Ազգային Երկխօսութեան Նիստի Յետաձգման Հաւանականութեան Լոյսին Տակ Նախագահ Սլէյման Ցաւ Յայտնեց Երկխօսութեան Դէմ Պարզուող Ընդդիմութեան Գծով` Երեք Տարազներ Բանաձեւելով Նոր Կառավարութեան Կազմութեան Համար
Վաղը, 29 նոյեմբերին նախատեսուող Ազգային երկխօսութեան նիստին յետաձգման հաւանականութեան լոյսին տակ, նախագահ Միշել Սլէյման երէկ ցաւ յայտնեց այս գծով պարզուող կեցուածքներուն համար` փորձելով դրական եւ շինիչ ելք գտնել նոր կառավարութեան կազմութեան գծով տիրող տարակարծութեան: Մեծամասնական, ազգային միասնականութեան կամ չէզոք կառավարութեան առաջադրանքով նախագահ Սլէյման Եուսեֆ Հուայեքի գլխաւորութեամբ Մամլոյ ակումբի պատուիրակութեան հետ իր խորհրդակցութեան առիթով երեք տարազներ առաջադրեց նոր կառավարութեան կազմութեան գծով: Այս գծով ան իր ճիգերը շարունակեց պատկան կողմերուն հետ` յաջողցնելու համար վաղը` հինգշաբթի տեղի ունենալիք ազգային երկխօսութեան նիստը:
Այս առիթով նախագահ Սլէյման նշեց, որ իր սահմանադրական լիազօրութիւնները պիտի օգտագործէ` կանխարգիլելու համար այժմու խորհրդարանի պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանի երկարաձգման միտող որեւէ քայլ:
ՄԻՒՍ կողմէ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, Հռոմէն իր վերադարձին կատարած մէկ յայտարարութեամբ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն ընդառաջելու Ազգային երկխօսութեան նիստին հրաւիրող նախագահ Սլէյմանի կոչին: Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնելով նախագահի երկխօսութեան ձգտող քայլերուն` դէմ արտայայտուեցաւ 1960-ի ընտրական օրէնքին` զայն նկատելով «Օսմանի շապիկ»-ը, որուն կը վերագրուի երկխօսութեան ամէն ձախողութիւն: «Անկարելիութեան պարագային` 1960-ի օրէնքը տակաւին առկայ է», եզրափակեց Ռայի:


