Դրական Անդրադարձներ` Ժոմպլաթի Նախաձեռնութեան Վերաբերեալ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ համալսարանաւարտներու միաբանութեան նախագահ Ուալիտ Արպիտ երէկ հաղորդագրութեամբ մը ողջունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը` ազգային երկխօսութեան յաջողութեան գծով: Արպիտ նկատեց, որ Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը կարելի է նկատել իբրեւ ազգային ծրագիր` նկատի ունենալով անոր ընդգրկած դրական կէտերը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի իր կարգին ողջունեց Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը` դրուատելով անոր ներկայացուցած առաջադրանքները, որոնք կը համընկնին երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի գաղափարներուն: «Հիմնական կէտը Ժոմպլաթի նախաձեռնութեան մէջ անոր կոչն է` դուրս գալու ժողովուրդ, բանակ, դիմադրութիւն երրորդութենէն», ընդգծեց Քազզի:
CATEGORIES Լիբանանեան


