Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը շարունակեց իր յաղթարշաւը եւ այս անգամ պարտութեան մատնեց Ռիատի Ապպասիէն` 2-0 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իւրաքանչիւր կիսախաղի նշանակեց կոլ մը` շնորհիւ Յակոբ Տօնապետեանի (40-րդ) եւ Սարգիս Ապաճեանի (85-րդ):

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ-ի կազմը առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով կը գրաւէ Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, մինչ երեք այլ խումբեր ունին 4-ական կէտ:

ՀՄԸՄ-ի յարձակողականը ցարդ նշանակած է 8 կոլ` առանց կոլ մը ստանալու իր բերդին մէջ:

Ռիատի Ապպասիէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ՀՄԸՄ դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Յարութ Սարգիս – Վարդան Գոշոյեան, Վարդան Պոյաճեան, Յովիկ Իզմիրլեան, Ալեք Ալճեան – Սարգիս Ապաճեան, Ճոնի Գոնճեան, Յակոբ Նաճարեան, Մամաս Քէհէեան – Յակոբ Տօնապետեան եւ Սարգիս Ազնաւուրեան:

Share this Article
CATEGORIES