչ նաեւ զինուորական օժանդակութեան, ինչպէ՞ս պիտի արդարացնեն իրենց իսլամական գաղափարախօսութիւնը: Այլապէս, եթէ իսկական զօրակցութիւն ցուցաբերեն պաղեստինցիներուն, ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւեն իրենց իշխանութեան հասնիլ թոյլատրած եւ իրենց օժանդակող Արեւմուտքին հակազդեցութիւնը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Նեթանիահուի, ապա իր հեղինակութիւնն ու ընտրական դրամագլուխը վերականգնելու համար շղթայազերծուած այս յարձակումէն ետք անոր գլխաւորած կառավարութիւնը իսրայէլացիներուն կողմէ դատապարտուեցաւ, երբ առաջին հրթիռը հարուածեց Թել Աւիւը:
Ամերիկեան ընտրութիւններուն Նեթանիահու եւ իրեն կողմնակից ամերիկացի հրեաները իրենց ամբողջ ուժով զօրակցած էին Ռոմնիի, ընդդէմ` վերընտրուած նախագահ Պարաք Օպամայի: Այժմ Օպամա շատ հանգիստ կրնայ պայքարիլ Նեթանիահուի դէմ եւ Իսրայէլի մէջ իշխանութեան մղել պաղեստինցիներուն հետ ամերիկեան հովանաւորութեամբ լուծում մը ընդունող ղեկավարութիւն:
* * *
Եթէ բացառենք Համասի «բազէներ»-ն ու զինեալ թեւի ղեկավարները չէզոքացնելու արաբական-իսրայէլեան-ամերիկեան-համասական դաւը, եւ որդեգրենք երկրորդ մեկնաբանութիւնը, որ հարցը կը սահմանափակէ Նեթանիահուի արկածախնդրութեամբ, ապա շրջանային բազմաթիւ տագնապները վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ կը ներկայացնեն նոր համայնապատկեր մը: Առաջին հերթին Արեւմուտքը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Իսլամ եղբայրակցութեան (նաեւ` Թուրքիոյ եւ Ծոցի իսլամական տարբերակին) հետ իր դաշնակցութեան արդիւնաւէտութիւնը: Երկրորդ հերթին, Իսրայէլի ուժգին հակահարուած տուած Համասի զինեալ թեւը կրնայ մերժել քաղաքական թեւի դիւրափոխութիւնը եւ գործնապէս վերադառնալ լաւ օրերուն, երբ Դամասկոս կ՛արտադրէր «Շամ» հրթիռները եւ զանոնք կ՛առաքէր Համասի: Ի դէպ, այդ հրթիռները յղացումներն էին սուրիացի զօրավար Նապիլ Զղէյպի, որ երեք ամիս առաջ սպաննուեցաւ սուրիացի ընդդիմադիրներու կողմէ: Նաեւ նշենք, որ հակառակ Համասի Սուրիայէն մեկնումին` Դամասկոս առաջին արաբական մայրաքաղաքն էր, որ դատապարտեց Կազայի վրայ յարձակումը եւ կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդներուն` դէմ դնելու անոր:
* * *
Զանազան մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու կողքին, նոյնքան տիրական ներկայութիւն կը մնայ սիոնականներուն կողմէ տարիներ առաջ ծրագրուած Կազայի բնակչութեան դէպի Սինայի բռնագաղթը, որ պիտի հաստատէ նոր «Սայքս-Փիքօ»-ի մը գոյութիւնը: Նոյնքան հաւանական է, որ Համասը Դամասկոսէն դուրս բերած արաբական-թրքական-եգիպտական ճնշումները յաջողին կազացիներուն պարտադրել, որ բաւարարուին փոխադարձ ռմբակոծումով, ապա երթան հանդարտեցումի: Այդ պարագային քանի մը ամիսէն մոռացութեան պիտի տրուին Ժաապարիի նահատակութիւնն ու այդ սպանութիւնը անհրաժեշտ դարձուցած ծրագիրներն ու դաւերը:
«Աննաշրա»




