Խմբագրական «Հայրենիք»-ի

«Արդեօք խորտակած չեմ ըլլա՞ր թշնամիներս…
իրենց հետ բարեկամանալով»:

Նախագահ Ապրահամ Լինքըլն

Գրեթէ 150 տարուան կեանք ունեցող այս կարճ խօսքը իւրայատուկ է եւ ազդեցիկ:

Արդարեւ, Ֆրենքլին Ռուզվելթի եւ Ճորճ Ուաշինկթընի կողքին, ցայսօր Միացեալ Նահանգներու ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի վերոյիշեալ խօսքը կարելի էր նկատել այս տարուան ընտրարշաւի եւ անոր արդիւնք` յառաջիկայ քառամեակի «բանալի» խօսքը:

Միջազգային քաղաքականութեան բեմկը մէկ կողմ դրած, ներազգային իմաստով, սոյն խօսքը կը մնայ այժմէական, հակառակ անոր որ ընտրական ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ, թէ երկիրը յստակօրէն բաժնուած է «կապոյտ»-ի եւ «կարմիր»-ի, եւ կարգ մը նահանգներու պարագային չնչին տարբերութիւն մըն է, որ անջատած է երկու գոյներն ու անոնց ետին կանգնող գաղափարախօսութիւնները… Հաւանաբար ծանր բառ մը, որուն իմաստէն անտեղեակ է նոյնիսկ բուռն պայքար մղուած նահանգի բնակչութենէն հսկայ զանգուած մը:

Թէ՛ Օպամա եւ թէ՛ անոր հանրապետական մրցակից Ռոմնի փորձեցին բարեկամանալ իրենց թշնամիներուն հետ, եւ արդիւնքը ցոյց կու տայ, թէ հակառակ անգործութիւնը եօթը առ հարիւրէն աւելի ըլլալով եւ տնտեսական դժուար պայմաններուն` Օպամա աւելի յաջողութեամբ կատարեց իր պարտականութիւնը եւ կրցաւ վերընտրուիլ:

Յստակ է, որ իրականութեան մէջ նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւնները ոչ մէկ յիշատակելի փոփոխութիւն արձանագրեցին: Նախագահը մնաց անփոփոխ, իսկ ծերակոյտն ու Ներկայացուցիչներու տունը, հակառակ կարգ մը փոփոխութիւններու, մնացին յաջորդաբար դեմոկրատականներու եւ հանրապետականներու տիրապետութեան տակ:

Տարբերութիւնը այն է, որ Օպամա երկրորդ եւ վերջին քառամեակն է, որ պիտի ղեկավարէ, եւ հանրապետականներուն համար այս մէկ կէտը պէտք է որ ամենայն կարեւորութեամբ նկատի առնուի` յաւելեալ գործակցութիւն եւ միասնականութիւն ցուցաբերելու, իսկ ներքին իմաստով ալ, միեւնոյն ժամանակ, ապագայի յետ 2016-եան թեկնածուի մը փնտռտուքն ու պատրաստութիւնը կատարելու:

Մէկդի դրած «կապոյտ»-ն ու «կարմիր»-ը, Միացեալ Նահանգներու բնակիչին համար յստակ է, որ այս համաշխարհայնացած եւ դէպի արդիականացում սուրացող ներկայ կեանքի գործընթացին մէջ շատ բաներ փոխուած են:

Բնական է, որ երկրի բոլոր նահանգներուն մէջ, առանց որեւէ բացառութեան, առողջապահական ապահովագրութիւնը կիրարկուի ամէն մէկ անհատի համար: Իսկ մեծահարուստներէն յաւելեալ տուրք պահանջելը այնքան տրամաբանական բան մըն է, որ կիրարկուելով` ի վերջոյ կրնայ իրականացնել Լինքըլնի վերոյիշեալ խօսքը… եւ բարեկամացնել բոլոր թշնամիները:

Հակառակ պարագային, եթէ թշնամական եւ անհանդուրժողական մթնոլորտը կիրարկուի, այդ պարագային «Միակ բանը, որմէ պէտք է վախնալ, նոյնինքն վախն է» ըսած է այլ հռչակաւոր նախագահ մը` Ֆրենքլին Ռուզվելթ:

 

Share this Article
CATEGORIES