Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին «Մայրիկիս Ձայնը» Ժապաւէնը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Պիտի Սկսի Ցուցադրուիլ Դեկտեմբերին

Շարժանկարի ամերիկահայ գործիչ Քէյ Մուրատեանի «Մայրիկիս ձայնը» փաստավաւերագրական շարժանկարը պիտի սկսի ցուցադրուիլ դեկտեմբեր 1-ին: Ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կայանայ Լոս Անճելըսի «Եգիպտական» շարժանկարի սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Քէյ Մուրատեան ապրած է Պոսթըն: Մանուկ հասակին ան մեծ ուշադրութիւն չէր դարձներ իր մայրիկին ողբերգական պատմութիւններուն, որոնք 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն ընտանիքին բոլոր անդամներուն կորսնցնելու մասին էին: Քէյ պարզապէս կը ցանկար ամերիկացի իր հասակակիցներուն պէս ըլլալ: Իսկ ահա արդէն չափահաս տարիքին Հարաւային Փասատենայի մէջ ապրող ժապաւէն արտադրողը կը կարծէ` «Մայրիկիս ձայնը» լսելի դարձնելը, ինչպէս նաեւ` այն միլիոնաւոր մարդոց ձայները, որոնք կոտորուեցան Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, իր պարտականութիւնն է», կը գրէ ամերիկեան կայքը:

Ժապաւէնին մէջ Մուրատեան կը պատմէ Ֆլորա Մանուշեանի կեանքին պատմութիւնը եւ կը նկարագրէ 1900-ական թուականներու օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն վիճակը: Հայազգի «Աննա Ֆրանքն» իր ընտանիքի անդամները կորսնցուցած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կեանքը ապրած է այդ մասին յիշողութիւններով:

«Ֆլորային անհաւանական պատմութիւնը արժանիօրէն կը մեծարէ անոր ժողովուրդը եւ յոյսի, սիրոյ եւ արդարութեան ոգի կը սերմանէ: Ֆլորային ձայնը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներու ձայնն է. պատմութիւն, որ երբեք պէտք չէ մոռացուի», նշուած է ժապաւէնի ծանուցագիրին մէջ:

«Մայրիկիս ձայնը» շարժանկարը ներկայացուած է Լոս Անճելըսի «Արփա» փառատօնին, իսկ հոկտեմբերին Թորոնթոյի «Նուռ-2012» շարժանկարի փառատօնին արժանացած է «Խրախուսական մրցանակ»-ի:

 

Share this Article
CATEGORIES