Պահանջելով Յաւելումներու Խորհրդարան Յղումը. Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կազմալուծելով Վարչամեքենայի Գրասենեակները Կը Սպառնայ Բաց Գործադուլի Դիմել
Վարչամեքենայի պետական մարզի գրասենեակները երէկ թափուր մնացին` առ ի բողոք ամսականներու աստիճանական յաւելումի գծով դիմումի ձգձգումին: Պետական մարզի պաշտօնեաները կը պահանջեն տարիներու վրայ երկարող իրենց ամսաթոշակներու յաւելման գծով իրենց դիմումը յղել խորհրդարան` իբրեւ հատուցման կիրարկում: Արդարեւ, երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ պետական մարզի ուսուցիչներն ու գրասենեակներու վարչական պատասխանատուները համախմբուեցան Պէյրութի թէ արուարձաններու կրթական եւ վարչական կեդրոններուն առջեւ` իրենց պահանջները խորհրդանշող կարգախօսներ եւ պաստառներ կրելով: Անոնք սպառնացին սաստկացնել իրենց միջոցառումները` հասնելով մինչեւ բաց գործադուլ:
Միւս կողմէ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն զօրակցելով ցուցարարներու պահանջներուն, արդարացի գտաւ զանոնք` պահանջելով պետական պատկան կողմերէն անյապաղ ընդառաջել այդ դիմումներուն:
Բողոքի ցոյցերը ընդգրկեցին նաեւ Պեքաայի շրջանը, ուր Պաալպեքի կրթական մէկ կեդրոնին առջեւ ցուցարարներ համախմբուեցան` բողոքելով ցուցաբերուող անտարբերութեան դէմ:
Այս գծով Պաալպեքի քայմաքամ Օմար Եասին միացաւ ցուցարարներոււն` զօրակցութիւն յայտնելով անոնց պահանջներուն եւ ներում հայցելով Զահլէի ու մերձակայքի բնակիչներէն` ստեղծուած կացութեան համար:
Իր կարգին, երկրորդական վարժարաններու հետ ժամական պայմանագրութեամբ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի պատասխանատուն յայտնեց, որ բողոքը պիտի շարունակուի այսօր` կոչ ուղղելով աւելի խիստ քայլերու:


