Արցախեան Տագնապին Լուծումը Ամերիկայի Առաջնահերթութիւներէն Է
«ԱՐՄԵՆՓՐԷՍ»
Յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորում ապահովելը. այսպէս յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Էրիք Ռուպըն` «Ամերիկա-ազրպէյճանական դաշինք»-ին կողմէ Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած «Պաքուի բարեկամներու գիշեր» ձեռնարկին ընթացքին:
Ըստ ազրպէյճանական «contact.az» լրատուական կայքին, «Ամերիկա-ազրպէյճանական դաշինք»-ը հիմնադրուած է այս տարի եւ զայն կը ղեկավարէ Ազրպէյճանի փոխադրական հարցերու նախարար Զիա Մամետովի որդին` Անար Մամետովը:
Նոյն կայքը կը գրէ, թէ վերջերս սովորութեան վերածուած է այս կամ այլ ղեկավարի զաւակին կողմէ արտասահմանի մէջ հաստատումը նման մարմիններու` Ազրպէյճանի վարկանիշը բարձրացնելու խոստումներով, որոնք սակայն կը վերափոխուին քարիւղի հարստութենէն ապահովուած գումարները «լուալու» համար շահագործուող կառոյցներու: «Նման արշաւներ կը հակասեն ազգային շահերուն եւ կը ծառայեն միայն մէկ ընտանիքի», «Թուրան» լրատուական գործակալութեան թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի համար լոպիական աշխատանք տարած պաշտօնատար մը` առանց ինքնութիւնը բացայայտելու:

