50 Տարի Առաջ (29 Նոյեմբեր 1962)
Երեւանի Մատենադարանին
Հին Գանձերը
Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող Երեւանի մատենադարանը ծանօթ է իր ձեռագիր գանձերով: Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող 25,000 հայերէն ձեռագիրներէն տասը հազարէն աւելին կը գտնուի հոն: Կաշեկազմ այդ մատեանները իրենց մարգարտաշար գիրերով հին օրերու լուռ ու կենդանի վկաներն են: Այնքան հոյակապ են, այնքան ինքնատիպ, որ մարդիկ, հրապուրուած անոնցմով, երբեմն, կարծես, կը մոռնան Մատենադարանի դարակներուն մէջ ի պահ դրուած միւս հարստութիւնները, որոնց մէջ նոյնպէս քիչ չեն իսկական գանձերը` անցեալի հայ կեանքին ու մշակոյթին հրաշալի տեղեկութիւններ:
Ասոնք Մատենադարանին հին գիրքերն են:
Հին կը կոչուին իւրատեսակ տպագրութիւն եւ ձեւաւորում ունեցող մատեանները, որոնք լոյս տեսած են տպագրութեան գիւտէն մինչեւ 1800: Այս գիրքերը պատմականօրէն անմիջապէս յաջորդած են ձեռագիր գիրքերուն եւ, միեւնոյն ատեն, մէջտեղ եկած են անոնց հետ միասին:
Հին հայ տպագրիչներու ջանքերով լոյս տեսած են մօտ հազար տարբեր հայերէն հին գիրքեր: Ասոնք տպագրուած են զանազան երկիրներու մէջ: Ներկայիս մատենադարանը ունի հայ հին գիրքերու ամէնէն հարուստ հաւաքածոն` 480 գիրքերով:
Ամէնէն առաջ ուշադրութիւն կը գրաւեն, ի հարկէ, հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի հրատարակութիւնները: 450 տարի առաջ Վենետիկի մէջ անոր տպագրած գիրքերէն հինգը հասած են մինչեւ մեր օրերը եւ անոնցմէ չորսը` «Պարզատոմարը» (1512),Տաղարանը», «Ուրբաթագիրքը» եւ «Աղթարքը» կը գտնուին Մատենադարանին մէջ: Յ. Մեղապարտէն զատ, ծանօթ են ԺԶ. դարու ուրիշ երկու հայ տպագրիչներ` Աբգար եւ Յովհաննէս, որոնց տպագրած հազուագիւտ գիրքերէն, ինչպէս, օրինակ, Աբգար դպիրի «Սաղմոսարան» (1565) երեք օրինակները կը գտնուին Երեւանի մէջ:
Միւսը` ինքզինք Տերզնցի անուանող տիգրանակերտցի Յովհաննէսի տպագրած գիրքն է: Մեծ չարչարանքով 1580-ին Յովհաննէս ոտքով կը հասնի Իտալիա եւ Վենետիկի մէջ կերպով մը կը յաջողի տպագրել հայերէն «Սաղմոսարան»-ը:
ԺՅ. դարուն երկու հայատառ գիրքեր ալ տպագրած են եւրոպացիները: Ասոնցմէ մէկը` 1539-ին Փաւիայի (Իտալիա) մէջ Ամրոսիոսի տպագրած լեզուաբանութեան գիրքն է: Այդ հազուագիւտ գիրքը Լոնտոնէն նուէր ղրկած է ծանօթ ջութակահար Մանուկ Բարիկեան:
ԺԷ. դարու հայերէն տպագրութիւններու ամենահարուստ հաւաքածոն նոյնպէս Մատենադարանին մէջ կը գտնուի: Շատ հետաքրքրական են Նոր Ջուղայի մէջ 1640-42 տպագրուած երեք գիրքերը: Թէեւ շատ կոշտ են տպագրութիւնները, բայց եւ այնպէս շատ արժէքաւոր են հայ մշակոյթի պատմութեան համար, քանի որ նոր Ջուղայի տպարանը ամբողջութեամբ շինուած է հայերու ձեռքով, անկախ տպագրութեան եւրոպական գիւտէն:
Մէկը միւսին քով շարուած են նաեւ ԺԷ. դարուն Վենետիկ, Ամսթերտամ, Մարսէյ, Լիվոռնօ, Հռոմ, Կ. Պոլիս քաղաքներուն մէջ լոյս տեսած հայերէն գիրքերը: Հետաքրքրական է հայրենասէր տպագրիչ Յովհաննէս Անկիւրացիի 1643-ին Վենետիկի մէջ տպագրած գիրքը` Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս որդի» քերթուածը: Ասոր կողքին են Մատթէոս Ծարեցիի, Կարապետ Անդրիանեցիի, Նահապեհ Գիւլնազարի, Թադէոս Համազասպեանի, Վանանդեցիներու եւ, վերջապէս, հռչակաւոր Ոսկան Երեւանցիի տպագրած գիրքերը:
Ոսկան Երեւանցին էր, որ անասելի զոհողութիւններու գնով հիմնեց հայկական տպարան մը, պատրաստեց հայ տպագրողներու սերունդ մը, որոնք, երթալով այս ու այն կողմ` իրենք իրենց կարգին հիմնեցին նոր տպարաններ: Այսպէս, հայ տպագրութիւնը հաստատուեցաւ Կ. Պոլիս, անցաւ Զմիւռնիա, յետոյ` Հնդկաստան եւ Ռուսիա: Պոլսոյ բոլոր յայտնի եւ անյայտ հայ հին տպագրիչներու գիրքերէն ունի մատենադարանը: Հոն կը գտնուին նաեւ Մատրասի մէջ 1770-ին Շահամիրեաններու, ինչպէս նաեւ հայ առաջին պարբերականին հիմնադիր` Յարութիւն Շմաւոնեանի տպագրած գիրքերը, ապա` Կալկաթայի հայ հին տպարաններու գործերը, 1781-ին Փեթերսպուրկի մէջ տպագրուած առաջին հայերէն գիրքը, Նոր Նախիջեւանի եւ Աստրախանի տպագրութիւնները եւ այլն:
1771-ին Էջմիածնի մէջ հիմը դրուեցաւ Հայաստանի առաջին տպարանին, որուն հրատարակութիւններուն ամէնէն հարուստ հաւաքածոն դարձեալ Երեւանի մէջ կը գտնուի:
Շատ բովանդակալից են հայերէն հին գիրքերը: Բազմաթիւ արժէքաւոր բնագիրներ պահպանուած են այս հին գիրքերուն մէջ: Հին գիրքերուն մէջ են նաեւ Ագաթանգեղոսի, Խորենացիի, Եղիշէի, Եզնիկի, Նարեկացիի, Շնորհալիի, Վարդան Այգեկցիի, Առաքել Դավրիժեցիի եւ հայ ուրիշ մատենագիրներու գործերուն առաջին հրատարակութիւնները: Հին գիրքերը գրաբար են, բայց անոնց մէջ կան նաեւ քանի մը աշխարհաբար գիրքեր: Մատենադարանին ամէնէն արժէքաւոր գանձերէն է «Արհեստ համարոզութեան» անունը կրող (Մարսէյ, 1675) առաջին աշխարհաբար գրքին խիստ հազուագիւտ օրինակը:
Հին գիրքերը տպագրուած են ձեռագիրներու հիման վրայ, իսկ այդ ձեռագիրները մեծ մասով անհետացած են: Շատ մը ձեռագիրներ ալ ընդօրինակուած են գիրքերէն ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն եւ ԺԹ.ի սկիզբները:
Հարիւրամեակները իրենց հետքը ձգած են հին գիրքերուն վրայ, գիրքերէն շատեր խոնաւցած, մաշած, պակաս էջերով են: Հետաքրքրական են նաեւ Մատենադարանին կէս-հին, կէս-ձեռագիր գիրքերը: Մաշած եւ պատռած էջերուն փոխարէն` հայ տպագրողները փակցուցած են նորերը եւ պակասը լրացուցած` ձեռագիրով: Այդպէս է, օրինակ, Աբգար Դպիրի չորս հարիւր տարուան «Սաղմոսարան»-ին Մատենադարանին ունեցած օրինակներէն մէկը:
Ռ. ԻՇԽԱՆԵԱՆ

