Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնին Յատուկ Մրցում` Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց յատուկ մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր տարիքի շուրջ հարիւր երկսեռ հեծելանւորդներ:

Մրցումին ազդանշանը տրուեցաւ Նահր Քալպէն, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, փոխնախագահ Վազգէն Մելիքեան, ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր, ինչպէս նաեւ անդամներ Նազարէթ Հապիպեան եւ Քայսար Սալլում:

Ապա հեծելանւորդները լիբանանեան դրօշներով ուղղուեցան Ժիպէյլ: Այնուհետեւ վերադառնալով Նահր Քալպ յիշատակի լուսանկար մը նկարուեցան:

Share this Article
CATEGORIES