«Պօղոսեան» Կրթահամալիրի Տնօրէնին Այցելութիւնը «Ազդակ»

Շաբաթ առտու «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց Գիւմրիի  «Պօղոսեան» կրթահամալիրի տնօրէն քոյր Արուսեակ Սաճոնեան. հիւրին կ՛ընկերակցէին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան տեղեկատուական բաժանմունքի եւ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան Գազանճեան եւ լիբանանահայ հրապարակագիր Սարգիս Նաճարեան:

Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ քոյր Արուսեակ ներկայացնէ «Պօղոսեան» կրթահամալիրին բազմաճիւղ գործունէութիւնը, որուն մասին մեր ընթերցողները տեղեակ կը պահուին շահեկան հարցազրոյցի ճամբով, զոր «Ազդակ» ունեցաւ քոյր Արուսեակին հետ:

«Ազդակ» գործակցաբար «Նարեկացի» կեդրոնին կը կազմակերպէ նաեւ լսարան մը, հինգշաբթի երեկոյեան, որուն ընթացքին կրթահամալիրի գործունէութեան վերաբերող քոյր Արուսեակի զեկուցումին առընթեր կառոյցին կապուած «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին մասին պիտի զեկուցէ հայրենի վաստակաւոր մայեսթրօ Ռոպերթ Մլքէեան:

 

Share this Article
CATEGORIES