Լիբանանի Անկախութեան Տօնակատարութիւնը Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Լիբանանի անկախութեան առիթով տեղի ունեցած տօնակատարութիւններէն անմասն չմնաց նաեւ Գ. Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը, որ չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին ներկայացուց կոկիկ յայտագիրով հանդիսութիւն մը, որուն նախորդած էր արդէն օրուան ընթացքին հայրենասիրական երգերու սփռումը` վարժարանի շրջափակէն ներս:

Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք, մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, միանալով վարժարանիս երգչախումբին, պատանի երգիչ Նիքոլա Տըպսի ընկերակցութեամբ երգեցին «Շու տինաք» երգը: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Ա. դասարանէն Թիա Կարապետեան եւ Սագօ Պաղտիկեան ֆրանսերէն ասմունքով` «Liban», իսկ Բ. դասարանէն Սելին Գոգեան եւ Թոմաս Քարլոս` «Mon Pays»: Անկախութեան տօնին առիթով գրուած, Լիբանանին, անոր դրօշակին ու բանակին նուիրուած արաբերէն եւ հայերէն բանաստեղծութիւններով ու երգերով ելոյթ ունեցան առաջին, երկրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք պարելով, ուրախանալով եւ լիբանանեան աւանդական զաժալով վճռակամօրէն հաստատեցին Լիբանանի մէջ հերոսներու նման անկախ ապրելու գաղափարը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց «Արեւելքի քրիստոնեաներու համախմբում»-ի անդամ, Լիոնի համալսարանէն վկայեալ փաստաբան Անթուան Գալայճեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Լիբանան անցած է քաղաքական բազմաթիւ տագնապներէ, սակայն բոլոր ժամանակներուն մէջ մնացած է տարբեր յարանուանութիւններու, մշակոյթներու եւ երկխօսութեան կեդրոնը: Ան կրցած է համախմբել բոլոր քաղաքացիները` հաւասարութեան, հաւասարակշռուածութեան եւ պատկանելիութեան ամպհովանիին ներքոյ»: Մեթր Գալայճեան իր խօսքը եզրափակեց լիբանանցիները մղելով` «փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ պահպանելու մարդկային համահաւասար իրաւունքներով քաղաքացիներու եւ յաւերժ կանգուն ու գերիշխան Լիբանանը»:

Երգախառն տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ աշակերտները ծանօթացան 1943 թուականի Լիբանանի այն ժամանակուան քաղաքական դէպքերուն եւ անկախութեան հռչակման առաջնորդող պետական եւ ժողովրդային մակարդակներով առնուած քայլերուն: Այնուհետեւ,  Լիբանանի դրօշը գովերգող եւ երկրին պետականութեան ու բանակին յոյժ կարեւոր դերը վեր առնող խօսքերով ելոյթ ունեցան 8-րդ դասարանէն Ասատուր Պասմաճեան եւ 12-րդ դասարանէն Սարին Չոպանեան: Իսկ յայտագրի աւարտին վարժարանիս պարախումբը գեղեցիկ բեմականացումով մը ներկայացուց լիբանանեան աւանդական տապքէ պարը:

Հուսկ, բեմ բարձրացաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ յայտնեց, թէ` «վիրաւոր Լիբանանը սուղ վճարած է անկախութեան տիրանալու գինը եւ ան տակաւին կը ձգտի հասնելու համար անկախութեան ամբողջական կարգավիճակին»:  Ան շնորհաւորեց լիբանանեան հայրենիքին անկախութեան տօնը եւ մաղթեց, որ բոլոր լիբանանցիները միակամօրէն եւ ձեռք-ձեռքի տուած` կերտեն Լիբանանի պատմութեան փառքը հանդիսացող իսկական անկախութիւնը: Մեծարգոյ հիւրին, գերյարգելի հայրերուն, ծնողներուն, ձեռնարկը պատրաստող ուսուցիչներուն եւ զայն շատ տպաւորիչ կերպով ներկայացնող աշակերտներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Լիբանանի անկախութեան 69-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին:

 

Share this Article
CATEGORIES