Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ԱԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Հայութեան Հարցերը Համահայկական Ջանքերով
Լուծելու
Կոչ Կլենտէյլի Հանրային Հաւաքէն

Ձախէն աջ` Րաֆֆի Յովհաննէսեան, տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան եւ Յարութ Սասունեան

Նոյեմբեր 16-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած «Հայաստանը եւ սփիւռքը ճգնաժամային խաչմերուկներու առջեւ» խորագիրով դասախօսական հանրային ձեռնարկին ընթացքին Հայաստանի Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Վիգէն Յովսէփեան քննարկեցին վերջին 21 տարիներուն ընթացքին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:

Եկեղեցւոյ սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած հանրութեան առջեւ իր ելոյթին ընթացքին, տոքթ. Վ. Յովսէփեան յիշեցուց շարք մը դէպքեր` Ցեղասպանութեան յիսնամեակը, 1988-ի երկրաշարժը եւ Արցախի տագնապը, որոնք յաջողած են միասնական ուժի մը վերածել հայութիւնը, եւ շեշտեց, թէ նման միասնակամութիւն կը պակսի եւ անոր կարիքը կայ 21-րդ դարուն եւս:

Այս նպատակին հասնելու համար ան շեշտեց ազգային գաղափարախօսութեան մը հետեւելու կարեւորութիւնը. գաղափարախօսութիւն մը, որուն մէջ նկատի կ՛առնուին ամբողջ հայութեան շահերը:

Վ. Յովսէփեան ազգային գաղափարախօսութեան պակասին ստեղծած վտանգներէն մէկը նկատեց Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները եւ աւելցուց, թէ ամբողջ հայութիւնը գոյութենական վտանգի մը առջեւ կը գտնուի, որովհետեւ Հայաստան կը շարունակէ իր ստորագրութիւնը պահել այդ արձանագրութեանց տակ:

Ան աւելցուց, թէ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները պէտք է վերածուէին ամբողջ հայութիւնը ի մի բերելու ազդակի մը, եւ կոչ ըրաւ, որ Գոհաբանութեան օրուան ընթացքին պատկերասփռուած դրամահաւաքին հասոյթը ամբողջութեամբ տրամադրել սուրիահայութեան օժանդակութեան նպատակին, յոյս յայտնելով, որ«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը գումարին միայն 10 տոկոսը տրամադրելու իր որոշումը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ: Ան աւելցուց, որ նման որոշում մը, նիւթական օժանդակութեան բերելիք օգուտէն անդին, աւելի արժէքաւոր պիտի դառնայ իբրեւ ազգային միասնականութեան արտայայտութիւն, որովհետեւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տագնապը համահայկական տագնապ մըն է եւ զայն պէտք է դիմագրաւել համահայկական ջանքերով:

Իր կարգին, Րաֆֆի Յովհաննէսեան շեշտը դրաւ Հայաստանի ընկերատնտեսական կացութեան վրայ` շեշտելով, թէ Հայաստան պէտք չէ վերածուի քաղաքական մէկ ուժի մը կամ անհատի մը տիրապետութեան տակ գտնուող երկրի, որովհետեւ Հայաստան կը պատկանի իւրաքանչիւր հայու:

Ան իր ընդդիմութիւնը արտայայտեց Հայաստանի դիմագրաւած իրավիճակին, զոր հետեւանք նկատեց Հայաստանի անկախութենէն ի վեր տրուած շարք մը սխալ որոշումներու, որոնց շարքին` Հայաստանի ենթակառոյցի հիմնական հատուածներու վաճառքը, որուն պատճառով ուժանիւթի եւ հեռահաղորդակցութեանց նման մարզեր կը շարունակեն պետութեան հակակշիռէն դուրս մնալ:

Յովհաննէսեան նաեւ շեշտեց, որ Հայաստան լաւապէս չէ օգտագործած իր կարողականութիւնը` թօթափելու համար յետխորհրդային շրջանի մարտահրաւէրները, եւ այդ պատճառով ալ չէ կրցած վերածուիլ միջազգայնօրէն կարեւոր դերակատարի մը:

Վերանկախացած Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարարը հանդիսացած Յովհաննէսեան նաեւ ցաւ յայտնեց, որ վերջին երկու տասնամեակներուն կարելի չէ եղած լաւապէս օգտագործել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապերը ամրապնդելու առիթները շեշտելով, թէ իւրաքանչիւր հայորդի դերակատար պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ սփիւռքի մարտահրաւէրները յաղթահարելու գործին մէջ:

Ուրբաթ օրուան ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայ իրաւաբանական միութեան եւ Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց եւ ներկաները ողջունեց Միգանուշ Աճէմեանը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով դասախօսներուն եւ շեշտելով քննուելիք հարցերուն կարեւորութիւնը:

Օրուան զրուցավարն էր «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանը, որ նմանապէս շեշտեց հայութիւնը դիմագրաւող հարցերը միացեալ ջանքերով յաղթահարելու կարեւորութիւնը:

Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանին Մէջ
Յատուկ
Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ
Արցախի
Պատուիրակութեան

Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքի կազմակերպական աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով, երեքշաբթի, նոյեմբեր 20-ին այցելած է Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթօ:

Օրուան առաջին կիսուն պատուիրակութիւնը մասնակցած է յատուկ ընդունելութեան մը, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած էր Արցախի պատուիրակութեան ի պատիւ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեանի եւ նահանգային ծերակոյտի անդամներ Քեւըն տը Լէօնի նախաձեռնութեամբ:

Իր խօսքին մէջ ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Արցախի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները` արժեւորելով երկրին մէջ իրականացուող քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումները: Խորհրդարանի նախագահը այս ծիրէն ներս կարեւոր համարած է Միացեալ Նահանգներու եւ մասնաւորապէս Քալիֆորնիոյ մէջ ապրող հայերու մասնակցութիւնը` հայրենիքին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, եւ կոչ ըրաւ շարունակելու աջակցութիւնը նաեւ մասնագիտական ու խորհրդատուական ձեւերով:

Ողջունելով պատուիրակութեան անդամները` Քալիֆորնիոյ խորհրդարանականները վերահաստատած են Արցախին առնչուող հարցերը իրենց ուշադրութեան կեդրոնը պահելու պատրաստակամութիւնը եւ` յոյս յայտնած, որ հաստատուած համագործակցութիւնը պիտի ամբողջանայ գործնական քայլերով:

Օրուան երկրորդ կիսուն Արցախի պատուիրակութիւնը այցելած է Պըրքլի քաղաքը, որուն համալսարանին մէջ կազմակերպուած էր կլոր սեղան մը` նուիրուած ԼՂՀ-ի ընտրութիւններու դիտարկման գործընթացին: Քննարկումներուն զեկուցումներով հանդէս եկած են այս տարուան յուլիս 19-ի Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ միջազգային դիտորդներ մասնակցած խումբ մը մասնագէտներ: Դիտորդները համակողմանի կերպով վերլուծած են անցած ընտրութիւնները` զանոնք բաղդատելով տարբեր ընթացակարգերու հետ եւ, ընդհանուր առմամբ, բարձր գնահատած են Արցախի մէջ հաստատուած ընտրական աւանդոյթը` զայն գնահատելով իբրեւ ժողովրդավարական, ազատ ու թափանցիկ:

Կլոր սեղանի ընթացքին ելոյթ ունեցած է նաեւ ԼՂՀ խորհրդարանի նախագահը: Աշոտ Ղուլեան անդրադարձած է դիտորդներու կողմէ ներկայացուած դիտողութիւններուն եւ` վստահեցուցած, որ Արցախի իշխանութիւնները շահագրգռուած են ընտրական գործընթացներուն հանդէպ միջազգային փորձագէտներու գնահատականներով, ու այդ իսկ պատճառով վճռական են կատարելագործելու ընտրական օրէնսդրութիւնը` զայն նկատելով պետական իշխանութեան ձեւաւորման ժողովրդավարական միջոց:

Աւարտին, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահը պատասխանած է քննարկման մասնակիցներուն հարցումներուն:

Համազգայինի «Նայիրի», «Մեղրի» Եւ
«
Վանուշ Խանամիրեան» Ակադեմիայի
Միացեալ Երգի Ու Պարի Ելոյթ

10 նոյեմբերին Նիւ Ճըրզիի Լոտա քաղաքի «Ֆիլիշըն» քոլեճի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան  եւ «Վանուշ Խանամիրեան» պարարուեստի ակադեմիայի միացեալ ձեռնարկ:

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Յասմիկ Աբրահամեան: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինը ունի 84 տարուան պատմութիւն, իսկ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը` 44, սակայն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք մայր հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան կապերը աւելի եւս զօրացան` հայ մշակոյթի տարածման առաքելութեամբ:

Լուսին Ճրճըրեան իր կարգին անդրադարձաւ տարուած աշխատանքին տարողութեան` մասնաւորաբար դրուատելով պարուսոյց Թովմաս Յարութիւնեանը, որուն ղեկավարութեան տակ իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի «Նայիրի» եւ Ֆիլատելֆիոյ «Մեղրի» պարախումբերն ու «Վանուշ Խանամիրեան» պարի ակադեմիայի Նիւ Եորքի եւ Քենեթիքեթի պարախումբերը:

Յայտնենք, որ յայտագրին մեծ մասը տրամադրուած էր Ինկա եւ Անուշ Արշակեան քոյրերուն:

Բացում Փրոֆ. Յարութ  Պարսամեանի 
Անուան
Սենեակի

Նոյեմբերին 20-ին Ըրվայնի համալսարանին  մէջ տեղի ունեցաւ բացումը փրոֆ. Յարութ  Պարսամեանի անուան սենեակին:

Ազգային բարերար փրոֆ. Յարութ  Պարսամեան տարիներ շարունակ դասաւանդած է այս համալսարանին մէջ:

Յանուն առաջնորդ սրբազանին, ներկայ էր նաեւ Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց  եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ.  Փեհլիւանեան: Յայտնենք, որ առաջնորդ  սրբազանը այս առիթով շնորհաւորական  նամակ մը յղած էր մեծարեալին` բարձր  գնահատելով մեր ժողովուրդին ու գիտական  աշխարհին անոր նպաստը եւ  բարեմաղթութիւններ փոխանցելով այս ուրախ առիթով:

 

Պոլիս

«Ակօս»-Ի Մէջ Կը Փորձեն Փափուկ Ոճով
Իրազեկել
Ցեղասպանութեան Մասին

Պոլսոյ «Ակօս»-ի խմբագրութեան մէջ հայ լրագրողներու հետ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամին կազմակերպած հանդիպման ընթացքին թերթի խմբագրապետ Ռոպեր Քոբթաշ յայտնԵց, թէ 2007-էն առաջ «Ցեղասպանութիւն» բառին օգտագործումը նոյնիսկ պատճառ կրնար դառնալ, որ դատախազը հետապնդէր, սակայն այսօր պարզ է: Հրանդ Տինքի օրով աւելի դժուար եւ կամ վախնալով կ՛օգտագործուէր «Ցեղասպանութիւն» բառը: Հիմա աւելի հանգիստ կը գործածուի:

Ան շեշտեց, որ իրենց փափաքն է, որ Հայկական հարցը արդար կերպով լուծուի,  Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, եւ ասոր համար աշխատանք կը տանին:

Ան նկատել տուաւ, որ այդքան ալ դիւրին չէ համոզել թուրք ժողովուրդըե յատկապէս որ թուրքերը իրենց ուսումը կը ստանան պետական դպրոցներու մէջ, կը մեծնան պետական քարոզչութեան տակ, անոնց կը սորվեցնեն, որ թուրքը յանցաւոր չէ, որ յանցաւորը հայերն են, որ Ցեղասպանութիւն չէ եղած, հայը դաւաճան եղած է եւ պատժուած է ատոր համար:

Ան աւելցուց, որ իսկական պատմութիւնը,  մարդկային պատմութիւնը, մեր ընտանիքներու պատմութիւնը, իրական պատմութիւնը, մեր փորձառութիւնով, սփիւռքի, Հայաստանի փորձառութիւնը պատմելու ջանքին մէջ են, եւ ասոր համար ալ կարելի չէ շատ խիստ ոճ  գործածել, այլապէս անլսելի կը դառնայ իրենց ձայնը:

 

Կիպրոս

Վահէ Պէրպէրեանի Ելոյթը

Հոկտեմբեր 17-ին կիպրահայութիւնը առիթը ունեցաւ վայելելու անուանի զուարճախօս Վահէ Պէրպէրեանի երգիծական արուեստը,  ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի կազմակերպած ներկայացումին,  որ տեղի ունեցաւ «Փասիտի»-ի հանդիսասրահին մէջ:

Վահէ մօտաւորապէս երկու ժամ, առանց դադարի խօսեցաւ ու կատակեց` անզուսպ ծիծաղի ալիքներ բարձրացնելով ներկաներուն մէջ: Երգիծաբանի սուր տեսողութեամբ ան մեր ժողովուրդին լաւն ու վատը, լուրջն ու ծիծաղելին ծրարեց ու ետ ժողովուրդին հրամցուց` շեշտադրելով անոր տկարութիւններն ու առաւելութիւնները:

Ժիլպեռ Սիմոն` ՀՕՄ–ի Ճաշկերոյթին

Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղին, 28 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ ռոք երգիչ Ժիլպեռ Սիմոն, որ իր խանդավառ ելոյթով մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուց սրահէն ներս:

 

Ռուսիա

Հայ Երիտասարդները Միաւորուեցան`
Դիմագրաւելու
21-րդ Դարու Մարտահրաւէրները

Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, աջակցութեամբ Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Տոնի նախիջեւանեան հայկական համայնքին, 16-19 նոյեմբերին Ռուսիոյ Տոնի Ռոստով քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ երկրներու հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու առաջին համաժողովը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը:

Համաժողովին նպատակն էր ԱՊՀ երկրներուն մէջ աջակցիլ երիտասարդութեան համախմբման եւ հայապահպանութեան նպաստող համատեղ ծրագիրներու մշակման ու իրականացման:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայ համայնքի ղեկավար Յարութիւն Սուրմալեան:

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ջիլաւեան կարդաց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ուղերձը, որուն մէջ նախարարը հաստատած էր, որ ներկայ երիտասարդները իրենց ունակութիւններով ու հնարաւորութիւններով գործօն մասնակցութիւն կ՛ունենան հայրենիքի հզօրացման, անվտանգութեան ու յառաջընթացին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան նաեւ գլխաւոր հիւպատոս Արարատ Գոմցեան եւ Ռոստովի մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներ:

Համաժողովին հիմնական` «21-րդ դարու մարտահրաւէրները եւ հայ երիտասարդութեան հիմնախնդիրները» խորագրով զեկուցմամբ հանդէս եկաւ նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեան:

Երիտասարդական կազմակերութիւնները ներկայացուցին իրենց  գործունէութիւնը :

Համաժողովի ընթացքին երիտասարդ առաջնորդները ներկայացուցին իրենց ծրագիրներն ու ձեռնարկները:

 

Վիեննա

Հնատիպ Գիրքին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան, օժանդակութեամբ Վիեննայի Հայ առաքելական եկեղեցական վարչութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը 2012-ին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելուն նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս 22 նոյեմբերին Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մէջ տեղի ունեցաւ հայ տպագիր գիրքի 500-ամեայ յոբելեանին եւ Վիեննայի մէջ Մխիթարեան տպարանի հիմնադրման 200-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ:

Ելոյթներով հանդէս եկան Աւստրիոյ, ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի եւ Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ գործող Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան, Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մասնաճիւղի առաջնորդ հայր Պօղոս Գոճանեան, Սալզպուրկի համալսարանի փրոֆ. հայագէտ Ժասմին Տում-Թրակուտ:

Դեսպան Կիրակոսեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ ընթացիկ տարուան մէջ նշուող Հայաստանի եւ Աւստրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեայ յոբելեանին եւ այդ առիթով Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշերի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութեան` այս տարուան յունիսին Հայաստան կատարած պաշտօնական այցին:

Մխիթարեան թանգարանին մէջ կազմակերպուեցաւ հայ հնատիպ գիրքի ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են 1512-էն ի վեր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ հրատարակուած եւ միաբանութեան թանգարանին մէջ պահուած հայ գրատպութեան նշանաւոր նմուշները:

Դեսպանութեան ջանքերով կազմակերպուեցաւ նաեւ համերգային ծրագիր` Աւստրիոյ Կրաց քաղաքի Արուեստներու համալսարանին մէջ 2007 թուականին հիմնադրուած լարային քառեակի եւ Երեւանէն ժամանած երիտասարդ երգչուհի Էկա Հորստկայի մասնակցութեամբ: Ներկայացուեցան Կոմիտասի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Պաղտասար Դպիրի ստեղծագործութիւնները:

 

Դանիա

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Սկանտինաւեան
Արձագանգը
» Խորագրով Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Դանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Դանիոյ Թագաւորական գրադարանին, համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, 6 նոյեմբերին Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ սկանտինաւեան արձագանգը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացում:

Ցուցադրութեան մաս կազմող 14 պաստառները կը ներկայացնէին Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք սկանտինաւեան միսիոնարներու, դիւանագէտներու, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, լրագրողներու, բարեգործական կազմակերպութիւններու, բժիշկներու եւ ուրիշներու արձագանգը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրագործուած զանգուածային բնաջնջման քաղաքականութեան:

Բացման խօսքը արտասանեց գրադարանի ղեկավար Հանս Քրիստիան Միկելսեն:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան` «Հայոց ցեղասպանութեան եւրոպական յիշողութեան սկանտինաւեան ուղղութիւնը» թեմայով:

Կիւլինկի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Մոկենս Հոյմարկն իր ելոյթին մէջ  ներկայացուց դանիացի հայասէր Քարեն Եփփէի կեանքը եւ գործունէութիւնը: Խօսք առաւ նաեւ Եուսի Փիոռնը` ներկայացնելով իր մեծ մօր` նորվեկիացի միսիոնար Պոտիլ Փիոռնին նուիրուած «Չերգուած հերոսուհին» ժապաւէնի նախագիծը:

Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաճանեան նշեց, որ սկանտինաւեան երկիրներու բազմաթիւ քաղաքացիներ արձագանգեցին հայ ժողովուրդին պատուհասած այդ արհաւիրքին եւ կրցան մարդասիրական լայն գործունէութիւն ծաւալել հայերը փրկելու, ապաստան տալու եւ սնունդ ապահովելու ուղղութեամբ:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 դեկտեմբեր:

 

Փարիզ

Համերգ` Ի Նպաստ Դպրոցին

Հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի, 11 նոյեմբերին Շաւիլի Աթրիոմի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ, ի նպաստ տեղւոյն «Լեւոն Շանթ» դպրոցին:

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով զոհուած մեր հայրենակիցներուն յիշատակին:

Յայտագրին առաջին մասը բաղկացած էր երեք բաժիններէ` կոմիտասեան երգերու ընտրանի մը, ուրիշ հեղինակներու գործեր եւ Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները: Այս կտորները  մեկնաբանեցին Մկրտիչ Մկրտչեան, Մարալ Վարդանեան եւ Իվոն Պոնիֆաս:

Երկրորդ մասը յատկացուած էր «Նաւասարդ» նուագախումբին ու իր տասներկու երաժիշտներուն` ղեկավարութեամբ Զատիկ Փանոսեանի, որոնք շուրջ մէկ ժամ ընկերացան Ռոզին Թաշճեանին եւ Մարալ Վարդանեանին որոնք մեկնաբանեցին ժողովրդական եւ հայրենասիրական զանազան երգեր: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երկու աշակերտուհիներ` Լուսինէ Տէր Բարսեղեան եւ Նունէ Թոփալեան:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ յորդորեց ներկայ ծնողները` պահպանել հայերէնի գործածութիւնը տուներէն ներս ու ընդգծեց հայկական դպրոցին կենսական դերը` սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES