Հովանաւորութեամբ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» Երգչախումբը Հանդիսատեսները Հոգեպէս Փոխադրեց Հայկական Բնաշխարհ

Հովանաւորութեամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս  Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Գիւմրիի «Տիրամայր  Հայաստանի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Ռոպերթ  Մլքէեանի, բացառիկ համերգ մը ներկայացուց կիրակի, 25 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ: Կազմակերպութեամբ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան, Սրբոց Հռիփսիմեանց  բարձրագոյն վարժարանին կայացուցած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան ու հայկական քայլերգներով: Ապա, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան արաբերէնով ողջունեց ներկաները` հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնելով  երգչախումբի ղեկավար-խմբավար մայեսթրօ  Ռոպերթ  Մլքէեանն ու քոյր  Արուսեակ  Սաճոնեանը: Հայր Վարդան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մայեսթրօ Մլքէեանին, քոյր  Սաճոնեանին, դոկտ. Էտի  Թորիկեանին, արուեստագէտ Միսաք Թերզեանին, քոյր  Արմինէին, Տէր Կարապետ  Թադէոսեանին ու ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւոր «Պօղոսեան» հաստատութեան: Ապա ան բեմ հրաւիրեց  Զուարթ Նաճարեանը, որ  Սայաթ Նովայի «…Առանց երգի վիշտն աշխարհ կ՛աւերի» խօսքերուն մէջբերումով ողջունեց ներկաները` ընդգծելով հայ երգի կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ: «Երգը եղած է աշխարհասփիւռ տասը միլիոն հայութիւնը իր հայրենիքին կապող կամուրջը», շեշտեց Նաճարեան:

Հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ հանրածանօթ խմբավար  Ռոպերթ  Մլքէեան 2005-ին հիմնած է Գիւմրիի «Պօղոսեան» կրթահամալիրի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը:  Գլխաւորաբար 7 դեկտեմբեր 1988-ի ահեղ երկրաշարժի զոհերու որբացած զաւակներէն բաղկացած, 7-23 տարիքի միջեւ տարուբերող  պարմանուհիներու այս խումբը կը հաշուէր 25 հոգի, ընկերակցութեամբ` դաշնակահար Նայիրա  Ալեքսանեանի: Բազմաթիւ մրցանակներով ու շքանշաններով պարգեւատրուած` վաստակաւոր մայեսթրօ Մլքէեան յատուկ բծախնդրութեամբ  յայտնաբերած է այդ պարմանուհիներու  երաժշտական, ձայնային շնորհները:  Շուրջ երկու ժամ տեւած այս համերգին, «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը հայերէն ու օտար լեզուներով ներկայացուց հանրածանօթ երգեհոններու գլուխ գործոցներ, ինչպէս` Ռոպերթ Ամիրխանեան, Կոստանդին Օրբելեան, Էտկար  Յովհաննիսեան, Շարլ Կունօ եւ այլն: Եկմալեանի «Կիլիկիա» երգով ներկաները պահ մը հոգեպէս սաւառնեցան դէպի Կիլիկիոյ մեր բնաշխարհը: Իսկ պարմանուհի Աննա Ավտալեանի մենակատարութեամբ Կոմիտասի «Կանչէ՛ կռունկ»-ը  կարելի չէր լսել առանց յուզումի, կարծէք հայուհին կոչ կ՛ուղղէր կռունկին` հայութեան լուրերը փոխանցելու առ որ անկ է:

Այս ձեռնարկը եզակի էր իր թողած տպաւորութեամբ այն իմաստով, որ եթէ հանդիսատեսները համերգին ներկայ չգտնուէին` անոնցմէ ոչ ոք պիտի հաւատար, թէ այդ սքանչելի ներդաշնակութեամբ ու համաչափ ոճով  երգողները պարզապէս երկրաշարժի սերունդի պարմանուհիներն են: Մայեսթրօ  Մլքէեան յաջողած էր իր առաքելութեան մէջ:  Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ հայրենի պարմանուհիները լիբանանցի հանրածանօթ երգիչ-երգահան Զեքի Նասիֆի  «Թսլամ եա ասքար Լըպնան» երգով  ողջունեցին  Լիբանանի անկախութիւնը: Կարծէք անոնք եկած էին իրենց երաժշտական իւրայատուկ ոճով, հայութեան շնորհակալութեան խօսքը  յայտնելու  Լիբանանին: Նմանապէս` Էմմա Ջոթեան եւ  Մոնիքա Մանուչարովա անջատաբար հանդէս եկան` մեներգելով Ռոպերթ Ամիրխանեանէն ու Ստեփան Շաքարեանէն ստեղծագործութիւններ: Խիստ տպաւորիչ էր Մոնիքա Մանուչարովայի եւ Աննա Ավտալեանի զուգերգը` Ամիրխանեանի «Կարմիր ծաղիկ մը` գարունի» երգով: Նշենք, որ մայեսթրօ Մլքէեան, նախքան յայտագիրի երկրորդ  մասի սկիզբը, յատուկ շնորհակալութեամբ յիշեց հանրածանօթ երաժշտագէտ դոկտ. Էտի Թորիկեանի մատուցած նպաստը սոյն ձեռնարկի յաջողութեան` նշելով, որ ան մեծապէս նպաստած է սոյն համերգի նախապատրաստական ճիգերուն: Իր կարգին, դոկտ. Էտի Թորիկեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Մլքէեանին:

Աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր սրտի խօսքը արտասանեց` նշելով, որ երգը, հա՛յ երգը հոգեւոր սնունդ է, որուն միջոցով կը թափանցենք  Աստուծոյ նկատմամբ մեր հաւատքին խորքը: Վերյիշելով անցնող հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացած սիւնհոդոսի քննարկումները` Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը կոչ ուղղեց երաժիշտներուն բարելաւելու երաժշտութեան որակը` ներշնչուելով մեր ծիսական դասական երաժշտութենէն: Ապա Ամենապատիւ տէրը պահպանիչով փակեց  ձեռնարկը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES