Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ
Աւանդաբար Լիբանանի անկախութեան տօնը իւրայատուկ իմաստ ու թելադրականութիւն կը զգենու հայ վարժարանին համար, որովհետեւ հայ աշակերտութիւնը իր մասնակցութիւնը բերելով այս առիթով կազմակերպուած դպրոցական ձեռնարկին, խորքին մէջ իր քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու երախտագիտական զգացումն է, որ կ՛ուզէ յայտնել հիւրընկալ Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին:
Այս առումով, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յատուկ եղանակով տօնակատարեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր 2012¬ին, վարժարանի «Յիշատակի» սրահին մէջ:
Օրուան հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան, առաջին հերթին, 11¬րդ դասարանի աշակերտներ Սարին Էքմեքճեան եւ Անդրանիկ Կիւլվարդեան մատուցին օրուան խորհուրդը փոխանցող բանաստեղծութիւն մը (արաբերէն), ապա ցուցադրուեցաւ վարժարանի ուսուցիչ Փասքալ Ֆրզլիի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէն մը` Լիբանանի զինուորին ու անոր պաշտպանական առաքելութեան մասին, որ պատրաստուած էր:
Իր կարգին, 8¬րդ դասարանի աշակերտուհի Ծաւի Պիլալեան դաշնամուրի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը, որուն յաջորդեց 10¬րդ դասարանի աշակերտութեան մատուցումը երկու երգերու` Ժուլիա Պութրոսի «Ես ազատութիւն կը շնչեմ» եւ Ասի Հըլլանիի «Լիբանանցին» երգերը, որոնք խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ:
Ի պատիւ օրուան հիւր պատգամախօս երեսփոխան Ալի Օսէյրանի, 11¬րդ դասարանի աշակերտները, իրենց արաբերէնի ուսուցչուհիին` Ռոզեթ Հատտատի օժանդակութեամբ պատրաստած էին լսատեսողական ներկայացում մը, որուն ճամբով ամփոփ գիծերու մէջ ընդգծեցին Ա. Օսէյրանի հօր` երբեմնի լիբանանեան խորհրդարանի նախագահ Աատէլ Օսէյրանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Նախաձեռնութիւն մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ բանախօսին կողմէ:
Յատուկ այս առիթին համար հրաւիրուած երեսփոխան Ալի Օսյէրան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով ընծայուած այս պատեհութեան համար, պատմական ակնարկով մը վեր առաւ անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն կատարած արարքը, անոնց կողքին` համաժողովրդային պոռթկումի եւ կեցուածքի կարեւորութիւնը, եւ շեշտը դնելով անկախութեան գաղափարին ու անոր պահպանումի անհրաժեշտութեան վրայ, նորահաս սերունդը հրաւիրեց ըլլալու պահանջատէր ու գիտակից իր նախնեանց կտակին:
Ան նաեւ գնահատեց ու մեծապէս արժեւորեց լիբանանահայութեան ունեցած եզակի դերակատարութիւնը` Լիբանանի վերաշինութեան, քաղաքական կեանքի հունաւորման եւ առհասարակ քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն խոր գիտակցութեան:
Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանին տնօրէնը` Մարալ Տէյիրմենճեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց օրուան բանախօսին, որ իր ներկայութեամբ եւ պատգամով պատուած էր հայ վարժարանը` այս առիթով անոր յանձնելով յուշանուէր մը, Մ. Տէյիրմենճեան նաեւ շնորհաւորեց ի մասնաւորի ձեռնարկին մասնակից բոլոր աշակերտներն ու անկախութեան տօնը ընդհանրապէս:
ԹՂԹԱԿԻՑ

