Հետաքրքրական
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Սէ. Կենսանիւթը Կ՛0գնէ Հանճարեղ
Երեխաներ Ծնելու
Քոփենհակընի համալսարանի գիտականները հետազօտած են յղի կնոջ օրկանիզմը եւ յանգած են այն եզրակացութեան, թէ կարգ մը նիւթերու տոկոսը կրնայ վատ անդրադարձ ունենալ երեխայի ուղեղի զարգացման վրայ:
Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, Սէ. կենսանիւթը այն կարեւոր կենսանիւթն է, որ անհրաժեշտ է յղի կնոջ: Անոր պակասը կարելի չէ սրբագրել, նոյնիսկ եթէ ծնելէ ետք երեխային տրուի Սէ. կենսանիւթի անհրաժեշտ չափաբաժինը:
Հաստատուած է, որ այն երեխաները, որոնք մօր արգանդին մէջ չեն ստացած Սէ. կենսանիւթի անհրաժեշտ չափաբաժինը, հետագային կ՛ունենան տկար յիշողութիւն, կողմնորոշուելու դժուարութիւն եւ կեդրոնացումի պակաս:
Ահա թէ ինչո՛ւ յղի կինը կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնէ այս իրողութիւնը, եթէ կ՛ուզէ փայլուն միտքով երեխաներ աշխարհ բերել:
Մարզանք` Յոգնած Աչքերուն Համար
Համակարգիչին դիմաց երկար ժամեր նստելէ ետք բոլորս ալ հանգիստի կարիքը կը զգանք: Իսկ եթէ օրուան աւարտին ունենանք այն անախորժ տպաւորութիւնը, թէ մեր աչքերուն մէջ աւազ կայ, ուրեմն անհանգստանալու լուրջ հիմքեր ունինք:
Ամէնօրեայ վարժութիւնները կ՛օգնեն վերագտնելու աչքերու հանգստութիւնը եւ կը բարելաւեն տեսողութիւնը:
Աչքի մարզանքները պէտք է կատարենք օրական երկու անգամ եւ յատուկ ժամերու: Առաջին շաբաթներուն մենք առանձնապէս մեծ փոփոխութիւն չենք նկատեր, բայց աւելի ուշ աչքերու վիճակի յստակ բարելաւում կը զգանք:
Ստորեւ կու տանք վարժութիւններ. իւրաքանչիւրը պէտք է կրկնել 10 անգամ:
1.- Առանց գլուխը շարժելու` աչքերը շարժենք դէպի աջ, ապա` ձախ, դէպի վեր, ապա` վար:
2.- Շուրջ մէկ րոպէ արագ թարթենք աչքերը:
3.- Քթի ծայրին դնենք մեր ցուցամատը եւ հայեացքը դանդաղօրէն բերենք դէպի այդ կէտը:
4.- Մօտենանք պատուհանին, նայինք հորիզոնի որեւէ յստակ կէտի, անշարժացնենք նայուածքը, ապա նայինք աւելի մօտ որեւէ կէտի, օրինակ` պատուհանի փեղկին եւ կրկին անշարժացնենք նայուածքը:
Սեւ Տուրմը Կը Կանխարգիլէ
Մաշկի Ծերացումը
Օրական քանի մը կտոր սեւ տուրմ ուտելով` կը դանդաղեցնենք ծերացման բոլոր գործընթացները եւ յատկապէս` մորթի ծերացումը:
Բրիտանացի գիտնականները կը պնդեն, որ ասոր պատճառը սեւ տուրմին պարունակած ֆլաւոնոլն է:
Փորձաքննութեան ժամանակ կամաւորները բաժնուած են երկու խումբի: Առաջին խումբի ներկայացուցիչները 3 ամսուան ընթացքին սպառեր են ֆլաւոնոլի բարձր քանակութեամբ սեւ տուրմ, իսկ երկրորդ խումբի կամաւորները սովորական տուրմ կերած են:
Պարզուեր է, որ առաջին խումբի կամաւորներուն մորթը աւելի լաւ ձեւով պաշտպանուեր է անդրմանիշակագոյն ճառագայթներէն:
Խալերը Եւ Կեանքի Տեւողութիւնը
Լոնտոնի թագաւորական քոլէճի բժիշկները եկած են այն եզրակացութեան, որ մարդու մարմնի վրայի խալերու քանակով կարելի է մօտաւորապէս պարզել, թէ որքան երկար կ՛ապրի ան:
Հետազօտութեան մասնակցած են հազարէ աւելի կիներ` 18-80 տարեկան, եւ պարզուած է, որ այն մասնակիցները, որոնց մարմնին վրայ 25-էն պակաս խալ կայ, աւելի մեծ հակում ունին օսթէոփորոզի, քան անոնք, որոնք 100-է աւելի ունին:
Այսպէս, կը պարզուի, որ բազմաթիւ խալեր ունեցողները աւելի ամուր ոսկորներ կ՛ունենան, քան` քիչ խալ ունեցողները:
Քաֆէինը Լաւատեսութիւն Կը Շնորհէ
Քաֆէինը կ՛օգնէ մարդոց աւելի վառ գոյներով տեսնելու կեանքը եւ խօսակցութեան ընթացքին ընտրելու դրական բառեր: Այս եզրակացութեան յանգած են գերմանացի գիտնականներ, որոնք փորձ կատարած են 66 կամաւորներու վրայ:
Այսպէս, կամաւորներէն պահանջուած է մեկնաբանել պաստառի մը վրայ անցնող նկարները: Կամաւորներէն անոնք, որոնք քաֆէին չեն ստացած, մէկ բառով, կցկտուր մեկնաբանութիւններ կատարուած են, մինչդեռ անոնք, որոնք օրական 2 – 3 բաժակ սուրճ խմած են, դրական բառերով, յստակ եւ լաւատես մեկնաբանութիւններ տուած են նոյն այդ նկարներուն:
Ձեզի կը ձգենք եզրակացութիւնը…
Երջանկութիւնը Վարակիչ Է
Ամերիկացի գիտնականներ համակարգած են 5 կարեւորագոյն սկզբունքները, որոնք կ՛օգնեն երջանիկ ըլլալու: Եկէ՛ք ծանօթանանք:
ա.- Աւելի յաճախ բարի գործեր կատարեցէք:
բ.- Շնորհակալ եղէք: Քանի մը շաբաթ փորձեցէք ամէն ինչի համար ձեր շնորհակալութիւնը յայտնել, նոյնիսկ եթէ մեծ բաներ չեն պատահած: Կը բաւէ, որ մտածէք, թէ առողջ էք, ուրիշէն կախեալ չէք, առանձին չէք, կ՛աշխատիք եւ այլն…
գ.- Մտածեցէք լաւ բաներու մասին: Յաճախ պատկերացուցէք, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրականանան ձեր երազները:
դ.- Յաճախ դրսեւորեցէք ձեր առաւելութիւնները, արժանիքները:
ե.- Յաճախ յիշեցէք ձեր ուրախ պահերը: Հաստատուած է, որ երջանիկ պահերը վերյիշելը կրնայ ներկայութեան պատրանք ստեղծել եւ անգամ մը եւս երջանկացնել ձեզ:
Բացի այս խորհուրդներէն, իմացէք նաեւ, որ երջանկութիւնը վարակիչ է: Երջանիկ մարդու կողքին ապրիլը 25 հարիւրով կը բարձրացնէ երջանկութեամբ վարակուելու ձեր հնարաւորութիւնը:
Մեր Զաւակները Եւ Մենք
Գծելը` Ինքնարտայայտման
Միջոց Երեխային Համար
Փոքրերուն երեւակայութիւնը անսպառ է: Հոգեբաններուն կարծիքով, երբեմն փոքրերը չեն կրնար բառերով շատ բան արտայայտել, հետեւաբար կանուխէն անոնք իրենց տրամադրութեան տակ պէտք է ունենան թուղթ եւ գունաւոր մատիտներ` իրենց միտքերը այլ ձեւով արտայայտելու եւ ինքնադրսեւորելու համար:
Գծելու պահանջը բոլոր տարիքի երեխաներուն մօտ գոյութիւն ունի, բայց կարգ մը երեխաներու մօտ այդ պահանջը շատ աւելի շեշտուած է, տրուած ըլլալով, որ գծագրութիւնը ինքնադրսեւորման միակ միջոցն է:
Մանկավարժներու եւ հոգեբաններու կարծիքով, ծնողները պէտք է այս գծով շատ հետեւողական ըլլան եւ փոքրիկը չզրկեն ինքնաարտայայտման իւրօրինակ հնարաւորութենէն:
Անկախ անկէ, որ փոքրիկը ապագային գեղանկարիչ կը դառնայ, թէ ոչ գծելը կը զարգացնէ անոր երեւակայութիւնը եւ աշխարհընկալումը: Ան կը սկսի ճիշդ գոյները ճիշդ տեղերը գործածել եւ գեղեցիկի ճաշակը զարգացնել իր մէջ:
Հոգեբաններ յաճախ գծագրութիւններու ճամբով կը յայտնաբերեն երեխային մէջ թաքնուած բարդոյթներ, վախեր, հոգեկան անհանգստութիւններ եւ այլն…
Խոհագիր
Ապուր` Հացի Մէջ
– Կէս քիլօ կարմիր միս
– 4 գետնախնձոր
– 1 սեխ
– 1 ստեպղին
– Հաւու մսաջուր
– Լոլիկի խիւս
– 2-3 ապուրի դգալ ալիւր
– Բաւական ձէթ
– Կարծր պատեանով կլոր հաց
– Աղ, պղպեղ
Պատրաստութիւն
Միսը խորանարդաձեւ կտրտել, տապկել, բուսական իւղի մէջ, համեմել աղով եւ պղպեղով:
Սոխը մանրել, ստեպղինը քերոցէ անցնել եւ երկուքը աւելցնել միսին վրայ: Ապուրի դգալ մը լոլիկի խիւսը տաք ջուրով լուծել եւ աւելցնել միսին:
Գետնախնձորը խորանարդաձեւ կտրտել եւ խաշել:
Կաթսայի մը մէջ փոխադրել համեմուած միսը, բանջարեղէնները եւ խաշած գետնախնձորը: Աւելցնել հաւու (կամ կովու) մսաջուր եւ կէս ժամ եփել:
Կլոր հացերը «գլխատել», միջուկը պարպել, ապա իւրաքանչիւրը ալիւմինիոմ թուղթի մէջ փաթթել եւ փուռին մէջ 15 վայրկեան եփել:
Երբ ապուրը եփի, աւելցնել ալիւրը եւ խառնել, որպէսզի քիչ մը թանձրանայ:
Հացերը հանել փուռէն, հանել ալիւմինիոմ թուղթերը եւ իւրաքանչիւրին մէջ լեցնել ապուրը եւ հրամցնել հացէ կափարիչով, գոց վիճակով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Շատախօս Անձրեւը
Մի օր քեզ կը տեսնեմ
Պատուհանի մօտ կանգնած,
Երբ անձրեւը կը թափուի
Մայթերի վրայ յոգնած:Շատախօս անձրեւը,
Երկնքից թափւում է ցած,
Նա ինձ յիշեցնում է
Երջանիկ օրերն անցած:Ես անձրեւի ձայնը լսելիս
Յիշում եմ մեզ, իմ սիրելի՛ս,
Անձրեւի տակ համբուրուելիս:Շատախօս անձրեւը, շատախօս անձրեւը,
Երկնքից թափւում էր ցած,
Նա մեզ հետ երգում էր, նա մեզ հետ երգում էր`
Երջանկութիւնից հարբած:Մարդիկ` կեղծ ու բարեպաշտ, մեղաւոր են անկասկած,
Որ քաղաքը լի է միշտ բամբասանքներով անվարձ:
Եւ մեր քնքուշ սէրը անձրեւի պէս, սէ՛ր իմ
Ցեխոտ մայթերին մնաց:
Եւ մեր քնքուշ սէրը, եւ մեր երդումները,
Ա՜խ կեղտոտուեցին յանկարծ:Ռ. ՀԱԽՎԵՐԴԵԱՆ


