Իբրեւ Պատրաստութիւն «Պէյրութ Չանթս» Փառատօնին. Համազգայինի «Կարկաչ» Պատանեկան Երգչախումբը` Քջակ-ի Մէջ
Հինգշաբթի, 22 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 5:00, Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, խմբավար Զաքար Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ եւ Սիրվարդ Պոյաճեանի դաշնակի նուագակցութեամբ, արդէն աւանդական դարձած աշխատանքային օր մը ունեցաւ Հայ աւետ. ՔՋԱԿ-ի մէջ երգչախումբը սոյն օրուան ընթացքին հաճելի խաղերու եւ երաժշտական զարգացումի մթնոլորտի մը մէջ պատրաստեց շարք մը նոր երգեր, որոնք պիտի հնչեն այս տարուընէ սկսեալ` եւրոպական միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ ընդգրկուած «Պէյրութ Չանթս» երաժշտական փառատօնի ընթացքին:
Յայտնենք, որ 1-25 դեկտեմբեր Կեդրոնական Պէյրութի 9 տարբեր եկեղեցիներու մէջ ամէնօրեայ դրութեամբ համերգային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են երեք հայկական համերգներ: 5 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քափուչին միաբան հայրերու «Սեն Լուի» եկեղեցւոյ մէջ հայկական հոգեւոր, դասական, ժողովրդային եւ ժամանակակից ստեղծագործութիւններու «Հայկական խճանկար 3» նոր յայտագիրը պիտի մատուցէ Զաքար եւ Կամիլա Քէշիշեան ամոլը (Տուտուկ, շուի, դաշնակ, երգեհոն), 12 դեկտեմբերին Հայ կաթողիկէ «Սուրբ Եղիա» եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Հայ Աւետարանական «Արմիս» երգչախումբը (խմբավար` Կարօ Աւէսեան) , իսկ դեկտեմբերին 23-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբերը պիտի մատուցեն Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան համերգ մը, որուն երգացանկը ընդգրկած է եօթը տարբեր լեզուներով դասական թէ ժամանակակից երգաշար մը:
Այս տարի լիբանանցի յառաջատար կատարողներու եւ լիբանանեան երաժշտախումբերու կողքին «Պէյրութ Չանթս» փառատօնին կը մասնակցին նաեւ եւրոպական շարք մը խումբեր, ինչպէս` Միլանոյի ակադեմիայի վեցեակը, Ֆրանսական «Քորեսփոնտանս» համոյթը եւ ուրիշներ:

