Լիբանան Կատարուած Պաշտօնական Այցելութեան Երկրորդ Օրը. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահ Սարգսեանը Պարգեւատրեց «Կիլիկեան Մեծ Խաչի Շքանշան»-ով. Պըրրի Ընդգծեց Հայ Եւ Արաբ Ժողովուրդներու Ճակատագրակից Ըլլալու Իրողութիւնը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին ունեցաւ շարք մը այցելութիւններ, որոնք ներառեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նստավայրը, Անթիլիաս, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն մատրան:
Նախագահ Սարգսեանի ընկերակցեցան Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան եւ հայկական պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Երէկ առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` ընկերակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ եւ իր պատուիրակութեան անդամներուն, Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ այցելեց Անթիլիասի մայրավանքը: Նախագահին կ՛ընկերանային Հայաստանի արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարները, ինչպէս նաեւ պետական այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Վեհարանի մուտքին Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունեց նախագահին այցելութիւնը: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին կողմէ լիբանանեան ու հայկական քայլերգներու նուագէն ետք, վեհափառ հայրապետը, նախագահն ու ներկաները ուղղուեցան Նահատակաց յուշարձանը, ուր նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց եւ ապա վեհափառ հայրապետը Հոգւոց արտասանեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած մէկուկէս միլիոն նահատակներու հոգիներուն համար:
Վեհափառ հայրապետը եւ նախագահը վեհափառի գրասենեակին մէջ առանձին հանդիպում մը ունեցան, ապա անոնք միացան վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցող հիւրասիրութեան: Ներկայ էին, նախագահի պատուիրակութեան կողքին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, Ս. աթոռին միաբանութիւնը, ներկայ եւ նախկին պետական հայ երեսփոխաններն ու նախարարներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները, երեք քաղաքական կուսակցութեանց պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ գաղութին մէջ գործող ազգային, կրթական, բարեսիրական ու մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
«Մեր հայրենիք» եւ «Կիլիկիա» քայլերգներու երգեցողութենէն ետք խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր հայրենիք` ազատ անկախ… Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ, ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա… Հայաստանի ու Կիլիկիոյ նուիրուած այս օրհներգները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար սոսկ բառ ու եղանակ չեղան. անոնք դարձան հաւատք ու յոյս, վճռակամութիւն ու տեսիլք: Ա՛յս ոգիով ու յանձնառութեամբ այս Սուրբ աթոռը գործեց ու ծառայեց մեր ժողովուրդի համայնական կեանքին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եղաւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան, երբ մէկուկէս միլիոն հայեր զոհ դարձան թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձաւ խորհրդանիշ հաւատքի առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան` մեր ազգին ու եկեղեցւոյ հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքները եւ երազները կենսագործելով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձաւ խորհրդանիշ հայ ժողովուրդի վերածննդեան` սփիւռք դարձած մեր ժողովուրդի կեանքը յարութեան շունչով ու վերածննդեան ոգիով թրծելով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձաւ խորհրդանիշ ազգային պահանջատիրութեան` հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները պահանջելով ցեղասպան թուրքէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նաեւ դարձաւ խորհրդանիշ ազատ ու անկախ Հայաստանի. ան երազեց, տագնապեցաւ ու պայքարեցաւ, որպէսզի պայմաններու բերումով միագոյն դարձած Հայաստանը դառնայ Եռագոյն` ազատ ու անկախ»: Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Այսօր, մեր Աթոռը նո՛յն ոգիով, հաւատքով ու նուիրումով կը գործէ` մասնակից դառնալով Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման համազգային առաքելութեան»: Իր խօսքը նախագահ Սարգսեանին ուղղելով` վեհափառը ըսաւ. «Սիրելի՛ պրն. նախագահ, Մենք մօտէն կը հետեւինք Ձեր աշխատանքներուն. դուք այսօր իրաւատէրն էք հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն: Ձեր այցելութիւններուն ու հանդիպումներուն ընթացքին կ՛արծարծէք Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու վերականգնման հրամայականը: Մենք կը մնանք զօրակից Ձեզի` Ձեր հայրենաշէն ու ազգաշէն ծառայութեան մէջ»:
Ապա վեհափառ հայրապետը` իբրեւ ջերմ սիրոյ ու խոր գնահատանքի արտայայտութիւն, նախագահ Սարգսեանին շնորհեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան մեծ խաչի շքանշան»-ը, որ յատուկ է միայն նախագահներուն:
Վեհափառ հայրապետի ողջոյնի խօսքէն ետք, խօսք առնելով` նախագահ Սարգսեան իր ուրախութիւնը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն կատարած իր այցելութեան եւ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան ըսաւ. «Մեզի համար մեծ պատիւ է գտնուել այս Սուրբ Աթոռում եւ Արամ կաթողիկոսի ձեռամբ ստանալ այս մեծ պարգեւը: Երեւի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահները երջանիկ մարդիկ են, որովհետեւ աշխարհի շատ-շատ վայրերում արժանանում են ջերմ ընդունելութեան, որին չեն արժանանում շատ-շատ աւելի հզօր երկրների նախագահները: Հայաստանը հզօր է սփիւռքով եւ սփիւռքը հզօր է Հայաստանով: Սա կարգախօս չէ. սա մեր կեանքի բաղկացուցիչ մասն է եւ պատրաստ ենք մեծ ջանքերով ու ճիգերով ի կատար ածել բոլոր իղձերը: Սակայն Լիբանանի հայութիւնը եւ յատկապէս այս Սուրբ աթոռը տարբերւում են ո՛չ միայն հայաշատութեամբ, այլեւ մեր իղձերին նուիրուածութեամբ: Ակնյայտ է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միայն հոգեւոր կեդրոն չէ, այլեւ հայապահպանութեան հզօր աղբիւր է, որը զգում է ողջ հայութիւնը»:
Նախագահի խօսքէն ետք, վեհափառ հայրապետը, նախագահը, Առաջին տիկինը, միաբանութիւնը եւ հրաւիրեալները ուղղուեցան Մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ «Հանրապետական մաղթանք»` վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ: Անթիլիասի մայրավանքէն մեկնելէ առաջ, դարձեալ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառին ու նախագահին միջեւ` այս անգամ ներկայութեամբ նախագահի պատուիրակութեան մաս կազմող նախարարներուն: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու կարելիութիւններուն առնչուած հարցեր:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ, նախագահի Լիբանան ժամանելէն ու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին հետ տեսնուելէն անմիջապէս ետք, վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցած էր նախագահին հետ` անոր իջեւանած պանդոկին մէջ, եւ ճաշի հիւրը եղած էր անոր:
Այցելութիւն Հայկազեան Համալսարան
Նախագահ Սարգսեան ապա ուղղուեցաւ Հայկազեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի չորս յառաջատար համալսարաններու` Հայկազեանի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի, Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հայ եւ օտար ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմերու անդամներուն հետ: Ան անդրադարձաւ հայ-լիբանանեան սերտ յարաբերութիւններուն, Հայաստանի ներքին ու արտաքին հարցերուն եւ քաղաքական ուղեգիծին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:
Հայաստանի եւ Լիբանանի յարաբերութիւններուն անդրադառնալով` նախագահ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ զոյգ ժողովուրդներուն բարեկամութեան, անկեղծութեան եւ յարաբերութեանց ամրութեան մէկ ապացոյցն է նաեւ Լիբանանի իշխանութիւններու, խորհրդարանի եւ ժողովուրդի սկզբունքային դիրքորոշումը: Ան նշեց, որ Լիբանան առայժմ միջինարեւելեան միակ երկիրն է, որուն օրէնսդիր մարմինը Ցեղասպանութիւնը դատապարտող երկու բանաձեւ ընդունած է:
«Հայաստանի մէջ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը այնքան ալ լաւ վիճակի մէջ չէ, եւ մեր ժողովուրդը անցնելով երկար ու բարդ ճամբայէ, լաւ ապրելու իրաւունք ունի, սակայն մեր հայրենիքին մէջ տակաւին կան բազմաթիւ խնդիրներ, անկախ անկէ, թէ վերջին տարիներուն ընթացքին որքա՛ն շատ բան կարելի եղած է իրականացնել: Ընկերային-տնտեսական հարցերը, ի հարկէ, կարեւոր են, սակայն ամէնէն կարեւորը կենսականօրէն կարեւոր արտաքին խնդիրներն են` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը», յայտարարեց նախագահ Սարգսեան:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման` Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի դիրքորոշումը ընդունելի է ամբողջ աշխարհին կողմէ: «Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ չի կրնար ըլլալ: Ես ուրախ եմ, որ այս տարիներուն, մենք մեր սկզբունքներէն նոյնիսկ մէկ միլլիմեթր չենք նահանջած», հաստատեց Հայաստանի նախագահը:
Նախագահը իր ելոյթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին գծով հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը երբեք չէ հաշտուած եւ մնայուն կերպով ընդվզած է Ազրպէյճանին բռնակցելու` խորհրդային իշխանութիւններու ապօրինի որոշման, իսկ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք` արցախցիին ազատ ապրելու կամքը զէնքի ուժով խեղդելու երեւոյթին դէմ:
«Արդէն գրեթէ երկու տասնամեակէ ի վեր բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են, սակայն առայժմ խաղաղութեան համաձայնագիր չունինք, միայն մէկ պատճառով. Ազրպէյճանը պատրաստ չէ տագնապի փոխզիջումային լուծման, իսկ քարիւղային դիւրին եկամուտները այդ երկրի ղեկավարներուն մօտ գլխապտոյտ ու սին պատրանքներ յառաջացուցած են` տագնապի զինուորական լուծման ուղղութեամբ», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:
Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն առնչութեամբ նախագահը ըսաւ. «Մենք լուրջ կորուստներ կրած ենք, սակայն չենք կորսնցուցած մեր արժանապատուութիւնը եւ պատրաստ ենք երկխօսութեան: Խնդիրներու լուծման ամենակարճ ճամբան բանակցութիւններն են: Շատերը կ՛ըսէին, որ հայ-թրքական արձանագրութիւնները թրքամէտ են, եւ եթէ տարիներ անց կան մարդիկ, որոնք կը շարունակեն այդպէս մտածել, ապա ես անոնց կ՛ուզեմ հարց տալ. ինչո՞ւ Թուրքիան չի վաւերացներ այդ արձանագրութիւնները», ընդգծեց ան:
Ան խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ շուտով խաղաղութիւն տիրէ եւ մարդիկ իրենց բնականոն կեանքին վերադառնան:
Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ պատմական ու յատկանշական նկատեց նախագահին կողմէ համալսարան տրուած այցելութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանը միշտ ներկայութիւն եղած է Հայկազեանի մէջ` հիւր դասախօսներով, գրականութեամբ, զգացումով եւ տեսիլքով: Այս առիթով ան նախագահ Սարգսեանը պարգեւատրեց համալսարանի գերագոյն «Ծառայութեան վահան»-ի շքանշանով:
Հայկազեանի մէջ իր հանդիպումը աւարտելէ ետք, նախագահ Սարգսեան եւ հայկական պատուիրակութիւնը Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ հանդիպում մը ունեցան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցան միջհայկական միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը եւ ազգովին միատեղ համագործակցելու հեռանկարները:
Հանդիպումին աւարտին վեր. Գարակէօզեան նախագահ Սարգսեանի յանձնեց յուշանուէր մը:
Այն Թինէի Մէջ
Հայկազեան համալսարանէն ետք, նախագահ Սարգսեան ուղղուեցաւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Խորհրդարանի նախագահը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ի պատիւ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնց շարքին նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող երեսփոխաններ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ բարձրաստիճան բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին Պըրրի հանդէս եկաւ ճառով մը, որուն մէջ ողջունեց նախագահ Սարգսեանը եւ ըսաւ.
«Մեծ ուրախութիւն է, իմ եւ Լիբանանի խորհրդարանին անունով, այս կեդրոնին մէջ ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթել Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան: Կը փափաքէի, որ հանրապետութեան նախագահը լիբանանցի ժողովուրդին իր խօսքը փոխանցէր խորհրդարանի բեմէն, սակայն Վատիկանի մէջ Լիբանանի համար արժէքաւոր առիթ մը այս կեդրոնը վերածեց նման խօսքի մը ամպիոնին:
«Այսօր մենք կը հիւրընկալենք խորհրդանիշը բարեկամ պետութեան մը եւ բարեկամ ժողովուրդի, որուն հետ ունինք լաւագոյն մարդկային, բարոյական եւ պատմական յարաբերութիւնները: Յարաբերութիւններ, որոնք խարսխուած են գրաւումի եւ հոգատարութեան դէմ ու ազգային անկախութեան համար մղուած հասարակաց գոյապայքարի կապերու վրայ:
«Հայերուն համար Լիբանան տեւաբար եղած է երկրորդ հայրենիք: Անոնք հաստատ սէր եւ աներեւակայելի հաւատարմութիւն ցուցաբերած են Լիբանանի նկատմամբ: Հայաստան միշտ եղած է իսրայէլեան թշնամանքին դէմ Լիբանանի դիմադրութեան կողքին եւ զօրակցած է ու կը շարունակէ զօրակցիլ մեր երկրին, որպէսզի կարենանք ազատագրել Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած հողերը, գործադրել միջազգային օրինականութեան որոշումները, եւ նախ եւ առաջ թիւ 425 բանաձեւի գործադրութեան շարունակութիւնը, ինչպէս նաեւ 2006 թուականին մեր երկրին վրայ Իսրայէլի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին հետ առնչուած թիւ 1701 բանաձեւը:
«Ինչպէս նախապէս Հայաստանի խորհրդարանի բեմէն ըսի, Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունին հասարակաց բազում յայտարարներ, որոնց կարգին գլխաւորները` մեր ժողովուրդներուն սէրը` հողին եւ հայրենիքին նկատմամբ, եւ աշխարհի տարածքին հայերու ու լիբանանցիներու սփռուածութիւնը, որ կը կազմէ մարդկային կայսրութիւն մը, որուն վրայ երբեք արեւը մայր չի մտներ:
«Կայսրութիւն մը, որ աղբիւրը եղաւ գիրին, ճարտարարութեան եւ արհեստներուն: Այս սփռուածութիւնը տեղի չէ ունեցած սոսկ իբրեւ արդիւնք փափաքի, գաղթի կամ ձգտումի, այլ նաեւ իբրեւ հետեւանք միջինարեւելեան կացութիւններու, որոնք պարտադրուեցան շրջանի ժողովուրդներուն, ձեզի, մեզի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին: «Այս ժողովուրդը այսօր կ՛ենթարկուի իսրայէլեան բազմատեսակ ճնշամիջոցներու, օդային յարձակումներու, հաւաքական սպանութիւններու, ու յատկապէս երեխաներու սպանութեան, որուն ականատես եղանք հերոսական Կազայի դէմ սանձազերծուած վերջին պատերազմին ընթացքին:
«Պաղեստինցի ժողովուրդը այսօր կը տառապի իսրայէլեան գրաւումէն, ձերբակալութենէն, սեփականազրկումէն, բնակեցումէն եւ հրէականացման վատագոյն ճնշումներէն` սպասելով աշխարհի մայթերուն վրայ, սպասելով միջազգային ճանաչման թէկուզ իբրեւ պետութիւն եւ ոչ իբրեւ լիիրաւ անդամ: Արդեօք երկու օրէն կրնա՞նք ականատես ըլլալ միջազգային խղճի զարթօնքի մը` պաղեստինեան անունով եւ խորագիրով:
«Լաւագոյն յարաբերութիւններ կառուցելու մեր երկու ժողովուրդներու ձգտումները մարմնաւորուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի խորհրդարաններուն միջոցով, հանդիպումներու եւ փոխայցելութիւններու ճամբով թէ խորհրդարաններու գործակցութեան եւ փորձառութեանց փոխանակման համաձայնագիրներու ստորագրութեամբ: Տակաւին խորհրդարանական միջազգային թէ ասիական համաժողովներու ընթացքին գոյութիւն ունի տեւական գործակցութիւն երկու ժողովուրդներու շահերուն ի նպաստ` մեկնելով արդարութեան, խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու նկատմամբ մեր յանձնառութենէն:
«Վերջին տարիներուն Լիբանանի խորհրդարանը արտօնեց կառավարութեան ձեր երկրին հետ կնքելու ինը համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերին օդանաւային ծառայութեանց, ներդրումային պաշտպանութեան, առեւտրական, տնտեսական, գիտական, բարձրագոյն եւ երկրորդական կրթութեան, գիտութիւններու եւ մշակոյթի մարզերու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ տուրքերու կարգաւորման եւ առողջապահութեան մարզին:
«Խորհրդարանին մէջ մենք կը նկատենք, որ այս համաձայնագիրները անբաւարար են, եւ անհրաժեշտ է այլ մարզեր եւս ներառել: Թիւերու լեզուն ցոյց կու տայ, թէ փոխգործակցութեան արդիւնքները անհրաժեշտ չափերով չեն: Առ այդ, ձեր այս պատմական այցելութեան առիթով կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանցի եւ հայ գործատէրերուն` ի սփիւռս աշխարհի, որ յաւելեալ ներդրումներ կատարելով բարձրացնեն առեւտրական գործառնութեանց եւ փոխանակման մակարդակը մեր երկու երկիրներուն միջեւ:
«Մեր երկու երկիրներուն միջեւ կապերը պէտք է ծառայեն իբրեւ տիպար յառաջադէմ օրինակ` պետութեանց եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութեանց: Կը յուսանք, որ կարենանք գոհացում տալ ազգային մակարդակի վրայ ժողովրդավարութեան կառուցումի ժողովրդային ձգտումներուն: Ձգտումներ, որոնք կը ծառայեն սահմանադրութեան, կը յարգեն օրէնքները եւ դէմ կը կանգնին օրէնքի բռնաբարման կամ շահագործման:
«Ներկայ շրջանային իրականութիւնները կը նմանին Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներու ժամանակաշրջանի զարգացումներուն, որոնք մեր հայրենիքներն ու ժողովուրդները վերածեցին պատանդի: Քաղաքական այս հանգրուանին, Մեծն Միջին Արեւելքի քարտէսի վրայ գտնուող բոլոր երկիրներուն համայնապատկերին վրայ խոր հայեացք մը ցոյց կու տայ, որ բոլորս ալ ենթակայ ենք դաշինքի մը, որուն կողմերը գործածելով կառուցողական անիշխանութեան զէնքը, ըստ էութեան կը միտին տիրել մեր շրջանի մարդկային թէ բնական պաշարներուն ու տնտեսական, զինուորական թէ քաղաքական տիրապետութիւն հաստատել:
«Այս ամբողջ շրջանին այսօր կը սպառնայ «միքրօ աշխարհագրական» կոտորակում եւ բաժանում, ճիշդ այնպէս, ինչպէս անցեալին ստեղծեցին Սայքս Փիքոյի համաձայնագիրի կապոյտ եւ կարմիր գիծերը:
«Առօրեայ յաճախականութեամբ կը շարունակուի զինումը, նիւթականի հայթայթումը, մտավախութեան, մտահոգութեանց թէ անթեղուած խնդիրներու հրահրումը, պառակտումի որոմներու սերմանումը, որոնք բաժանում կը յառաջացնեն նոյնիսկ երկու անհատներու միջեւ:
«Արժէքաւոր այս աշխարհատարածքը, որ մշակոյթներու աղբիւրն է, եւ երկնային կրօններու ու պատմութիւն կերտողներու օրրանը, կ՛ապրի ազգային, կրօնական, համայնքային, յարանուանական բախումներու պայթիւնավտանգ կացութիւն, որուն վրայ կ՛աւելնայ շրջանին տիրապետելու պայքարը:
«Անցեալի փորձառութիւնները ապրած, այդ փորձառութիւնները սորված ու անոնցմով տառապած ղեկավարները, մեր ժողովուրդներու կատարած զոհողութիւններէն ամրացած այրեր, եւ անոնց կարգին դուք, վսեմաշուք նախագահ, հրաւիրուած են կատարելու նախաձեռնութիւններ, որոնք կը միտին բաց երկխօսութիւն ծաւալելու շրջանին մէջ, ապահովելու քաղաքական հասկացողութիւններ` բաժնեկցութեան սկզբունքէն մեկնելով պետութեան կառոյցներու վերարտադրութեան ու վերակառուցման նպատակով: Նման նախաձեռնութիւններ աւելի քան անհրաժեշտ են յատկապէս նկատի ունենալով տագնապները երկիրներու սահմաններէն անցնելու վտանգը եւ բռնութեան ու զէնքի գործածութեան ճամբով արիւնահեղութեան ու ապա ամբողջ կարողականութեանց սպառումը:
«Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ իբրեւ փորձառութիւն կը յիշենք, բայց չենք փափաքիր, որ կրկնուի, փաստեց, թէ կարելի չէ պատժել, լուսանցքայնացնել կամ ջնջել ոչ ոք, այլ հարցերու լուծումը կը կայանայ երկխօսութեան ճամբով փոխադարձ համաձայնութեան մէջ:
«Սիրելի մեր այս հիւրին ներկայութեան կը վերահաստատենք, որ երկխօսութիւնը միակ ուղին է վերադառնալու ԹաէՖի համաձայնագիրին եւ յստակացնելու, որ զէնքը պարզապէս հայրենիքի պաշտպանութեան ի սպաս է եւ թէ ան, որ Իսրայէլի նման թշնամի ունի, արդէն իսկ բաւարար թշնամի ունի, ու տակաւին հասնելու մեզ բաժնող զանազան հարցերու շուրջ համաձայնութեան, առանց սպասելու Սուրիոյ ճակատագիրին, որ իր կարգին պիտի չորոշուի ցարդ շարունակուող անձնասպանութեամբ, այլ` դարձեալ երկխօսութեամբ»:
Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Հայաստան մտահոգ է Միջին Արեւելքի հարցերով` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ կը գտնուի: Ան ըսաւ նաեւ, որ արաբական աշխարհը նոր հանգրուան մը մուտք գործած է` աւելցնելով, որ առաջին մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ բռնարարքներու եւ արիւնահեղութեան կասեցումը:
«Մենք մտահոգ ենք սուրիացիներուն ճակատագիրով եւ իբրեւ այդպիսին, բազմիցս կոչ ուղղեցինք Սուրիոյ իշխանութիւններուն` խաղաղ կերպով լուծելու իրենց տագնապը եւ պայքարելու Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատման ի խնդիր», շեշտեց ան:
Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ Լիբանան այսօր կ՛ազդուի շրջանին մէջ արձանագրուող արտակարգ զարգացումներէն:
Ան նշեց, որ հաւաքական իմաստունութիւնը, երկխօսութիւնը եւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումը պիտի չարտօնեն, որ Լիբանան ցնցումներու ենթարկուի:
Նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ հայրենի իշխանութիւնները պատրաստ են զօրակցելու Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան:
«Մեր շրջանը գիտէ ինչ ըսել է պատերազմ եւ լաւ կը հասկնայ պատերազմի ենթահող ունենալու իմաստը: Ազրպէյճան կը շարունակէ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն սերմանել եւ թշնամութիւն տարածել: Բայց եւ այնպէս շատերուն համար Հայաստանը ջնջելը պիտի մնայ երազ մը, այդ քաղաքականութեան գործադրութեան իբրեւ հետեւանք», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Զմմառու Վանք Այցելութիւն
Երեկոյեան ժամը 5:15-ին, նախագահ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ հայրենի պաշտօնական պատուիրակութեան, հասաւ Զմմառու վանք, ուր դիմաւորուեցաւ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, հայ կաթողիկէ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններու, քաղաքական գործիչներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:
Նախագահ Սարգսեան շրջելէ ետք Զմմառի վանական համալիրին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ հանդիսութեան մը, որուն ընթացքին Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան յայտնեց, որ Զմմառու պատրիարքական միաբանութիւնը գոյատեւելու համար կը կարօտի մայր հայրենիքի հոգիին ու շունչին:
«Լիայոյս ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մեր միաբանութեան միջեւ այս հոգեւոր ու մշակութային փոխյարաբերութիւնները զարգանան ու ամրապնդուին եւ մեր միաբանութիւնը բախտաւորութիւնը ունենայ հայրենի հողերուն վրայ գրանցուելու ձեր նախագահութեան օրերուն», ըսաւ ան:
Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց նախագահ Սարգսեանը եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը` ծառայելու թէ՛ Հայաստանին եւ թէ՛ սփիւռքին:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքը հաստատեց, որ 1991-էն ի վեր վատիկանեան եւ լիբանանեան դրօշակներուն կողքին կը ծածանի նաեւ Եռագոյնը:
Ան նշեց, որ երկու ամիս առաջ Զմմառու վանքը արժանացաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին գնահատանքին, որ վանքին ընդմէջէն ուղղուած էր համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ հայկական արժէքներուն:
«Այս գնահատանքները անփոխարինելի պարգեւատրումն են Հայ կաթողիկէ զմմառեան միաբանութեան քրիստոնէական եւ ազգային վաստակին», ըսաւ հոգեւոր տէրը:
«Պարո՛ն նախագահ, ձեր այցելութիւնը Հայաստանի եւ Զմմառու վանքին միջեւ նետուած կամուրջ մըն է, որ կը զօրացնէ մեր հաստատութիւնը` գործելու ի խնդիր Հայաստանի եւ հայկական պետականութեան հզօրացման», շեշտեց ան:
Իր խօսքին աւարտէն ետք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը նախագահ Սարգսեանը պարգեւատրեց Յակոբ Մեղապարտի մանրաքանդակով:
Ապա խօսք առաւ նախագահ Սարգսեան, որ արժեւորեց լիբանանահայութեան ջանքերը` պահպանելու համար ազգային հայկական աւանդը, մշակոյթն ու ձեռագիրները` աւելցնելով, որ լիբանանահայութիւնը մշտապէս դրսեւորած է յարատեւելու իր աննկուն յատկանիշը:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր բազմադարեան պատմութեամբ ունեցած է փառահեղ յաղթանակներ, մշակութային զարթօնքի, ինչպէս նաեւ ֆիզիքական գոյութեան պայքարի մաքառումներ:
«Գոյատեւման պայքարը ինքնին հերոսական է, բայց նաեւ կը համակուիս հպարտութեան զգացումով, երբ կը գիտակցիս, որ հայը ամէնուր կրցած է բարիք ու արժանիք ստեղծել», նշեց ան:
Ան հայ ժողովուրդին անսպառ վերելք մաղթեց` ազգային երազներու իրականացման ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ յարատեւութիւն մաղթեց` ձեռք բերուած արժէքները սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ յարատեւ հարստացնելու գործին մէջ:
Հանդիսութեան աւարտին Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան եւ Մաշտոցի մատենադարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիր մը:
Համաձայնագիրին նպատակն է ապահովել ժողովուրդին շահերը: Այս լոյսին տակ Մաշտոցի մատենադարանը փափաք յայտնած է ուսումնասիրելու եւ վերլուծելու Զմմառու մատենադարանի սեփականութիւնը եղող եւ մշակութային մեծ արժէք ներկայացնող ձեռագիրները, որոնք խտասալիկներով պիտի փոխանցուին մատենադարանին եւ ոչ թէ ձեռագիրները պիտի փոխադրուին Հայաստան:
Համագործակցութեան համաձայնագիրը ստորագրեցին Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան եւ Մաշտոցի մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան:
Պէտք է նշել, որ հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Ռոպերթ Մլքէեանի:
Ընթրիք` Ի Պատիւ
Հայաստանի Նախագահին
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Ֆոր Սիզընս» պանդոկին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը` ի պատիւ նախագահ Սարգսեանի, Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան:
Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը, նախարարներ, երեսփոխաններ, նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններ:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց նախագահ Սարգսեանն ու ներկաները եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց անոնց:
Ան նշեց, որ նախագահ Սարգսեանի Լիբանան այցելութիւնը պատմական մեծ իրադարձութիւն է` երկու երկիրներու ժողովուրդներուն պատմամշակութային կարեւոր յարաբերութիւններուն համար:
«Հպարտ ենք, որ ձեր ղեկավարութեամբ եւ մեր ժողովուրդի շարունակական ջանքերուն շնորհիւ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը հետզհետէ կ՛ամրապնդուին, հայոց բանակը կը հզօրանայ եւ տնտեսութիւնը կը զարգանայ: Համոզուած ենք, որ նախագահ Սարգսեանի Լիբանան այցելութիւնը նոր որակ կը շնորհէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացման եւ Հայաստան-սփիւռք փոխգործակցութեան հզօրացման», ըսաւ Ա. Քոչարեան:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս արտասանեց իր սրտի խօսքը` շեշտելով, որ ինք կը փափաքի ապրում մը եւ մտածում մը փոխանցել ներկաներուն:
Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ անցնող վերջին երկու օրերուն ընթացքին նախագահ Սարգսեանի հետ իր հանդիպումներուն լոյսին տակ ինք մտածած է, թէ 25 տարի առաջ ազատ եւ անկախ Հայաստան չունէինք: «Ո՞վ կը մտածէր ազատ եւ անկախ Հայաստան ունենալ», ըսաւ ան եւ Աստուածաշունչէն մէջբերեց ժամանակի նշանները կարդալու մարգարէութիւնը:
«Այս է պատմութիւնը: Պատմութեան ընթացքին արձանագրուած նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ եւ այդ նշանները ճիշդ կերպով կողմնորոշել: Մեր պատմութեան ընթացքին մեզի հարուածած են բոլորը, հարաւէն, հիւսիսէն, արեւելքէն, արեւմուտքէն: Բայց մենք յարատեւած ենք, որովհետեւ գոյատեւելու կամքը, հաւատքը, եւ տեսիլքը ունեցած ենք, ինչպէս նաեւ գիտցած ենք ժամանակի նշանները կարդալ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Մեսրոպ Մաշտոց, մինչեւ Կիլիկիա: Ժամանակի նշանները կարդացած ենք եւ փոթորիկին մէջ մեր ազգին դատը պահած ենք», շեշտեց վեհափառ հայրապետը:
Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ նաեւ Աստուածաշունչէն կատարուած երկրորդ մէջբերումի մը, որ «եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ»: Ան ընդգծեց, որ պատմութեան ընթացքին Աստուած մեզի հետ եղաւ եւ ահաւասիկ ունեցանք ազատ եւ անկախ Հայաստան` Արարատին դիմաց:
«Մեր մաղթանքն է, մեր աղօթքն է, մեր յոյսն է, մեր վճռականութիւնն ու պայքարն է, որ Հայաստանը օր մը ունենանք Արարատով: Այսօր Հայաստանը Արարատին դիմացն է, սակայն Արարատով Հայաստան ունենալը մեր ազգին, մեր հայրենիքին, սփիւռքին նպատակասլաց մօտեցումն է: Ահաւասիկ այս մտածումով, այս տեսիլքով եւ յանձնառութեամբ պիտի ողջունեմ ձեր բոլորին անունով, մեր սիրելի նախագահին եւ Հայաստանի Առաջին տիկնոջ ու պաշտօնական պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ նախագահ Սարգսեան հիւր չէ եւ շատ ճիշդ է, երբ ան կ՛ըսէ, թէ Հայաստան-սփիւռք մէկ ամբողջութիւն է: «Պէտք է զօրացնել Հայաստանը, որպէսզի սփիւռքը աւելի հզօրանայ եւ փոխադարձաբար: Մենք այս մօտեցումով եւ այս գիտակից յանձնառութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ եւ կ՛աղօթենք Աստուծոյ, որ մեր հայրենիքը պահէ զօրեղ, իր Ղարաբաղով հզօր, որպէսզի Հայաստան-Ղարաբաղ-սփիւռք մէկ ամբողջութիւն կազմեն, մէկ ազգի գիտակցութեամբ, մէկ անցեալէն եկող եւ մէկ ապագայ գացող որպէս ազգ», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս` մաղթելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ծառայութիւնը հարստանայ հայրենաշէն ու ազգաշէն իրագործումներով:
Ընթրիքի աւարտին խօսք առաւ նախագահ Սարգսեան, որ ընդգծեց լիբանանահայութեան իւրայատկութիւնը եւ անոր ունեցած համահայկական դերակատարութեան կարեւորութիւնը:




