Ողջունելով Հայաստանի Նախագահի Լիբանան Այցելութիւնը. «Լիբանան Չի Կրնար Ընդունիլ, Որ Կարգ Մը Երկիրներ Իշխանութիւն Բանեցնեն Շրջանին Վրայ, Ինչպէս` Թուրքիա, Որ Տակաւին Կը Հերքէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» «Վանայ Ձայն»-ին Ըսաւ Ղասսան Մուխայպեր
«Շրջանին մէջ կան կարգ մը երկիրներ, որոնք կը փորձեն իրենց հակակշիռին տակ առնել շրջանի երկիրները, ներառեալ` Լիբանանը: Ազդեցութեան գօտիներ հետախուզող այդ երկիրներէն է Թուրքիա, որ տակաւին կը մերժէ ներում հայցել` հերքելով Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իբրեւ այդպիսին, Լիբանան չի կրնար հանդուրժել նման կեցուածքներ եւ կը մերժէ Թուրքիոյ ծաւալապաշտ ախորժակները», յայտարարեց երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր երէկ յետմիջօրէին` «Վանայ ձայն»-ի արաբերէն բաժինի խօսնակ Հալա Հատտատի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Թուրքիա իր պաշտօնական ելոյթներով կը կրկնէ օսմանեանականութեան ոճը` ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ կայսրութիւն», շարունակեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում երեսփոխանական հանդիպումի անդամ Ղասսան Մուխայպեր` նշելով, որ Լիբանան ու Հայաստան պէտք է գործակցին նաեւ այս ուղղութեամբ:
Ողջունելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան այցելութիւնը` երեսփոխան Մուխայպեր կոչ ուղղեց զբօսաշրջութենէն անդին, քաղաքական ու ազգային հասարակաց թիրախի դէմ գործակցելու: «Նախագահ Սարգսեանի այցելութիւնը կը շահագրգռէ բոլոր լիբանանցիները եւ ոչ միայն լիբանանահայերը», շեշտեց Մուխայպեր եւ աւելցուց. «Լիբանան պէտք է գործակցի Հայաստանի հետ, Ղարաբաղի թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերու լուծման գծով»:
Մարտ 14-ի կարգ մը երեսփոխաններու բացակայութիւնը նախագահ Սարգսեանի ընդունելութեան հաւաքէն ներքին հակադրութեանց վերագրելով` երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր հերքեց, թէ այդ քայլը ուղղուած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանի անձին դէմ:
«Քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս որդեգրած առաջին երկիրը եղող Հայաստան առկախ հարցեր ունի լուծելիք Թուրքիոյ հետ, ինչպէս` իրենց պապենական հողերէն բռնագաղթի մղուած հայերու կալուածները, Թուրքիոյ մէջ տակաւին ապրող հայերու ապահովութեան հարցը եւ այլ իրաւունքներ, զորս Թուրքիա ցարդ կը մերժէ հատուցել հայերուն», աւելցուց Մուխայպեր` կոչ ուղղելով քաղաքացիական պետութեան մը կազմութեան Լիբանանի մէջ` պաշտպանելու համար շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի ու Հայաստանի քաղաքացիները:
Երեսփոխան Մուխայպեր անդրադարձաւ շրջանային եւ յատկապէս միջլիբանանեան հրատապ հարցերու, ինչպէս` ազգային երկխօսութեան յաջողութեան, ապօրինի զինեալ երեւոյթներուն, ընտրական օրէնքին եւ այլն: Ան ողջունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի նախաձեռնութիւնը` հակադրուելով 1960-ի ընտրական օրէնքին գծով անոր կեցուածքին:
Երեսփոխան Մուխայպեր անդրադարձաւ նաեւ սուրիացի եւ սուրիահայ գաղթականներու հարցին` անոնց հրատապ հարցերուն անյապաղ ելք գտնելու պահանջով:

