Լիբանանի Անկախութեան Նուիրուած Եզակի Տօնակատարութիւն

Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2012-ին` կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան իւրայատուկ հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի գաղտնի սպասարկութեան Լեռնալիբանանի պատասխանատու դերգնդապետ Փիեռ Սաապի, դիմադրութեան ջոկատի քափիթեն Ռոժէ Շըտիտի, Երեսփոխանական գրասենեակի պատասխանատու պրն. Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սարգիս վրդ. Դաւիթեանի, կրթական պատասխանատուներու ու Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտութեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սանտրա Չէօլմեքեան, որ նշեց, թէ 22 նոյեմբերը անմոռանալի օր մըն է` պատիւի, ազատութեան եւ անկախութեան օրն է: Չէօլմեքեան հաստատեց, որ այսօր անկախութիւնը պահելու մարտահրաւէրը գոյութիւն ունի, եւ այս առնչութեամբ աշակերտութիւնը ունի մեծ պարտականութիւն: Ապա Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը եւ երգչախումբը (խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի) ներկայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յատագիր մը, որուն ճամբով աշակերտները արտայայտեցին Լիբանանին նկատմամբ իրենց կարծիքներն ու կեցուածքները:

Տօնակատարութեան երկրորդ բաժինով Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու դիմադրութեան ջոկատը տողանցքով սկսաւ զինուորական վարժութիւններուն ցուցադրութիւնը: Վարժարանի տանիքներէն պարաններով եւ յատուկ ձեւերով իջնելու ցուցադրութիւնը կատարելէ ետք, ջոկատը զրահապատի մը ընթացքը դադրեցնելու փորձը ներկայացուց: Վերջին բաժինով զինուորները կրակէ օղակին մէջէն անցնելու եւ ինքնապաշտպանութեան յատուկ ձեւերու փորձեր կատարեցին: Այս ոգեւորիչ մթնոլորտը աշակերտութեան մօտ յառաջացուց մեծ խանդավառութիւն:

Աւարտին, խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Լիբանանեան բանակը երկրի ապահովութեան միակ երաշխիքն է, եւ որուն բացակայութեամբ երկրին կայունութիւնը կը վտանգուի: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը յայտնեց, որ բանակը իրաւունքի պաշտպանութեան ուժն է, հայրենիքի պահապանն է, որ հպարտութեան զգացումը կը փոխանցէ լիբանանցիներուն: Կ. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն, որոնք ընդառաջեցին Մեսրոպեան վարժարանի հրաւէրին եւ իրենց ներկայութեամբ անկախութեան տօնակատարութեան տուին գոյն, եռանդ եւ իւրայատկութիւն: Այս առիթով Կրէկուար Գալուստ գնահատանքի յուշանուէր մը յանձնեց քափիթեն Ռոժէ Շըտիտին, մինչ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին աշակերտները ծաղիկներ նուիրեցին զինուորներուն:

Յայտնենք, որ ժամը 11:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական դասարաններու աշակերտները դիտեցին Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն նուիրուած երկու տեսերիզներ, որոնց մասին զեկուցեց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց քափիթեն Ռոժէ Շըտիտ:

 

Share this Article
CATEGORIES