Ժողովրդային Տօնախմբութիւն` Ս. Աստուածածնայ Տաճար Ընծայման Տօնին Առիթով

Անցնող շաբաթավերջին ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից թաղին, նաեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Արդարեւ, շաբաթ, 24 նոյեմբերի առաւօտեան ժամերէն տաղաւարներ տեղադրուեցան եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ, որպէսզի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին նախօրեակին տօնախմբութեամբ նշուի այդ առիթը, եւ ազգային աւանդութիւնը վերապրի ու վերակենդանանայ: Նշենք, որ ձեռնարկը կազմակերպողը եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդն էր, իսկ համադրողը` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն:

Յատուկ տաղաւարներով տօնախմբութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» եւ «Կարինէ» մասնաճիւղերը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, Ազգային Աբգարեան վարժարանը, «Հայ ֆուտ»-ը, ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» եւ «Րաֆֆի» մասնաճիւղերը, «Զաւարեան» պատանեկան միութիւնը, Ատանայի հայրենակցական միութիւնը եւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածը:

Տաղաւարներուն մէջ ներկայացուած էին հայկական խմիչքներ, ուտելիքներ, յուշանուէրներ, գիրքեր եւ այլն:

Ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ այցելեց տաղաւարները` համտեսելով զանազան տեսակի ուտելիքները եւ գնահատելով նախաձեռնութիւնը:

Յիշեցնենք, որ ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Բարեւ փոքրիկներ խումբը, որ 2 ժամ տեւողութեամբ ներկայացուց մանկապատանեկան յայտագիր մը` երգերով, պարերով եւ խաղերով խանդավառելով մթնոլորտը:

Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ կիրակի օր եւս` Ս. պատարագով, մատաղօրհնէքով եւ սիրոյ սեղանով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES