Նախընթաց Մը Արձանագրելով Մարտ 14-ի Ուժերու Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Կազա

Մարտ 14-ի ուժերու պատուիրակութիւնը` Իսմայիլ Հանիյէի հետ

Մարտ 14-ի ուժերը ներկայացնող 14 երեսփոխաններէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի, երեսփոխան Անթուան Զահրայի եւ նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշի, երէկ այցելեց Կազա` զօրակցական գործնական նախաձեռնութեամբ:

«Շրջանին մէջ հիմնական հարցերուն զօրավիգ կանգնիլը մէկ կողմի կամ մէկ մարմնի ճիգերուն մէջ սահմանափակուած չէ», այս գծով յայտարարեց Մարտ 14-ի ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան համակարգող Ֆարես Սուէյտ:

Իր կարգին, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կու գայ առ ի հաստատում, թէ Կազա յաջողած է յաղթահարել Իսրայէլի կողմէ իր դէմ շղթայազերծուող շրջափակումը:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի քննադատեց այս քայլը` նշելով, որ Կազային կարելի է զօրակցիլ որեւէ շրջանէ, բայց ոչ այցելելով ընդդիմադիր Համաս շարժումին եւ զօրակցելով անոր: «Եթէ Պաղեստին պիտի մտնենք, ապա կը մտնենք անոր օրինական մայրաքաղաքէն` Երուսաղէմէն», աւելցուց Քազզի` սքանչելի քայլ նկատելով Կազա այցելելը եւ թելադրելով միաժամանակ Ռամալլա այցելել:

Share this Article
CATEGORIES