Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Թէքէեան Վարժարանի Եւ «Զարթօնք»ի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Արտաւազդ Մելքիսէթեան

Ուրբաթ, 23 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թէքէեան մշակութային միութեան, «Հրաչեայ Սեդրակեան» կեդրոնին մէջ (Ժմմէյզէ) տեղի ունեցաւ յոբելենական յատուկ հանդիսութիւն: Թէքէեան մշակութային միութեան 65-ամեակը, Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի 60-ամեակը եւ «Զարթօնք» օրաթերթի 75-ամեակը նշող եռեակ յոբելեաններուն նուիրուած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Ապա, «Զարթօնք» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Պայծիկ Գալայճեան` ողջունելով ներկաները բեմ հրաւիրեց Թէքէեան վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Րաֆֆի Յովսէփեանը, որ հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձաւ Թէքէեան վարժարանի հիմնադրութեան պայմաններն ու առաքելութիւնը: Ապա խօսք առաւ «Զարթօնք» օրաթերթի տնօրէն, Արտաւազդ Մելքիսէթեան, որ ամփոփ տողերու մէջ թուեց «Զարթօնք»-ի որդեգրած ուղին` 1937-ին հիմնադրութենէն ի վեր: Խօսելով «Զարթօնք»-ի դիմակալած դժուարութիւններուն մասին` սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ, Մելքիսէթեան խոստացաւ «դուռն ու պատուհանը լայն բանալ ու «Զարթօնք»-ը մտցնել իւրաքանչիւր հայու տուն»: «Այսուհետեւ թոյլատրելի չէ, որ «Զարթօնք»-ի էջերէն տեղ տրուի մեր ազգային միասնականութեան վնասող նուազագոյն արտայայտութեան իսկ», ընդգծեց Մելքիսէթեան: Նմանապէս նշեց, որ հայրենիքի նկատմամբ դրական քննադատութիւն պէտք է կատարել, մատնանշելով թերիները սակայն խուսափելով յուսախաբութիւն առթելէ հայրենիքին հանդէպ:

Իր կարգին, խօսք առաւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ԹՄՄ-ի հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Հրայր Հովիւեան, որ անդրադառնալէ ետք Թէքէեան մշակութային միութեան 65-ամեայ գործունէութեան հիմնական նուաճումներուն եւ առաքելութեան, պատրաստակամութիւն յայտնեց նոյն թափով ու ոգիով շարունակելու երթը:

Ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Կորիւն արք. Պապեան յաջորդաբար ընթերցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակները:

Աւարտին «Պահպանիչ»-ով մը Կորիւն սրբազան իր սրտին խօսքը փոխանցեց` շնորհաւորելով յոբելեար կառոյցները:

Իր գոհունակութիւնը յայտնելով տիրող համերաշխ մթնոլորտին համար` Կորիւն սրբազան ընդգծեց, որ եկեղեցին ու հոգեւորականը կամուրջ պէտք է ըլլան Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ` շեշտելով, որ նման յոբելեաններ առիթ են երթը շարունակելու ուխտի վերանորոգման:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Լուսինէ Տագէսեան դաշնակի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի գործերէն երկու հատուածներ, իսկ Անի Թորանեան-Գրիգորեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանէն քանի մը բանաստեղծութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES