Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանին Կողմէ Անկախութեան Իւրայատուկ Նշումը
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտութիւնը Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը նշեց իւրայատուկ կերպով` ամբողջ դպրոցական օր մը անցընելով Ղոսթաի զօրանոցին մէջ, բանակի «մուժաուքալ» զօրամասին հետ:
Արդարեւ, քոլեճի նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց դասատուներուն ընկերակցութեամբ, ուրբաթ, 16 նոյեմբերի առաւօտուն ուղուեցան լիբանանեան բանակի Ղոսթայի զօրանոցը, ուր դիմաւորուեցան բանակի սպաներուն կողմէ:
Քոլեճին անունով երկրորդական բաժինէն 2 աշակերտներ ծաղկեպսակ զետեղեցին բանակի նահատակներուն նուիրուած յուշաքարին առջեւ, որմէ ետք Պալիկ Փանոսեան արաբերէն լեզուով կարդաց բանակին ուղղուած խօսքը, որուն մէջ ան կը դրուատէր բանակին կատարած զոհողութիւնները` ի խնդիր` Լիբանանի անկախութեան, նորանոր յաղթանակներ ու վերելք մաղթելով անոր:
Ապա կիրարկուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Երկրորդականի աշակերտուհի Լոռի Զեքեան մեկնաբանեց «ֆի սապահ էլ էլֆ ա՛թթալիթ» երգը, որմէ ետք յաջորդաբար հանդէս եկան քոլեճի մեծ ու փոքր աղջիկներու եւ միջակ-երկսեռ խումբերը` ներկայացնելով արաբական արտայայտչական ու «տապքէ» պարեր, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Աշակերտական ներկայացումէն ետք զօրամասի զինուորները ներկայացուցին մարտական խաղեր ու վարժանքներ: Անոնք պարաններով շէնքերէ էջք կատարեցին, մագլցեցան, քալեցին պարաններու վրայ, ու մինչեւ իսկ… օձ կերան` զարմացնելով ներկայ աշակերտները:
Հրամանատար Ժորժ Նատիր իր գրասենեակին մէջ ստանձնեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանին կողմէ իրեն յանձնուած յուշանուէրը, որմէ ետք անոնք միասնաբար հատեցին քոլեճի կողմէ տրամադրուած` լիբանանեան` դրօշակը պատկերող կարկանդակը:
Յայտագրի աւարտին զօրամասին հրամանատարութիւնը ծոթրինով հաց ու պտուղի հիւթ հիւրասիրեց ներկայ աշակերտներուն, որոնք, նախաճաշելէ ետք, բանակին փոխադրակառքերով շրջեցան զօրանոցին մէջ:
Հաճելի ու հետաքրքրական օրուան աւարտին աշակերտները դպրոց վերադարձան ուրախ տրամադրութեամբ ու դրական տպաւորութիւններով:

